Քաղաքական Վերածնունդ` Վերականգնել Մեր Բնութեան Լաւագոյն Կողմերը

0 0
Read Time:7 Minute, 51 Second

ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ

Վերջին տասնամեակին ականատես կ՛ըլլանք իւրայատուկ նորութեան մը` տարբեր գիտութիւններու հոգեբանութեան, մարդաբանութեան, նեարդաջղաբանութեան եւ եղափոխութեան կենսաբանութեան յայտնաբերումներու համադրութեան: Այս բոլոր բնագաւառներուն մէջ գիտահետազօտութիւնները ցոյց կու տան մէկ եզրակացութիւն, որ մարդը, «զարմանալիօրէն անսովոր էակ է, երբ կը համեմատենք անոր այլ կենդանիներու հետ»: Խօսքը կը վերաբերի այստեղ մարդու` մեր զարմանալի աստիճանի այլասիրութեան: Մենք` իբրեւ մարդ, մեր մէջ կը կրենք ուրիշներու կարիքներու նկատմամբ անզուգական զգայունութիւն, ուրիշներու բարեկեցութեան մասին մտահոգութեան իւրայատուկ մակարդակ, եւ դեռ աւելի՛ն, մեր այս միտումները ընդհանրացնելով ու կիրարկելով` բարոյական չափանիշներ ստեղծելու  անհերքելի ունակութիւն: Կարճ խօսքով` այլասիրութիւն:

Մենք իբրեւ մարդ էակներ, կաթնասուններու շարքին, նաեւ բարձրագոյն աստիճանի համագործակցողներն ենք: Շնորհիւ համագործակցելու մեր ձիրքին, մենք, իբրեւ մարդ, վերապրեցանք բնութեան խիստ պայմանները, հակառակ անոր որ մենք աւելի թոյլ եւ դանդաղ էինք, քան` մեր գիշատիչները, եւ նոյնիսկ` մեր որսերուն մեծ մասը, եւ այս` շնորհիւ փոխադարձ օգնութեան մեր իւրայատկութեան զարգացումին: Անխտիր համագործակցելու այս յորդորը առկայ է մեր բոլորին ուղեղին մէջ եւ մեզի հասած է այսօր բնական ընտրութեան միջոցով: Հետեւաբար այլասիրութեան եւ համագործակցութեան մեր իւրայատուկ միտումները կը հանդիսանան մարդկութեան հիմնարար յատկութիւնը:

Բայց այսօր կը թուի, թէ  բան մը ահաւոր սխալ ընթացքի մէջ է:

Մեր մարդկային այս դրական յատկութիւնը որոշակի ուժերու կողմէ խափանուած է, բայց թերեւս ամենահզօր խափանիչ ուժը մեր ժամանակներու գերիշխող քաղաքական պատումն է: Մենք ակամայ ինկած ենք ծուղակը եւ կը գործադրենք քաղաքական գործիչներու, տնտեսագէտներու եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ լրագրողներու կողմէ անխափան տարածուող ծայրայեղ մրցակցութեան եւ անհատապաշտութեան գաղափարները:

Այս գաղափարախօսութիւնները մեզ` մարդկիկը կը հանեն իրարու դէմ, կը խրախուսեն մեր լուռ վախերը եւ կը վերացնեն վստահութիւնը: Աւելի՛ն.  անխուսափելիօրէն կը թուլացնեն կեանք իմաստաւորող մեր միջընկերային կապերը: Մրցունակութեան եւ անհատի ինքնաիրագործման պատումը այնքան յաճախ պատմուած է մեզի, եւ` այնքան համոզիչ ձեւով, որ մենք արդէն ընդուներ ենք այն որպէս մեր ինքնութեան վերջնահաշիւ` թէ ո՛վ ենք մենք: Անիկա փոխեր է մեր ընկալումը մեր մասին: Սկսեր ենք հաւատալ, որ մենք ինքնասէր ենք, անհատապաշտ ենք եւ, հետեւաբար, մենք փոխեր ենք աշխարհի ընկալման մեր ձեւը եւ  մեր վարուելաձեւը :

Այս գաղափարախօսութեան օգնութեամբ եւ նորազատական պատումի շահագործմամբ, մենք կորսնցուցեր ենք մեր ընդհանուր նպատակը: Այս պատճառով այսօր բոլորս ալ կը տառապինք հաւատքի կորուստով (կրօնական հաւատքի մասին չէ խօսքը) մենք կորսնցուցեր ենք փոփոխութեան ուժ կրողի մեր հաւատքը:

Ի՛նչ խօսք` ասիկա համազօր է որպէս մարդու մեր լաւագոյն ներուժի խափանման` մարդոց միջեւ ընդհանուր հիմք գտնելու ներուժի խափանմանը,  այսինքն` վտանգները կանխատեսելու, միաւորուելու, պայքարելու եւ վտանգները միասնաբար յաղթահարելու մեր հաւաքական ուժի խափանման: Մեզ աղճատելով` անհանդուրժողական եւ բռնարար ուժեր հնարաւորութիւն ձեռք բերեր են լեցնելու քաղաքական դատարկուած տարածքը: Ուրեմն զարմանալի չէ, որ մենք բռնուած ենք օտարումի եւ յետաշրջումի  թակարդին մէջ: Մենք որպէս մարդ արարածներ` բռներ ենք նահանջի ու ինքնաքայքայման ուղին, նաեւ` որպէս հայ մարդ:

Սակայն միասնական ուժով մենք կրնանք  վերակենդանացնել հաւաքական մեր կեանքը. յիշենք, որ մենք ենք բոլոր պատումներուն հերոսները, մենք կրնանք կոտրել մեզի պարտադրուած  այս արատաւոր փակ շրջանակը: Միասնականութեան եւ պատկանելիութեան զգացումներու մեր ներքին հզօրութիւնը լարելով`  մենք կրնանք վերստին կեանքի կոչել մարդկային մեր հիմնական արժէքները` մեր այլասիրութիւնը եւ փոխադարձ օգնութեան ինքնածին միտումը: Հասարակութեան տարրական իրաւունքները վերականգնելով, կառուցելով այն վայրերը, ուր  մենք կ՛ապրինք, եւ խարսխուելով մեր համայնքի քաղաքական եւ տնտեսական կեանքին մէջ` մենք կրնանք վերականգնել մեր բնութեան լաւագոյն կողմերը: (Համայնք բառը այստեղ կ՛օգտագործեմ ոչ որպէս կրօնական համայնք, այլ` միատեղ ապրող մարդոց խումբ) :

Եթէ մեր շրջապատին մէջ կը տիրէ բեկորացում. հիւլէացում, ապա որպէս պատասխան` մենք կը ստեղծենք բարգաւաճ քաղաքացիական կեանք: Եթէ կայ օտարում, ապա մենք կը ստեղծենք պատկանելիութեան նոր զգացում` հարեւանի, հարեւանութեան եւ հաւաքականի վերընձիւղում: Համայնքային ծրագիրներով կը խթանենք աշխուժ մասնակցութեան նոր մշակոյթ: Նոր հասարակական  ձեռնարկութիւններով կ՛ուժեղացնենք մեր իրարու կապուած ըլլալու զգացումն ու խնդիրներու վերահսկողութիւնը մեզի պահելու անքակտելի իրաւունքը:

Եթէ մենք կը գտնենք, որ մենք սեղմուած կամ ճզմուած ենք մէկ կողմէ` շուկայի եւ միւս կողմէ` պետութեան միջեւ, ապա մենք կրնանք զարգացնել տնտեսական նոր համակարգ, որ յարգանքով կը վերաբերի թէ՛ մարդոց, եւ թէ՛ մեր մոլորակին նկատմամբ: Ժամանակն է, որ մեզի կտակուած կտոր մը հողին նայինք նոր աչքերով. «Environmentalism»-ը որպէս աշխարահայեացք  իւրացնելու ժամանակն է: Մենք մեզի կտակուած այս փոքրիկ հողին վրայ կը կառուցենք նոր համակարգ` հիմնուած մեր մէջ բոլորովին անտեսուած, բայց շատ հիմնարար քաղաքական տնտեսութեան ըմբռնումի մը վրայ, խօսքս կը վերաբերի համայնքային հասարակաց իրաւունքներու (The Commons)1:

Կը ստեղծենք համակարգ մը, ուր տեղական պաշարները կը ղեկավարուին համայնքներու կողմէ` ապահովելով հարստութեան  լայն բաժանումն ու տարածումը: Համընդհանուր հարստութիւնները կ՛օգտագործենք ֆինանսաւորելու համար համամարդկային մեր կարիքները,  պահպանելով պետական ընդհանուր դրոյթը, որ մեր բոլորի անվտանգութեան ու կայունութեան երաշխիքն է:

Ուր որ մենք կ՛անտեսուինք եւ կը շահագործուինք, ապա այնտեղ մենք կը վերականգնենք ժողովրդավարութիւնը եւ ձեռք կ՛առնենք քաղաքականութիւնը: Ընտրական համակարգը կ՛ապահովենք նոր մեթոտներով ու կանոններով, ուր իւրաքանչիւր քուէ ունենայ իր հաշուարկը, եւ ուր  ֆինանսական ուժերը երբեք չկարենան յաղթել քաղաքական ուժերուն: Կ՛ուժեղացնենք ներկայացուցչական ժողովրդավարութիւնը` մասնակցային ժողովրդավարութեան շնորհիւ, ինչ որ մեզի թոյլ կու տայ ճշդորոշելու քաղաքական մեր նախընտրանքները: Որոշումներու կայացումը կը վերադարձնենք քաղաքական ամենափոքր միաւորներուն` մարդոց:

Մեր քաղաքական նոր մշակոյթը այնքան ուժեղ պէտք է ըլլայ, որ կարենայ ներգրաւել բոլոր տեսակի մարդիկը, դիմանայ ընկերային բազմազանութեան` մարդոց ծագման, կեանքի փորձի, գաղափարներու եւ ապրելաոճի բազմազանութեան: Մենք այլեւս պէտք չէ վախնանք այն մարդոցմէ, որոնք կը տարբերին մեզմէ: Մեր քաղաքական նոր մշակոյթը  մեզի կու տայ ուժ եւ ինքնավստահութիւն` մերժելու ատելութիւն սերմանելու բոլոր փորձերը:

Հասարակութիւնը վերականգնելու, քաղաքացիական կեանքը վերանորոգելու եւ աշխարհի մէջ մեր տեղը ապահովելու միջոցով մենք կը կառուցենք այնպիսի հասարակութիւն մը, ուր կը վերադարձնենք մեր մարդկային իւրայատուկ բնոյթը` մեր այլասիրութիւնը, էմփաթին եւ խոր կապուածութիւնը: Եւ ես  այս պատումին  համար կ՛առաջարկեմ նոր անուն մը` պատկանելիութեան քաղաքականութիւն:

Այս գործի որոշ երեսներ կրնանք սկսիլ առանց սպասելու որեւէ իշխանափոխութեան: Համայնքներուն մէջ տեղակայուած քաղաքականութեան արժանիքներէն մէկն ալ այն է, որ դուն պէտք չունիս ազգային մեծ շարժում սկսելու: Սակայն պէտք է խոստովանիլ նաեւ, որ  այսպիսի ծրագրի որոշ  երեսներ կախեալ են քաղաքական աւելի լայն փոփոխութիւններէ:

Հիմա որպէս ընթերցող` կրնաք առարկել, որ այս բոլորը իմ վառ երեւակայութեանս խաղերն են եւ, հետեւաբար, անյուսալի երազ:

Բայց մեր շուրջ կան նաեւ գործող մոտելներ. մեծածաւալ լայն կամաւորական կազմակերպչական մոտելը յուսալի փոխակերպիչ մէկ օրինակ է: Մեծ ծախսերու, մեծ տուեալներու  եւ մեծ աշխատակազմի փոխարէն` մենք կրնանք յենիլ կամաւորներու լայն ցանցերու վրայ, որոնց  առաջին դերակատարութիւնը պէտք է ըլլայ նոր կամաւորներու  վերապատրաստումն ու վերահսկումը: Գումարներ հաւաքելու եւ պիւտճէ կազմակերպելու փոխարէն` պէտք է կեդրոնանալ մարդիկը կազմակերպելու գործին վրայ: Աշխատանքի այս մոտելը կենդանի փորձ է, որուն  մանրամասներութիւններուն մեծ մասը կը մշակուի գործի ընդմէջէն եւ գործի ընթացքին:

Պէտք է յիշենք, որ մարդիկ մեծ մասամբ տաղանդաւոր են ու նաեւ` պարտաճանաչ. եթէ մենք  իսկապէս իրենց տանք ռազմավարութեան վերահսկողութեան գործը, ապա այդ գործը կ՛իմաստաւորէ իրենց կեանքը. գործը կամաւորին դուրս կը բերէ իր անդամալուծուած ներաշխարհէն (ուր մենք բոլորս կը գտնուինք) դէպի այն աշխարհը, ուր մենք կ՛ուզենք ըլլալ: Այստեղ նպատակն է  իշխանութեան վրայ գտնուող մարդկիկը փոխարինել այլ մարդոցմով, որոնք իրապէս կը  ներկայացնեն ժողովուրդը: Ես, իրօք, կը հաւատամ, որ մարդիկ կ՛ուզեն մեծ բաներու վրայ աշխատիլ: Անոնք կ՛ուզեն իրենց ժամանակը տրամադրել մեծ եւ արժանի բանի մը վրայ, որ թերեւս կրնայ լուծել իրենց խնդիրները` ամրագրել հայրենիքի ապահովութիւնը, վերակառուցել տնտեսութիւնը, բարեփոխել քրէական արդարադատութեան համակարգը եւ դեռ ամբողջ փունջ մը այլ հարցեր:

Momentum- ի աջակցութեամբ աշխատելու մեթոտը դեռ իր մանկութեան մէջ է մեր  մօտ: Եթէ ունինք մեծ տեսլական, բայց չենք  կրնար հաւաքել այնպիսի մարդոց պազա, որոնք պատրաստ են աջակցելու այդ տեսլականին, ապա այդ տեսլականը չ՛ունենար ո՛չ հետեւորդներ, ո՛չ ալ զանգուածային ներգրաւուածութիւն:

Այն ատեն  պէտք է հրաժարինք մեր գաղափարներէն կամ հետապնդենք անիկա այլ կերպով, կամ ալ լրիւ ձգենք անիկա եւ հետեւինք ուրիշի գաղափարներուն: Մեր քաղաքական  արշաւը պիտի կարենայ էսթապլիշմընթին դէմ երթալ եւ երթալ աւանդական քաղաքական իմաստութեան դէմ, քանի որ մենք ֆինանսական մեծ միջոցներու տէր չենք: Շատ յաճախ մենք կը սպասենք հիմնադրամի, գումարներու յառաջացման կամ մեր գաղափարները հետապնդելու ատակ կազմակերպութեան մը ստեղծման… եւ, հետեւաբար, տեսլականը կը մնայ ամուլ: Մենք պէտք ունինք սեփական անդամներով առաջ մղուող, փոքր ծաւալի ֆինանսաւորումերով, շարժման ուղղուածութիւն ունեցող կազմակերպութեան:

Ճիշդ է, մենք` ՀՅ Դաշնակցութիւնը , ունինք կայուն անդամական հաստատութենական կառոյց, բայց մենք չունինք հանրային կայուն կառոյց, մեր գործին զանգուածային մասնակցութիւն ապահովող կառոյց:

Մենք այս նոր շարժման մղիչը պիտի ըլլանք: Մենք շարժման մղիչը չենք: Առայժմ: Միայն այն ատեն, երբ մենք յաջողինք գործով փաստել, որ կ՛աշխատինք բոլորին համար, կը խոստանանք լիարժէք կեանք ապահովել բոլորին, միայն այն ատեն է, որ կը բարելաւուի մեծ թիւով  մարդիկ ներգրաւելու հրամայականը :

Կազմակերպչական լայն մոտելի աջակցութեամբ, օգտագործելով հեռահաղորդակցական եւ հեռախօսային խմբակները եւ համակարգուած ձեւով դուռ թակելով` կարելի է աշխատիլ որեւէ հաւաքականութեան մէջ, այնտեղ, ուր որ կը պահանջուի անսակարկ ժողովրդավարութիւն:

Սակայն այստեղ նկարագրածս համապարփակ մեթոտներէն ոչ մէկը կրնայ յառաջացնել իմաստալից եւ երկարատեւ փոփոխութիւն, եթէ անիկա չօգտագործուի նոր, համաձայնեցուած քաղաքական պատումի հետ միատեղ:

Մարդոց մեծամասնութիւնը ընկերային ուղղուածութիւն ունի, ուրիշին հասկցող, համակիր այլասէր: Մարդոց մեծամասնութիւնը կը նախընտրէ ապրիլ այնպիսի աշխարհի մէջ, ուր բոլորը յարգանքով եւ արժանապատուութեամբ կը վերաբերին իրարու հետ, եւ  ուր ոչ ոք  կը հարկադրուի ի զուր վատնել սեփական կեանքը կամ  բնութեան բարիքները: Բայց կայ մարդոց խումբ մը, որ օգտագործելով սուտը, ապատեղեկատուութիւնը, քաոսն ու  մտքերու խառնաշփոթը` կը փորձէ առեւանգել մեզ եզակի դարձնող համակեցութեան մեր բնածին միտումը: Եթէ մենք կարենանք զօրաշարժի ենթարկել լուռ մեծամասնութիւնը, ապա այս փոքրիկ փոքրամասնութիւնը չի կրնար մեզ կանգնեցնել: Բայց մենք տակաւին չենք կրցած հասկնալ, թէ ի՛նչ պէտք է ընել. առաջին հերթին մենք պարտաւոր ենք  մեր յոգնած քաղաքական պատումերը փոխարինել փոխակերպման եւ վերականգնման նոր ու  գրաւիչ պատմութեամբ. մը մինչեւ այդ գործը չաւարտենք, մենք չենք կրնար գործի դնել մեր ներուժը: Երբ մենք կը վերափոխենք մեր երեւակայութիւնը, բացայայտենք գործելու մեր ուժի աղբիւրն ու ուղղութիւնը , ահա այն պահուն արդէն կը հասնինք այն կէտին, որ մեզ կանգնեցնելը կը դառնայ անկարելի:

 

  1. Համայնքային, ընդհանուր հարստութիւնը ամբողջ աշխարհի նիւթական հարստութիւնն է հասարակութեան բոլոր անդամներու համար հասանելի մշակութային եւ բնական պաշարներն են, ներառեալ բնական նիւթերը, ինչպիսիք են` օդը, ջուրը հողը եւ սերմը, եւ` բնակելի Երկիրը: Այս պաշարները կը պահուին որպէս ընդհանուր, ոչ մասնաւոր: Մէկ խօսքով, բնութեան ամբողջ առատութիւնը կը համարուի  որպէս մարդկութեան ժառանգութիւն: Այստեղ ես կը ներառեմ նաեւ գիտութիւնն ու գիտելիքը` որպէս ընդհանուր հարստութիւն:, Այս համապարունակին մէջ կարելի է երթալ հռոմէական իրաւաբանական կանոններուն, ուր կը կիրարկուէր բոլորին համար հասկացողութիւնը,  ընդհանուրին համար օգտագործուող եւ բոլորին համար վայելելու, ի տարբերութիւն հանրային կառավարման, որ կը կառավարուի հանրային սեփականութիւն հանդիսացող գոյքի նկատմամբ:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles