
ԵՐԵՒԱՆ․- Յունիս 1-ը երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային օրն էր եւ այս առթիւ «Դիմադրութիւն» բողոքի շարժման ցուցարարները փողոց դուրս եկան իրենց զաւակներով։ Ցուցարարներու գերակշիռ մասը կը բաղկանար իգական սեռի ներկայացուցիչներէ, որոնց հետ էին մեծ թիւով անչափահասներ։ Ընդդիմադիր ցուցարարները այսպէսով հերթական անգամ արտայայտեցին իրենց մտահոգութիւնն ու ցասումը՝ իշխանութեան կողմէ որդեգրուած քաղաքականութեան կապակցութեամբ։
Երեխաները կը ծածանէին Հայաստանի եւ Արցախի դրօշները: Քայլերթի խորհուրդն էր՝ «Արժանապատիւ ապագայ անվտանգ հայրենիքում»:
Հանրապետության հրապարակի Հ․Հ․ կառավարութեան շէնքի մօտ երթի մասնակիցները կանգ առին եւ երեխաները գունաւոր կաւիճներով ներկեցին Արցախի եւ Հ․Հ․ դրօշները, ինչպէս նաեւ կատարեցին՝ «Ես ուզում եմ հայ մնալ», «Արցախը հայկական է» եւ այլ բովանդակութեամբ գրառումներ: