ՏԻԿԻՆ ՄԱՐԻ ՄԵՐՏԽԱՆԵԱՆ -ԵԱՐԱԼԵԱՆ Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ

0 0
Read Time:1 Minute, 3 Second

amer

Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Հովիւ, Հոգաբարձութիւն եւ Շաբաթօրեայ Վարժարանի Խնամակալութիւն ուրախութեամբ կը հաղորդեն, որ տիկին Մարի Մերտխանեան-Եարալեան Սուրբ Լուսաւորիչ Շաբաթօրեայ Վարժարանի տնօրէնուհի նշանակուած է:

Տիկ. Մարի Մերտխանեան-Եարալեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա: Աւարտած է Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանը: Եղած է Հալէպի Պետական Համալսարանի Իրաւաբանական բաժնի ուսանող: Հինգ տարի հետեւած է Հալէպի Մխիթարեան Վարժարանի Հայագիտական դասընթացքներուն: Կարճ ժամանակով եղած է Երեւանի Պետական Համալսարանի բանասիրական բաժնի ուսանող: Որպէս հայ լեզուի եւ կրօնի ուսուցչուհի պաշտօնավարած է Ազգային Կիւլպէնկեան Վարժարանի մէջ: 1993-2003 մաս կազմած է Հալէպի միակ հայերէն թերթի` “Գանձասար“-ի խմբագրութեան: 1998-2003 եղած է թերթի գլխաւոր խմբագիր: 1994-2002, Թուրքիոյ շուրջ յօդուածներով աշխատակցած է Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ` “Դրօշակ“-ին: Միութենական զանազան պաշտօններու կողքին, եղած է Բերիոյ Թեմի Ուսումնական Խորհուրդի անդամ, մօտէն հետեւելով Սուրիոյ տարածքին գործող ազգային վարժարաններու գործունէութեան:

2003 թուականին տեղափոխուած է Նիւ Եորք եւ այստեղ հետեւած է Paralegal-ի դասընթացներու եւ ստացած համապատասխան վկայական: 2008-2010, պաշտօնավարած է Ս. Լուսաւորիչ Ամէնօրեայ Վարժարանին մէջ:  Ներկայիս իրաւաբանական գրասենեակի մէջ Paralegal-ի պաշտօն կը վարէ:

Մայր Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ` Արժ. Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեան, իր ուրախութիւնը յայտնելով ըսաւ. “Վստահ ենք, որ Տիկին Մարի Մերտխանեան-Եարալեանի հայագիտական եւ ուսուցչական հարուստ վաստակը մեծապէս օգտակար պիտի հանդիսանան մեր աշակերտներուն հայեցի կրթութեան եւ դաստիարակութեան: Սրտանց յաջողութիւն կը մաղթենք Տիկ. Եարալեանին իր այս նուիրական առաքելութեան մէջ“:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles