
Յ. Պալեան
Բոլոր անոնք որոնք քաղաքականութեան կրկէսը կը մտնեն, բարիք կը գործեն իրենք իրենց անձին, շրջապատին եւ համայն մարդկութեան, եթէ աշակերտեն իրենցմէ առաջ այդ կրկէսէն անցած մարդոց:
Կ’ըսեն, թէ գիտութիւնը կը գումարուի դարերու ընթացքին, պէտք է աւելցնել՝ բացի քաղաքական իմաստութենէն, որովհետեւ փորձը կը սկսի իւրաքանչիւր նոր փառասիրութեան հետ:
Եթէ գիտնայինք եւ գիտնան հեռու եւ մօտ աշխարհներու քաքականութեան կրկէսներուն մէջ խաղցողները, թէ ինչե՜ր ըսած են իրենց նախորդները, անմիջապէս կ’ապաստանէին վանք մը կամ… իրենց ձեռք բերած տաչան… մի՛ հարցնէք ինչպէ՞ս…
Ֆրանսայի եւ քիչ մըն ալ աշխարհի պատմութեան ծանօթ դէմքերէն է Ժորժ Քլեմանսօ (1841-1920), որուն ժողովուրդը տուած էր ՎԱԳՐ եւ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՀԱՅՐ անուանումները: Եղած է անկախ քաղաքական գործիչ, նախարար եւ Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին՝ վարչապետ: Այս մեծ մարդուն մտածումները այսօր կրնան իմաստութիւն ներշնչել բոլոր անոնց, որոնք քաղաքական փառասիրութիւններ ունին, որոնք դիրքերու տենչանք ունին, անոնց տիրացած են եւ կ’ուզեն յաւերժանալ հոն՝ ուր կը գտնուին, խորհելով, որ առանց իրենց քաղաք, երկիր եւ մոլորակ անտէր կը մնան, աղէտի կը մատնուին:
Իր միտքերէն մին յաճախ յիշած եմ: Կ’ըսէ. «Գերեզմանատուները լեցուն են անփոխարինելի մարդոցմով, որոնք բոլորն ալ փոխարինուած են»: Եթէ այս մասին մտածեն մեծերը եւ նուազ մեծերը, որոնք Լա Ֆոնթէնի առակի գորտին պէս կ’ուզեն կով ըլլալ, կ’ուռին եւ կը պայթին, վնասելով նաեւ շրջապատին, թերես երկիրներ եւ աշխարհ նուազ ցաւերով եւ արիւնայեղութեամբ կ’ապրէին: Կեանքը եւ ընկերութիւնը կը նմանին միշտ կեղտոտող եւ ինքզինք տեւաբար մաքրող ովկիանոսի:
Առաջին դարու իմաստասէր Սենեկա (Sénèque) կ’ըսէ, թէ «չարին դարման բնաւ չկայ, երբ երէկի մոլութիւնները դարձած են այսօրուան բարքերը»: Քաղաքական մեծ եւ պզտիկ փառասիրութիւնները, խտրութիւն չդնելով միջոցներու միջեւ, ապականած են սկզբունքով ժողովուրդին ծառայելու կոչուած քաղաքականութիւնը, դարձած մեր օրերու մոլութիւն եւ բարք: Այդ երեւոյթին է, որ ուրիշ բառերով կ’անդրադառնայ Քլեմանսօ, տասնինը դար ետք: Կը մտածեն՞նք, որ քաղաքական կիրքը կը խաթարէ հոգիները եւ կ’ապակայունացնէ ընկերութիւնները, քանի որ քաղաքականութեան սանդուխով բարձրանալու ընթացքին մեր առջեւը գտնուողը պէտք է վար ձգենք, այս կամ այն ձեւով սպանենք: Արդարեւ, Քլեմանսոյի երգիծանքը դառն է, եւ մարդիկ իրենց ականջները կը խցեն: Կ’ըսէ. «Քաղաքականութեան մէջ կը յաջորդենք տխմարներու եւ կը փոխարինուինք անկարողներով»: Եւ անդադար կը փոխարինուինք եւ կը փոխարինենք: Եթէ այդպէս չըլլար կացութիւնը, հակամարտութիւններ եւ թշուառութիւն անհետացած պիտի ըլլային:
Աշխարհի մէջ ամէն օր կը բեմադրուին իրաւ, կեղծ եւ թատերական ժողովրդավարական ընտրութիւն-քուէարկութիւններ, մարդիկ յանկարծ կը զգան, որ կարեւոր են եւ ուրիշներէ նուազ կարեւոր չեն: Օր մը եթէ լսած ըլլային Քլեմանսոյի խօսքերը, դիմակները վար կ’առնէին: Այս մասին Քլեմանսօ դիպուկ եւ այնքա՜ն ճշմարիտ խօսք ունի. «Երբեք այնքա՜ն սուտ չենք խօսիր որքան ընտրութիւններէ առաջ, պատերազմի ընթացքին եւ որսէ ետք»: Խորանէն խօսող քահանան պիտի ըսէր՝ առակս ցուցանէ, ինչպէս միշտ, եթէ լսող ըլլայ:
Քաղաքական ղեկավարի աւագ պարտականութիւնը ծառայութիւնն է: Այս է սկզբունքը: Քլեմանսօ սահմանած է այդ աւագ պարտականութիւնը, որ կը մոռցուի մրցակցութիւններու, պայքարներու եւ կրկնուող-ծամծմուող անհատներու արտաբերած բառերու հեղեղին մէջ: Քլեմանսոյի քաղաքական իմաստութիւնը պարզ է եւ ժողովուրդին կողմէ այդ կ’ակնկալուի: Կ’ըսէ. «Կառավարութեան առաքելութիւնն է ընել այնպէս, որ լաւ քաղաքացիները հանգիստ ըլլան, եւ գէշերը՝ չըլլան»: Այս նոյնիսկ Օրէնքի Պետութիւն ունեցող երկիրներուն մէջ, ըսենք նաեւ՝ մեր փոքրիկ երկրին, ուր կան կրակոցներ եւ բազմապատկուող վթարներ: Որպէսզի լաւերը հանգիստ ըլլան, չարիքները պէտք է կանխուին, կանխուէին:
Քաղաքական փառասիրութիւններ շոյող գործիչները թէ մտածէին թէ որքա՜ն փուչիկ են անոնք, նուազ զիրար կը կոխկրտէին: Նոյն Քլեմանսօն կըսէ նաեւ, որ «նախարարութեան մը սանդուխները կը նմանին վայրի մը, ուր մարդիկ կը հասնին ուշ, հանդիպելով մարդոց՝ որոնք կանուխ կը մեկնին»: Այսինքն, գացողին եւ եկողին գործը պիտի ըլլայ անբաւարար, պիտի համարուի անբաւարար, պատմական փորձերը բազմաթիւ են: Պատերազմի ընթացքին առիւծ համարուած յաղթական Անգլիոյ վարչապետը չընտրուեցաւ… Եւ քաղաքական կեանքը կը շարունակուի, մին կ’երթայ, միւսը կու գայ, բեմի վարագոյրը կ’իջնէ եւ կը բաձրանայ, թատերախաղը կը շարունակուի, եւ ոչ ոք կ’ընդունի թէ սխալած է, սխալ գործած: Յաղթանակ կերտած Քլեմանսօ ամենայն պարզութեամբ կ’ըսէ, որ «Ամէն մարդ կրնայ սխալներ գործել եւ զանոնք վերագրել ուրիշի. այդ կը նշանակէ քաղաքականութիւն ընել»: Մեծ բառերու ետին գտնուող մարդկային կատակերգութեան պզտիկ պատմութիւնը:
Քլեմանսօ չի մոռնար քաղաքական վարչամեքենային օղակները բանեցնող պետական պաշտօնեաները, որոնք կը մնան երբ ուրիշներ կ’երթան, կու գան, նստած կ’ըլլան օդին մէջ արձակուելիք (ejectable) աթոռներու վրայ: Անոնց համար կ’ըսէ, թէ անոնք, «պետական պաշտօնեաները աշխարհի լաւագոյն ամուսիններն են. երբ երեկոյեան տուն կու գան յոգնած չեն ըլլար եւ թերթն ալ կարդացած»… Կը զարմանամ, որ Քլեմանսօ երգիծական գրականութիւն չէ փորձած:
Այս հարցերուն մասին չենք մտածեր երբ երիտասարդ ենք, երիտասարդները չեն մտածեր, քանի որ, ինչպէս կ’ըսէ մեծ գրող Վիրճինիա Վուլֆ, «Երբ շատ երիտասարդ ենք, անգիտութիւնը կը սնուցանէ յոյսը»:
Ոչ լաւատեսութիւն, ոչ յոռետեսութիւն: Պճեղ մը իրատեսութիւն պերճանք չէ, պէտք չէ ըլլայ:
Բայց այսպէս կ’ընթանայ կեանքը, նաեւ հայկական կեանքը, թաղապետէն քաղաքապետ, ատենապետ, նախագահիկներ եւ տնօրէն, պետեր, պատգամաւոր եւ նախարար կամ նախագահ:
Թերեւս կեանքը առանց աղի ապուրի պիտի նմանէր եթէ բեմին վրայ շորորային միայն առօրեականի անակնկալ չունեցող պատկերներու հերոսները…
Հայկական թաղամասի մը մէջ կամ եկեղեցիին շուրջ, կամ պետական իրարանցումի մէջ, միշտ պէտք է գիտնալ, թէ ո՞ւր է բեմը եւ ո՞ւր է կեանքը: