“ՔԱ­ՂԱ­ՔԱ­ԿԱՆ ԴԱՇ­ՏԻ ԱՌՈՂ­ՋԱ­ՆԱ­ԼՈՒ ԴԷՊ­ՔՈՒՄ ՄԻԱՅՆ ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱ­ՆԻ ԲԺՇԿՈՒ­ԹԻՒՆԸ ՄԵԾ ՔԱՅԼԵ­ՐՈՎ ԿԸ ՅԱ­ՌԱ­ՋԱ­ՆԱՅ“. ԿԸ ՅԱՅՏ­ՆԷ ՏՈՔԹ. ՏԻԳ­ՐԱՆ ԳԱ­ԶԱՆՃ­ԵԱՆ

0 0
Read Time:9 Minute, 10 Second

  Ստո­րեւ, լոյսկ՛ըն­ծա­յենքհե­տաքրք­րա­կանհար­ցազ­րոյցմը, կա­տար­ուածտոքթ. Տիգ­րանԳա­զանճ­եա­նի (Ուա­շինկթըն) հետ:

 

Հ.- Տոքթ. Տիգ­րանԳա­զանճ­եան, որ­պէսու­ռուց­քա­բանվեր­ջերսքա­նիցսեղաքՀա­յաս­տանեւմօ­տենծա­նօթա­ցաքմերերկ­րիբժշկա­կանառող­ջա­պա­հա­կանընդ­հա­նուրվի­ճա­կին: Այսգծով, ի՞նչէձերգնա­հա­տու­մը:

Պ.- Մե­ծա­ցած ու դաստ­ի­ա­րա­կու­թիւն ստա­ցած ըլ­լա­լով ազ­գա­յին հա­յ ըն­տա­նի­քին մէջ, այ­նու­հետ ստա­նա­լով բժշկի կրթու­թիւն Ամե­րի­կա­յին մէջ, ես միշտ երա­զած եմ կրցա­ծիս չափ իմ օգ­տա­կա­րու­թիւնս հասց­նեմ հե­ռա­ւոր հայ­րե­նի­քիս: Կը յի­շեմ առա­ջին այցս հայ­րե­նիք, տա­սէն աւե­լի տա­րի առաջ էր, երբ դեռ կ՛ու­սա­նէի Պոս­թը­նի Հա­մալ­սա­րա­նին մէջ, ամառ­նա­յին ար­ձա­կուրդս ան­ցու­ցի Հա­յաս­տա­նին մէջ, այ­ցե­լե­ցի Ար­ցախ, իսկ ին­ծի հա­մար մէկ խօս­քով զար­թօնք: Ես այս այ­ցե­լութենէն ետք յա­ճախ առիթ­ներ ու­նե­ցայ Հա­յաս­տա­նը այ­ցե­լե­լու մա­նա­ւանդ  իմ գոր­ծի առ­թիւ: Նոյ­նիսկ բժշկա­կան ու­սա­նո­ղա­կան ատեն առիթ ու­նե­ցայ եր­կու ամիս շա­րու­նակ աշ­խա­տիլ Երե­ւա­նի հիւան­դա­նոց­նե­րէն մէ­կը, բան մը որ դեր ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի բժշկա­կան դաշ­տին մա­սին իմ պատ­կե­րա­ցում­նե­րու ձե­ւա­ւոր­ման մէջ: Ժա­մա­նա­կի ըն­թացքին յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ստեղ­ծած եմ Հա­յաս­տա­նի հիմ­նարկ­նե­րու եւ ան­շուշտ բա­րե­կամ­նե­րու հետ: Իսկ մինչ այժմ կրցած եմ աւե­լի մօ­տէն ծա­նօ­թա­նալ այդ­տե­ղի բժշկա­կան մի­ջա­վայ­րի եւ ընդ­հա­նուր բժշկա­կան գոր­ծե­լա­ձե­ւին հետ: Գնա­հա­տա­կանս ան­շուշտ մի­ան­շա­նակ չէ, ու լաւ եւ գէշ կող­մե­րի մա­սին կրնանք եր­կար խօ­սիլ: Ընդ­հան­րա­պէս քա­նի մը մաս­նա­գի­տու­թիւն կայ, որով հայ ժո­ղո­վուր­դը պատ­մա­կա­նօ­րէն աչ­քի ըն­կա­ծ է: Օրի­նակ ոս­կեր­չու­թիւնը, փաս­տա­բա­նու­թիւնը եւ ան­շուշտ բժշկու­թիւնը: Այ­սինքն հա­յե­րու մէջ առ­կայ է իս­կա­պէս լաւ, հո­յա­կապ բժիշկ դառ­նա­լու կա­րո­ղու­թիւնը:  Անհ­րա­ժեշտ է ուղ­ղա­կի կա­րո­ղա­նալ զայն բա­ցա­յայ­տել առող­ջա­պա­հա­կան հա­մա­կար­գի ար­դիւ­նա­ւէտ կա­ռա­վար­ման եւ ճիշդ մար­զեր ընտ­րե­լու ու պատ­րաս­տե­լու մի­ջո­ցով, ինչն այժմ ցա­ւօք չեմ տես­նում Հա­յաս­տա­նին մէջ: Նշեմ` ցա­ւօք միշտ չէ, որ սփիւռ­քէն հա­սած օգ­նու­թիւն­նե­րէն կ՛օգտ­ուին պարզ, նուիր­եալ բժիշկ­նե­րը: Բժիշկի սուրբ մաս­նա­գի­տու­թիւնը ան­հե­ռա­տես պիզ­նեսի վե­րա­ծած­նե­րի կող­քին անոնք, որ իս­կա­պէս կոչ­ուած են բժիշկ ըլ­լա­լու եւ նուիր­ուած են իրենց գոր­ծին, ի վեր­ջոյ կը հի­աս­թափ­ուին առ­կայ վի­ճա­կէն, ստեղծ­ուե­լիք տա­րա­տե­սակ բա­րո­յա-­հո­գե­բա­նա­կան եւ նիւ­թա­կան խո­չըն­դոտ­նե­րէն, ինք­զին­քը գնա­հատ­ուած չզգա­լով կը հե­ռա­նան հայ­րե­նի­քէն: Ապա­գա­յի նե­րու­ժը հա­մար­ուող խե­լա­ցի, երի­տա­սարդ բժիշկ­ներն հայ­րե­նի­քին մէջ խրա­խու­սանք չստա­նա­լով` կը հե­ռա­նան, ինչն ալ աւե­լի մտա­հո­գիչ է եւ, կը խոր­հիմ` լուրջ սպառ­նա­լիք է պե­տա­կան անվ­տան­գու­թեան, քան­զի առող­ջա­պա­հա­կան հա­մա­կար­գը պե­տու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն հիմ­նա­րար օղակ մըն է:

 

Հ.- Ի՞նչկրնաքըսելԱռող­ջա­պա­հու­թեանԱզ­գա­յինԿեդ­րո­նէն (National Institute of Health) ներսձերյա­տուկկար­գադ­րու­թեան, Հա­յաս­տա­նէնհայհիւան­դիմըբուժ­մանկար­գադ­րու­թեանմա­սին:

Պ.- Գրե­թէ չորս տա­րի է, որ կ՛աշ­խա­տիմ  Առող­ջա­պա­հու­թեան Ազ­գա­յին Կեդ­րոն, որ­պէս քաղց­կե­ղի մաս­նա­գէտ:  Մի­ջազ­գա­յին մա­կար­դա­կով վար­պետ բժիշկ­նե­րը շատ տար­բեր ու դժուար հիւան­դու­թիւն­ներ կը բու­ժեն, բայց ընդ­հա­նուր առ­մամբ մեր կեդ­րո­նը մաս­նա­գի­տա­ցած է յատ­կա­պէս ոսկ­րա­ծու­ծի փոխ­պատ­ուաստ­ման (Bone Marrow Transplant) եւ ախ­տա­բուժ­ման (immunotherapy) մէջ:

Հա­յաս­տան կա­տա­րած իմ այ­ցե­րու ատեն ես կը հան­դի­պիմ իմ ու­ռուց­քա­բան բա­րե­կամ­նե­րուն եւ կը փոր­ձեմ մաս­նա­գի­տա­կան խոր­հուրդ­ներս տալ այս կամ այն հիւան­դի կա­պակ­ցու­թեամբ: Այդ ըն­թաց­քին մէջ հան­դի­պե­ցայ հիւան­դի մը, որուն մօտ ախ­տո­րոշ­ուած էր ար­եան քաղց­կե­ղի հիւան­դու­թիւնը եւ որի բու­ժու­մը ոսկ­րու­ղե­ղի փոխ-­պատ­ուաս­տումն է: Ան ըն­տա­նի­քին մէջ մի­ակ աշ­խա­տող անձն էր եւ չորս զա­ւակ ու­նէր իր խնամ­քին տակ, իսկ Հա­յաս­տա­նի հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նե­րը կը ստի­պէ­ին բու­ժու­մի հա­մար ար­տա­սահ­ման դի­մել: Ես առա­ջար­կե­ցի ինքս հո­գալ նրա բու­ժու­մը. առա­ջար­կե­ցի հիւան­դին եւ արիւն տրա­մադ­րո­ղին (իրեն եղ­բայ­րը),  տե­ղա­փոխ­ուին Ուա­շինկ­թըն, որ Առող­ջա­պա­հու­թեան Ազ­գա­յին Կեդ­րո­նին մէջ ստա­նայ իրեն պէտք ու­նե­ցած բու­ժու­մը: Այ­նու­հետ կար­գադ­րու­թիւն­նե­րը կա­տա­րե­ցի. Առող­ջա­պա­հու­թեան Ազ­գա­յին Կեդ­րո­նի բժիշկ­նե­րուն պատ­մե­ցի հիւան­դին դէպ­քը, կրցայ կրճա­տել սպա­սու­մի ժամ­կէ­տը, քա­նի որ ոսկ­րու­ղե­ղի փոխ­պատ­ուաստ­ման հա­մար ար­ձա­նագր­ուած հիւանդ­նե­րու հեր­թը շատ մեծ էր եւ այ­լա­պէս ստիպ­ուած պէտք է ըլ­լա­յինք եր­կա­րա­տեւ սպա­սու­մի: Որո­շե­ցի ան­ձամբ ընդգրկ­ուել հիւան­դին բու­ժող բժիշկ­նե­րու խում­բին մէջ, քան­զի զիս շատ պա­տաս­խա­նա­տու կը զգա­յի… Ու­րախ եմ եւ հո­գե­պէս բա­ւա­րար­ուած կը զգամ, որ այժմ ամէն բան կը հե­տե­ւի. հիւանդն Աստ­ուծոյ յա­ջո­ղու­թեամբ փոխ­պատ­ուաստ­ման են­թարկ­ուե­ցաւ, եւ յու­սանք` դեռ եր­կար տա­րի­ներ կ՛ապ­րի ու օգուտ կը բե­րէ իր հա­րա­զատ­նե­րուն եւ մեր Հա­յաս­տա­նին:

 

Հ.- Ի՞նչպայ­ման­ներՁե­զիօգ­տա­կարդար­ձան, եւառ­հա­սա­րակայսառա­քե­լու­թեանմէջի՞նչօգ­տա­կա­րու­թիւնու­նե­ցանհայ­կա­կանկազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներնուՈւա­շինկ­թը­նիհա­մայն­քը:

Պ.-   Շատ մեծ ու գնա­հա­տե­լի էր Հ.Յ.Դ. “Սե­պուհ“  կո­մի­տէի օգ­նու­թիւնը եւ մօտե­ցու­մը հի­ւան­դի հար­ցի նկատ­մամբ: Մեր ըն­կեր­նե­րը աճա­պա­րան­քով յանձ­նա­խումբ մը ստեղ­ծե­ցին եւ առա­ւել եւս մեծ դեր ու­նե­ցան ու տէր դար­ձան հի­ւան­դին առօր­եայ ու ոչ բժշ­կա­կան պէտք ու­նե­ցա­ծին: Հ.Օ.Մ.-ի “Սա­թե­նիկ“ մաս­նա­ճիւ­ղի կող­մէն եւ, առ­հա­սա­րակ, Ուա­շինկ­թը­նի գա­ղու­թին կող­մէ: Անոնց հա­մա­տեղ ջան­քե­րով հո­գա­ցինք հի­ւան­դի կե­ցու­թեան կար­գադ­րու­թիւն­նե­րը Ուա­շին­կթը­նի մէջ, եւ անոնց ջերմ ու հիւ­րըն­կալ վե­րա­բեր­մուն­քի շնոր­հիւ կար­ծես փոքր Հա­յաս­տան ստեղծ­ուե­ցաւ հի­ւան­դին հա­մար:

 

Հ.- Մեկ­նե­լովայսիրա­կա­նու­թիւ­նէն, ի՞նչթե­լադ­րանք­ներու­նիքՀա­յաս­տա­նիու­րուց­քա­բա­նա­կան, թէառ­հա­սա­րակբժշկա­կանմար­զէններս: Ի՞նչհնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներկըտես­նէքհա­մա­հայ­կա­կանիմաս­տովառ­հա­սա­րակ:

Պ.-   Այժմ տեղ­եակ եմ, որ ու­ռուց­քա­բա­նու­թեան զար­գաց­ման մէջ լաւ հե­ռան­կար­ներ կը սպաս­ուին  Հա­յաս­տա­նին մէջ, նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ կը կա­ռուց­ուի ու­ռուց­քա­բա­նու­թեան նոր, ժա­մա­նա­կա­կից կեդ­րոն մը, որ յա­գե­ցած կ՛ըլ­լայ մո­տեռն սար­քա­ւո­րում­նե­րով: Ան­շուշտ այս ան­չափ ու­րա­խա­լի լուր մըն է, սա­կայն յու­սանք, որ աս գոր­ծին նուի­րա­բեր­ուած դրամ­նե­րը կը գոր­ծած­ուին ոչ միայն լա­ւա­գոյն սար­քեր եւ գոր­ծիք­ներ ու­նե­նա­լու եւ  շէն­քին վե­րա­նո­րո­գե­լու աշ­խա­տանք­նե­րու հա­մար, այ­լեւ, այս ամէ­նուն հա­մա­պա­տաս­խան, իս­կա­պէս լա­ւա­գոյն մաս­նա­գէտ­նե­րու հա­ւա­քագր­ման եւ պատ­րաստ­ման հա­մար, կը խոր­հիմ ամե­նէն կա­րե­ւորն է ու դժուա­րը: Յա­մե­նայն դէպս, իրա­կան իմաս­տով բժշ­կու­թիւնը կը զար­գա­նայ, երբ առա­ջին հեր­թին ընդ­հա­նուր հա­սա­րա­կու­թեան մէջ ար­դա­րու­թիւնը տե­ղի ու­նե­նայ Հա­յաս­տա­նի մէջ: Քա­ղա­քա­կան դաշ­տի առող­ջա­նա­լու դէպ­քում միայն բժշկու­թիւնը եւ ընդ­հան­րա­պէս Հա­յաս­տա­նի առող­ջա­պա­հու­թիւնը մեծ քայ­լե­րով կը յա­ռա­ջա­նայ:

Այն­ուա­մե­նայ­նիւ, մեր Ու­շինկ­թը­նի Հայ գա­ղու­թը հզօր է եւ վստահ եմ` այն­պէս ալ եր­կար ատեն կը մնայ: Մէկ կող­մէն մեր բժշ­կա­կան միու­թիւնը դե­ղօրայք եւ մաս­նա­գի­տա­կան դաստ­ի­ա­րա­կու­թիւն կը հասց­նէ Ար­ցախ, միւս կող­մէն` ըն­կեր­նե­րը Հա­յաս­տա­նի ժո­ղովր­դին կ՛օգ­նեն ինչպէս այս դէպ­քը: Իսկ հի­մա մենք մեծ գոր­ծու­նէու­թիւն առաջ կը տա­նինք Սուր­իոյ Հա­յու­թեան դե­ղօրայք մա­տա­կա­րա­րե­լու առըն­չու­թեամբ: Մէկ խօս­քով մեր ազ­գա­յին ըն­կեր­նե­րը ու եղ­բայր­նե­րը միշտ կրցած­նին չափ եւ աւել կը փոր­ձեն պէտք ու­նե­ցած օգ­նու­թիւնը հասց­նել աշ­խա­րհի չորս կող­մի հա­յե­րուն:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles