Փրովիտընսի Հ.Յ.Դ. «Քրիստափոր» Կոմիտէութիւնը Մեծ Շուքով Նշեց Հայաստանի Ա․ Հանրապետութեան Հարիւրամեակը

0 0
Read Time:3 Minute, 18 Second


Թղթակից 
Հովանաւորութեամբ Փրովիտընսի Հ.Յ.Դ. «Քրիստափոր» Կոմիտէութեան եւ Ա.Մ.Ն. Րոտ Այլընտ նահանգի Հայ Մշակութային Հաստատութեան կազմակերպութեամբ, Երկուշաբթի, Մայիս 28-ին, Փրովիտընսի Սուրբ Պօղոս Պետրոս Կաթողիկէ Տաճարէն ներս, տեղի ունեցաւ աննախադէպ հանրային համերգ՝ նուիրուած Հայաստանի Ա․ Հանրապետութեան հարիւրամեակին։
Օրուան հանդիսավար՝ Հրակ Առաքելեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, բարեխօսական աղօթքը կատարեց Սրբ․ Վարդանանց Հայց․ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Տէր Գաբրիէլ Նազարեան, որմէ ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին բոլոր հերոսներուն անմեռ յիշատակը։
Ապա, հնչեցին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն քայլերգները, ընկերակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ. Փրովիտընսի դրօշակակիր սկաուտներուն։
Անգլերէն լեզուով օրուան պատգամը փոխանցեց Հարիւրամեակի կազմակերպիչ յանձնախումբի համա-ատենապետ՝ Լեւոն Աթթարեան։ Ան անցեալը ներկային շաղկապելով նշեց, թէ Մայիսը հայ ժողովուրդին համար խորհրդանշական ամիս է, յաղթական ոգիով հայ ազգը Սարարապատէն անցնելով հասաւ մինչեւ Շուշի։ Աթթարեան իր խօսքը փակելով ըսաւ․ «․․․Մեր գործը տակաւին աւարտած չէ, պէտք է մենք հերոսներու նոր սերունդը ըլլանք։ Մեր երազն է օր մը այստեղ կանգնիլ եւ նոր Մայիս 28 մը տօնել, այդ Մայիս 28ն, երբ Արցախը համաշխարհային գետնի վրայ պիտի ճանչցուի իբրեւ անկախ պետութիւն եւ երբ Արեւմտեան Հայաստանի գրաւեալ հողերը, մեր Արարատը, վերջապէս պիտի վերադառնան հոն ուր կը պատկանին»։
Ապա, հայերէնով խօսք առաւ Փրովիտընսի Սուրբ Վարդանանց Հայց․ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգաբարձու Մարմնի ատենապետ՝ Յակոբ Խաչատուրեան։ Խօսքին մէջ Խաչատուրեան կարեւորեց անկախութիւնն ու այն կերտողներուն դերը։ «Հայ Ժողովուրդին կը մնայ հաւատարիմ մնալ հայրենիքի անկախութեան արիւնով կերտած մեր հին թէ նոր հերոսներուն սրբազան կտակին։ ․․․Հայաստանի ու Արցախի պետականութեան ամրացումն ու անկախութեան ամրապնդումը, հիմքն են մեր ազգային պահանջատիրութեան ու երաշխիքը՝ մեր ազգի պայծառ ապագային», ըսաւ ան։ Խօսքը աւարտելով Խաչատուրեան նշեց, թէ պէտք է հաւատարիմ մնալ արիւնով ու քրտինքով կերտուած հայրենիքի անկախութեան, ու զայն պաշտպանել ամէ՛ն գնով։
Մաէսթրօ Կոնստանդին Պետրոսյանի ղեկավարութեամբ, եւ ընկերակցութեամբ՝ դաշնակահարուհի Մարօ Փանոսեանին, ելոյթը վառեց «Րոտ Այլընտի եւ Ուըսթըրի Հայ Խմբերգ»ն ու նուագախումբը։ Ելոյթին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ «Պոսթոնեան» քառեակը, որուն «Կիլիկիա» եւ «Հօր Հօր» ներկայացումները հմայեց ներկաները։ Մենակատար, յայտնի երգիչ՝ Պապին Պողոսյան, ներկաները ոգեւորեց «Կենաց Երգ», «Ղարաբաղցին» եւ «Ազգ Իմ Փառապանծ» երգերով։ Ներկայացուած ազգային-յեղափոխական երգերու հաւաքածոն նուիրուած էր բոլոր այն հերոսներուն, որոնք, անկախ Հայաստանի տեսլականով պայգարած եւ զոհուած են։ Համերգի աւարտին տաճարը ցնծաց Պապին Պօղոսեանի կատարողութեամբ «Առիւնօտ Դրօշ» երգով, որուն նաեւ միացան ոգեւորուած ներկաները։

Մայիս 28ի այս տօնախմբութեան ներկայ էին Ռօտ Այլընտի հայկական եկեղեցիներու Հոգեւոր Հայրերը, հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, Ա․Մ․Ն․ քոնկրէսի անդամ՝ Տէյվիտ Սիսիլինի, Փրովիտընսի քաղաքապետ՝ Եօրկի Էլորզա, եւ այլ պաշտօնական հիւրեր։ Աւելի քան չորս հարիւր հայորդիներ հաւաքուած էին տօնախմբելու Մայիս 28ի փառաւոր յաղթանակը, որոնք, հայրենասիրական երգերը ըմբոշխնելով, Տաճառէն հեռացան վերանորոգուած ազգային ոգիով։
«Քրիստափոր» Կոմիտէութեան ատենապետ՝ Ընկեր Յակոբ Տօնոյեան նշեց․ «Ամիսներ շարունակ, կազմակերպիչ յանձնախումբը ամէն ճիգ թափեց, որպէսզի Րոտ Այլընտի հայ գաղութը մեծ շուքով տօնախմբէ Հայաստանի Ա․ Հանրապետութեան անկախութեան հարիւրամեակը։ Միաժամանակ, անդամները սատառեցին եւ նիւթական օժանդակութիւն ապահովեցին, օգտակար դառնալու համար Արցախի մեր քոյր-եղբայրներուն»։ Տօնոյեան շեշտեց, թէ Կոմիտէութիւնը պատրաստ է ամէն ձեւով օժանդակել Արցախին։
Ձեռնարկին աւարտին, հանդիսավառը շնորհակալութիւն յայտնեց, բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս թէ՛ բարոյապէս նեցուկ կանգնեցան այս ձեռնարկին աշխատանքներուն ընթացքին։
Նկատի ունենալով, թէ համերգը նուիրուած էր բոլոր այն հայ զինուորներուն, անցեալի թէ ներկայի, որոնք իրենց կեանքի գնով պաշտպանած են, եւ կը շարունակեն պաշտպանել, մեր հայրենիքի սահմանները, ելոյթին ամբողջական հասոյթը պիտի յատկացուի Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան «Վիրաւոր եւ Հաշմանդամ Զինուորներ»ու ֆոնտին։ Այս ծրագրին ընդմէջէն կ՛օգտուի Երեւանի #1 Հիւանդանոցը, որը առողջապահական ծառայութիւն կը մատուցէ զինուորներուն, որոնք իրենց կեանքը վտանգած են պաշտպանելով Հայաստանի ու Արցախի սահմանները։ Ցարդ, աւելի քան $6,500 գումար հանգանակուած է այս ծրագրին օգտին։ Կրնաք ձեր մասնակցութիւնը բերել մինչեւ Յունիս 30, 2018: Ձեր նուիրատուութիւնը կրնաք ղրկել ACA-RI, 7 Armenia Street, Providence, RI 02909 հասցէին կամ համացանցի միջոցաւ՝ դիմատետրի Armenian Cultural Association of America- Rhode Island կամ 100th Anniversary of the First Republic of Armenia էջերը այցելելով, ուր կարելի է նաեւ ամբողջական համերգը դիտել։ «Ամերիկայի Ձայն» կայանին կողմէն այս համերգին մասին սփռումը կարելի է դիտել հետեւեալ ելեկտրոնային հասցէով` https://www.amerikayidzayn.com/a/4414189.html .
Հարիւրամեակի կազմակերպիչ յանձնախումբը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Րոտ Աըլընտի հայ գաղութին եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց նուիրատուութիւններով յաջողցուցին այս եզակի ձեռնակը։ Յատուկ շնորհակալութիւն նաեւ Մաէսթրօ Կոնստանտին Պետրոսեանին, նուագախումբի անդամներուն, «Րոտ Այլընտի եւ Ուսթըրի Հայ Խմբերգ»ին, եւ Պոսթընեան քառեակին, որոնք ամիսներ շարունակ աշխատեցան այս ներկայացման համար։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles