Փրոֆ. Սեդա Տատոյեան Մեծարուեցաւ Հայագիտական Ուսմանց Ընկերակցութեան Կողմէ

0 0
Read Time:58 Second

 

Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը (SAS) կը հաղորդէ, որ 6 նոյեմբերին տեղի ունեցած առցանց ձեռնարկի մը ընթացքին ընկերակցութեան «Կեանքի մը իրագործումներ» մրցանակը շնորհուեցաւ հեղինակաւոր հայագէտ փրոֆ. Սեդա Տատոյեանին` գնահատելով անոր բերած արժէքաւոր նպաստը հայագիտութեան զարգացման ջանքերուն` վերջին առաւել քան 40 տարիներուն ընթացքին:

Հալէպ ծնած եւ հասակ նետած Տատոյեան հեղինակ է աւելի քան 10 հատորներու եւ բազմաթիւ ուսումնասիրական յօդուածներու:

Տատոյեան տիրացած է փիլիսոփայութեան մէջ գիտութիւններու դոկտորի աստիճանին` մասնագիտանալով հայ փիլիսոփայութեան ճիւղին մէջ: Ան 1981-1986 դասախօսած է Լիբանանի Հայկազեան եւ «Էլ. Էյ. Եու.» համալսարաններուն մէջ, 1986-2005` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ, 2002-ին եւ 2006-ին, իբրեւ դասախօս, հրաւիրուած է Նիւ Եորքի «Քոլոմպիա» համալսարանի արեւելեան գիտութիւններու բաժանմունքին կողմէ, 2007-2010 դասախօսած է Ս. Ներսէս ընծայարանին մէջ: 2010-ին Շիքակոյի համալսարանին մէջ դասախօսած է «Հայ-իսլամական փոխյարաբերութիւններ» նիւթին շուրջ եւ 2011-ին դասախօս եղած է Երեւանի պետական համալսարանի երեք տարբեր բաժանմունքներու մէջ:

Տատոյեանի ուսումնասիրութիւնները կեդրոնացած են միջնադարեան եւ արդի հայոց պատմութեան եւ յատկապէս հայ-իսլամական կապերուն վրայ: Անոր «Ֆաթիմիական հայերը» եւ եռահատոր «Հայերը միջնադարու իսլամական աշխարհին մէջ» գործերը կը նկատուին բոլորովին նոր վերլուծումներ, որոնք միջինարեւելեան միջավայրին մէջ կը վերարժեւորեն հայոց պատմական փորձառութիւնը, յարաբերութիւնները եւ դերը:

Ան արժանացած է «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» եւ շարք մը այլ շքանշաններու:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles