Ձախէն աջ` Յակոբ Խաչատուրեան, մեկենաս` Ռոզ Յակոբեան, Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի տնօրէն դոկտ. Վարդան Մաթէոսեան եւ շրջանի հովիւ Կոմիտաս քհնյ. Պաղսարեան Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի տնօրէն դոկտ. Վարդան Մաթէոսեան, Շաբաթ Մարտ 16ին, Փրովիտընսի շաբաթօրեան “Մուրատ“ վարժարանը այցելեց եւ լսատեսողական արդի միջոցներով, ներկայացուց երեք տարբեր նիւթեր: Առաջին հերթին, ան անդրադարձաւ հայերէն լեզուի ենթաբաժանումներուն (գրաբար, արեւելահայերէն, արեւմտահայերէն, եւայլն) մասին: Ապա, երկրորդ մասով, իր տպաւորութիւններն ու մօտեցումները փոխանցեց հայերէն լեզուն իբրեւ երկրորդ լեզու դասաւանդելու եւ նշեց թէ այս պարագային հայերէն լեզուն պէտք է նկատի ունենալ ոչ թէ իբրեւ օտար, այլ ժառանգի լեզու: Ապա, իր վերջին ներկայացումին մէջ, ան մանրամասնօրէն ներկայացուց, վերջերս Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի հրատարակած “Հայաստանի Պատմական Ատլաս“ը:
Դոկտ. Մաթէոսեանի զեկուցումները մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին:
Յաջորդ օրը` Կիրակի Մարտ 17ին, Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ սրահէն ներս, տեղւոյն գաղութին համար յատուկ ձեռնարկով մը, դոկտ. Մաթէոսեան ներկայացուց “Հայաստանի Պատմական Ատլաս“ը: Ան յայտնեց թէ. “Այս Նոր Ատլասը, նոր սերունդին համար է“, եւ թէ Հայոց Պատմութեամբ ապագայ սերունդը կապուած պիտի ըլլայ իր արմատներուն:
Աւարտին խօսք առաւ շրջանի հովիւ` Կոմիտաս Պաղսարեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց դասախօսին, նաեւ ձեռնարկին ներկայ` Ռոզ Յակոբեանի, որ իր քրոջ հետ ստանձնած էր այս հրատարակութեան մեկենասութիւնը, ի յիշատակ իր ծնողքին` Երուանդ եւ Սրբուհի Յակոբեաններուն: