
Սեպտեմբերի աւարտին եւ Հոկտեմբերի սկիզբը, Նիւ Եորքի, Սան Ֆրանսիսքոյի եւ Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցաւ Հայերը եւ Յառաջդիմական Քաղաքականութիւնը համաժողովի չորրորդ հանդիպումը:
2006-ին սկիզբ առած այս նախաձեռնութիւնը, որուն շարունակականութիւնը բարացուցական է անոր գտած յաջողութեան, Հ. Յ. Դաշնակցութեան ամերիկեան ցամաքամասի կազմակերպական կառոյցներու մտայղացումն է, եւ, փաստօրէն, իրերայաջորդ հանդիպումները իրականացած են Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներու հայաշատ կեդրոններուն մէջ, ներառեալ, ի շարս վերոյիշեալ քաղաքներուն, նաեւ Պուէնոս Այրէսն ու Պոսթընը: Անոր նպատակը, ինչպէս խորագիրը ցոյց կու տայ, հայ ժողովուրդի պատմական գործընթացի ներկայ հանգրուանն ու անոր հեռարձակումը ընթացիկ դարուն մէջ, քաղաքական հոլովոյթներու ընկալում/հասկացողութեան, մեկնաբանութիւն/բացատրութեան, ինչպէս նաեւ “Ի՞նչ ընել“ հարցում-յանձնառութեան յառաջդիմական գաղափարախօսութեան տեսադաշտին մէջ վերլուծելն է: Այդ նպատակով, նախ բնականաբար անհրաժեշտ էր համաժողովները Հայաստան-Սփիւռք հանդիպման միջավայրի վերածել, ապա նաեւ “յառաջդիմութիւն“ հասկացողութիւնը տեղադրել քսանմէկերորդ դարու պայմաններու տրամաբանութեան մէջ, եւ, վերջին հերթին, դասեր քաղել այլ ժողովուրդներու եւ հասարակութիւններու փորձառութենէն:
Նման նախաձեռնութեան կարիքը, անշուշտ, կը զգացուէր հայրենի սոցիալ-տնտեսական իրավիճակի պարզ վերլուծումով մը. նոյնիսկ Հայաստանի տնտեսութեան պղպջակային զարգացման այդ տարիներուն ան որ տեսնել կ՛ուզէր, չէր կրնար աննկատ ձգել հարստութեան եւ իշխանութեան խիստ կեդրոնացման, ինչպէս նաեւ հասարակութեան ունեցող/չունեցողի բեւեռացման, կնոջ հանդէպ բռնութեան, միջավայրի վայրագ թալանման, ծինային անհանդուրժողութեան, համատարած փտտածութեան եւ այլ նման երեւոյթներ: Միաժամանակ անհրաժեշտ էր վերամտածել Սփիւռքը յառաջդիմական հասկացողութեան տեսանկիւնէ եւ, մասնաւորաբար, Սփիւռք-հայրենի հասարակութիւն փոխադարձ հաղորդակցութեան ու համագործակցութեան ենթահող ստեղծել: Բոլոր այս թեմաները նոր էին ցարդ առաւելաբար ազգային հարցի լուծման վրայ կեդրոնացած հայ քաղաքական մտածողութեան համար, բայց նաեւ համաշխարհային մասշտապով իրողութիւններ էին որոնք օրը օրին կ՛ապրէր հայութիւնը ե’ւ Հայաստանի, ե՛ւ Սփիւռքի մէջ, ինչ որ կը բացատրէ համագումարին հանդէպ առաջացած հետաքրքրութիւնը ամենուրեք: 2008/2009 բեկումային տարիներ եղան իրարու հետ զուգադիպաբար առընչակից երկու իրարդարձութիւններու. մէկ կողմէ այսպէս կոչուած “ֆութպոլային դիւանագիտութիւն“ն ու հայ-թրքական փրոթոքոլները, եւ, միւս կողմէ, համաշխարհային ֆինանսական տագնապը եւ անոր հետեւանքով առաջացած ներկայի տարօրինակ բայց արմատաւորուած ճգնաժամը: Կը թուի թէ ի մասնաւորի առաջին իրադարձութիւնն ու անոր ժողովրդային հակազդեցութիւնը նախ Սփիւռքի, ապա եւ Հայաստանի մէջ ազգային հարցին կրկին բացարձակ առաջնահերթութիւն պիտի տար: Բայց այդպէս չեղաւ, նախ որովհետեւ փրոթոքոլներու գործընթացը սառեցուեցաւ Նախագահին կողմէ 2010ին, բայց նաեւ ու մանաւանդ համաշխարհային ճգնաժամի պայմաններուն մէջ սոցիալ-տնտեսական վերոյիշեալ երեւոյթները մինչեւ իսկ աւելի յոռի արտայայտութիւններով շարունակուեցան, ընդ որում անոնց վրայ եկաւ բարդանալու արտագաղթը, իսկ հանքային արտահանման աւերը հայրենի բնութեան դարձաւ շատ աւելի տեսանելի: Այլ խօսքով` հայութեան քաղաքական գործընթացին յառաջդիմական ուղղուածութեան անհրաժեշտութիւնը առ աւելի շեշտուեցաւ:
Բայց ճգնաժամային այս վերջին չորս-հինգ տարիներուն իւրայատուկ է նաեւ հայրենի իրականութեան մէջ անկախութեան այս քսանամեակին հասակ առած նոր սերունդ մը որ շատ աւելի զգայուն է այս բոլոր հարցերուն նկատմամբ: Այդ սերունդի յանձնառութեան ու քաղաքական աշխուժութեան շնորհիւ է որ վերոյիշեալ սոցիալական հարցերը օրակարգի վրայ եկան: Ի մասնաւորի բնապահպանման հիմնախնդիրը: Անոնց են նաեւ այն առաջին, թէկուզ եւ դեռեւս աննշան, յաջողութիւնները` հայութեան պատմական գործընթացին նոր որակային ուղղուածութիւն տալու իմաստով:
Առ այդ, Հայերն ու Յառաջդիմական Քաղաքականութեան չորրորդ հանդիպման նախաձեռնողները ճիշդ ընտրած էին Հայաստանի անկախութեան 21 տարիներուն նուիրուած այս հանդիպման կիզակէտ դարձնել հայրենի իրականութեան մէջ ծնունդ առած եւ զարգացած քաղաքացիական հասարակութեան յանձնառու հատուածներէ ներկայացուցիչներ: Աւելի պարզ` մարդկային իրաւանց, կենտերային հաւասարութեան, բնապահպանման, կիներու պաշտպանութեան, կոռուպցիայի դէմ պայքարի եւ քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման նպաստող Ոչ Կառավարական Կազմակերպութիւններէ ներկայացուցիչներ: Պարզ է, որ երեք քաղաքներու մէջ իրականացած այս միջոցառման մասնակցողները Հայաստանի մէջ գործող քանի մը հազար գրանցուած հասարակական կազմակերպութիւններուն ամբողջութիւնը չէին ներկայացներ: Ոչ ալ, անհրաժեշտ է յստակացնել, Ոչ Կառավարական Կազմակերպութիւններու բազմացումը անպայմանօրէն ցուցանիշ է քաղաքացիական հասարակութեան մը առկայութեան կամ քաղաքացիական հասարակարգի աշխուժութեան: Հայաստանի մէջ Ոչ Կառավարական Կազմակերպութիւններու կարեւոր թիւ մը յաճախ ընտանեկան նախաձեռնութիւն է եւ, ինչպէս կ՛ըսեն, “հացի խնդիր“ լուծելու նպատակին կը ծառայեն: Անոնց վրայ պէտք է աւելցնել շատ հաւանաբար կարեւոր թիւ մը որ պետական շրջանակներէ յատկացում կը ստանայ եւ, առ այդ, համակարգի շարունակակութեան կը ծառայէ, գիտակցաբար կամ ոչ: Կը մնան միւսները, թիւով շատ աւելի սահմանափակ, բայց հայրենի իրականութեան մէջ փոփոխութիւն բերելու յանձնառու: Միւսները, որոնք տեսանելի են փողոցին մէջ, որոնց ընդհանրապէս չեն սիրեր ոստիկանները եւ որոնք թիրախ են յաճախ “գրանդակեր“ վարկաբեկիչ ամբաստանութեան -եւ տակաւին պէտք է ուրախ ըլլալ որ Հայաստանի իշխանութիւնները ցարդ Փութինի օրինակին չեն հետեւած անոնց օտար պետութիւններու “գործակալ“ յայտարարելու եւ դատական հետապնդումի ենթարկելու համար, որովհետեւ, այս պարագային` բարեբախտաբար, կայ Եւրոպական Միութիւն, կան մարդկային իրաւանց համաձայնագրեր զորս Հայաստան, Ռուսիոյ օրինակով, չի կրնար պարզապէս անտեսել առանց անոնց հետեւանքներուն մասին մտածելու… Մէկ խօսքով, Հայերը եւ Յառաջդիմական Քաղաքականութիւնը համաժողովի այս չորրորդ հանդիպման կը մասնակցէին անոնք որոնց ընդմէջէն կարելի է տեսնել Հայաստանի մէջ քաղաքացիական առողջ հասարակութեան մը զարգացումը, գրաւը դնել անոնց ժողովրդավար պայքարի հետեւանքներուն վրայ:
Հոս տեղը չէ համաժողովի մանրամասներուն անդրադառնալու: Նիւ Եորքի, Սան Ֆրանսիսքոյի եւ Լոս Անճելըսի մէջ հանդիպումներն ու հրապարակային բանավէճերը, թէկուզ եւ պատահարներով եւ անախորժութիւններով, միայն դրական պէտք է համարել քաղաքական մտածողութեան կազմաւորման ու զարգացման համար:
Բայց անկախ արծարծուած թեմաներէն, բոլորն ալ, ինչ խօսք կարեւոր, երբեմն նոյնիսկ` էական, հայրենի իրականութեան համար, հայ քաղաքական մտածողութիւնն ու անոր յառաջդիմական ուղղուածութիւնը պէտք է նաեւ անդրադառնայ այսպէս կոչուած քաղաքացիական հասարակութեան եւ Ոչ Կառավարական Կազմակերպութիւններու գործունէութեան, եւ անոնց դրական ամբողջ ներդրումին կողքին նաեւ մատնանշէ թերիներ, թէկուզ եւ գաղափարախօսական անհամատեղելիութիւններ եւ, ի հարկին, զգուշացումներ: Այս խորհրդածութիւնները, առաւել, միայն սկզբնական են, առաջին հայեացք մը միայն, որովհետեւ թեման ինքնին քաղաքագիտական ուսումնասիրութեան առարկայ է, որուն մասին, ի դէպ, արդէն հրատարակութիւններ կան առանց նիւթի վերլուծումը սպառած ըլլալու հաւակնութեան:
Այսպէս, երբ Հայաստանի մէջ “քաղաքացիական հասարակութիւն“ կ՛ըսուի այն անմիջապէս կը հակադրուի քաղաքական հասարակութեան, այսինքն` Պետութեան ու կուսակցութիւններուն: Տեսականօրէն քաղաքացիական հասարակութիւնը նաեւ կը հակադրուի շուկային ու մեծ դրամագլուխին, բայց Հայաստանի, եւ ընդհանրապէս նախքին խորհրդային երկիրներու պարագային, այդ մէկը շատ հազուադէպօրէն կը համապատասխանէ իրականութեան: Ընդհակառակը, Պաղ Պատերազմի աւարտով եւ Խորհրդային Միութեան պատմական փորձի ձախողութենէն յետոյ սպասելի, բայց ոչ “բնական“, էր որ այսպէս կոչուած “ազատ“ շուկան ու ժողովրդավարութիւնը իրարու հետ առընչուին ու միաձուլուին: Ոչ “բնական“ էր այս երեւոյթը, որովհետեւ գիտենք որ գաղափարախօսական սահմանումները, եւ “ազատ շուկայ առաւել լիպերալ ժողովրդավարութիւն“ հասկացողութիւնը գաղափարախօսութիւն է, ապաքաղաքական չեն երբեք: Աւելի՛ն, այն քաղաքացիական հասարակութիւնը որ լիպերալ ժողովրդավարութիւնը կը ձգտի ձեւաւորել ինքնին կ՛ենթադրէ պետութեան թէ քաղաքական կուսակցութիւններու նկատմամբ վերապահութիւն, եթէ ոչ հակադրութիւն, այն համոզումով որ հասարակութիւնը բնական երեւոյթ է, իսկ պետութիւնը` արուեստական: Պետութիւնը, աւելի առաջ երթալով, “բրոպլեմ“ է, ինչպէս Ռեկըն ժամանակին յայտարարեց, բնաւ երբեք լուծում չէ: Պարզ է որ Հայաստանի պարագային, դէմ յանդիման այնքան խնկարկուող “հզօր պետութիւն“ յանկերգին, եւ ի տես քաղաքական համակարգի փտտածութեան, բնապահպանական աւերին, այնքան ալ դժուար չէ պետութիւնը որպէս “բրոպլեմ“ ընկալել… Կը մնայ հարց տալ` եթէ ոչ պետութիւն, ապա` ի՞նչ: Ծայրայեղ ազատականներ, համայնավարներուն նման, առանց պետութեան հասարակարգի մը ութոփիային կը հաւատան ու անոր կը ձգտին: Այդ մէկը ոչ միայն անիրական է, այլ մինչեւ իսկ վտանգաւոր եթէ անոր հաւատան փոքր ազգերն ու ժողովուրդները, եթէ անոր հաւատան անվտանգութեան տեսակէտէ այնքան խոցելի երկիրներու հասարակութիւնները, ինչ որ է պարագան Հայաստանին: Անգամ մը եւս, այս չի նշանակեր բնաւ “հզօր պետութեան“ հաւատամքին վերադառնալ, եւ նուազ որպէս թէ Հայաստանի Զինուած Ուժերու բարոյականը չքանդելու համար բանակին մէջ տեղի ունեցող ամենազազրելի ոճիրներուն ու զինծառայողներուն մարդկային իրաւանց բռնաբարման մասին լուր մնալ: Կը նշանակէ պարզապէս, որ քաղաքացիական հասարակութիւնը չի կրնար անտեսել պետական իրականութիւնը եւ իր պայքարը այնպէս մը առաջ տանիլ որ պետութիւնը հաւասարեցնէ միայն Մաշտոցի այգիի պաշտպաններուն ճնշող ոստիկաններուն: Այլ խօսքով` քաղաքացիական հասարակութեան տարբեր հատուածներու, աւելի ճիշդը` օրակարգի տարբեր խնդիրներու լուծման յանձնառու ներկայացուցիչ Ոչ Կառավարական Կազմակերպութիւնները անպայմանօրէն հաղորդակից պէտք է ըլլան ժողովրդավար դրութեան մը դեռեւս միակ երաշխիք եղող քաղաքական կուսակցութեանց հետ, երկխօսութիւն հաստատեն ու իրենց խնդիրը դնեն քաղաքական պայքարի օրակարգին` ե՛ւ փողոցին մէջ, ե՛ւ Խորհրդարանը: Պարզ է որ քաղաքական կուսակցութիւնները իրենք ալ պիտի գիտակցին որ չեն կրնար ժողովուրդի ներկայացուցչութեան թատրոնը խաղալ անտեսելով փողոցին մէջ կացութիւն ստեղծելու ստիպման հասած քաղաքացիական հասարակութեան հատուածները որոնք իրենք իրենց եւ ոչ մէկ կուսակցութեան կողմէ ներկայացուած չեն տեսներ: Հայաստանի պարագային թերեւս պէտք է սպասել որ “կոալիցիոն“ ժողովրդավարութեան թմրեցուցիչին ազդեցութիւնը անցնի ու իսկական քաղաքական ընդդիմութիւն ձեւաւորուի` անդրադառնալու համար փողոցին մէջ առկայ հասարակական ժողովրդային զօրաշարժի ամբողջ կարողականութեան:
Պետութեան ու քաղաքական հասարակութեան հանդէպ Հայաստանի Ոչ Կառավարական Կազմակերպութիւններու թէկուզ եւ հասկնալի վերապահութիւնը կ’առաջնորդէ այլ քննադատական խորհրդածութեան մը: Կարծես թէ առկայ է գաղափարախօսական ինչ որ չէզոքութեան հակում մը, այն իմաստով որ մարդկային իրաւունքները, կենտերային ազատութիւնը, կնոջական իրաւունքները թէ միջավայրի բնապահպանումը ոչ աջ են ոչ ալ ձախ: Այս տրամաբանութիւնը միայն մակերեսային կերպով ճիշդ է, որովհետեւ նոյնիսկ եթէ քաղաքացիական հասարակութեան օրակարգի խնդիրները գաղափարական չեն այլ շատ կոնկրետ, անոնց մօտեցումն ու լուծումներու հեռանկարը անխուսափելիօրէն գաղափարախօսական կտրուածքով կը մեկնաբանուին վաղ թէ ուշ: Այսպէս, պէտք է գոնէ հարց տալ թէ Հայաստանի մէջ քանի՞ Ոչ Կառավարական Կազմակերպութիւն ընկերային անարդարութեան որեւէ երեւոյթ, ներառեալ մարդկային իրաւունքներ, ծինային խնդիրներ թէ բնապահպանում, կը դիտէ որպէս հիմնականօրէն հետեւանք հարստութեան կեդրոնացման ու անհաւասար բաշխումին: Ո՞ր մէկ քննադատական մօտեցումը հարցերուն եւ բողոքի զօրաշարժը սոցիալական որեւէ անարդարութեան դէմ հարցականի տակ կը դնէ ազատ շուկայի տոկման ու անոր հետեւանքով առաջացած դասակարգային բեւեռացումը: Դարձեալ` հարց չկայ ազատ ձեռնարկութիւնը վերացնելու եւ վերադառնալու պետականօրէն պլանաւորուած աղիտալի հետեւանքներով համայնավար տնտեսական քաղաքականութեան մը: Բայց պէտք է անդրադառնալ որ ե՛ւ զզուելի “օլիգարխ“ները, ե՛ւ կախարդական “օրէնքի իշխանութիւն“ կարգախօսը Հայաստան թէ նախկին Խորհրդային որեւէ այլ հանրապետութիւն հասան միեւնոյն “ազատ շուկայ“ի անցումային հոլովոյթով, եւ նէօլիբերալ համակարգի տրամաբանութեան մէջ միայն երեւութաբար իրարու կը հակասեն, խորքին մէջ գաղափարախօսական նոյն ակունքէն ծնունդ կ՛առնեն: Անոր համար Հայաստանի մէջ համակարգային բարեփոխութիւնը “գունաւոր յեղափոխութեան“ պէտք չունի` մէկ օլիգարխ հանելու եւ ուրիշին բերելու համար: Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան եւ Ոչ Կառավարական Կազմակերպութիւններուն անհրաժեշտ է քիչ մը “Ձախ Թեքում“ որուն համար Արեւմուտք պէտք չէ նային այնքան որքան Հարաւ, որ, ըսենք, հայրենի տեսադաշտէն, պետութիւն, քաղաքական կուսակցութիւններ, պիզնէս ձեռնարկութիւններ եւ հասարակական քաղաքացիութիւն հաւասարապէս, հեռու մնացած է: Նոյնիսկ այս կլոպալ աշխարհին մէջ…
Խ. Տէր Ղուկասեան