Կիրակի, Հոկտ.18ին, Փրովիտենսի Սուրբ Վարդանանց Եկեղեցւոյ Հայկական Սրահէն ներս, Հ.Յ.Դ.-ի օր տօնուեցաւ, հիւրընկալութեամբ Փրովիտընսի “Քրիստափոր” կոմիտէութեան:
Յեղափոխական երգերու կողքին, օրուան ծրագիրը կÿընդգրկէր տեսաներիզներու ցուցադրութիւն, ի յիշատակ հերոսներու ու յաղթանակներու, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ.-ի ներկայ եւ ապագայ դերին մասին:
եՔրիստափոր« կոմիտէութեան ատենապետ՝ Ճոն Մկրտչեանի բացման խօսքէն ետք, ճաշկերոյթը սկսաւ, եւ միեւնոյն ժամանակ տեսաներիզներու շարք մը ցուցադրուեցաւ Քրիստափորի, Ռոստոմի, Զաւարեանի, Շուշիի ազատամարտի, եւ այլ նիւթերու մասին: Անոնց յաջորդեցին Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն պատասխան վերջերս աշխարհի շուրջ տեղի ունեցած ցոյցերու տեսաներիզներ, եւ նաեւ արձանագրութիւններու հետեւանքներուն մասին մեկնաբանութիւններ, եւ թէ ինչպէս կարող ենք մեր ձայները լսելի դարձնել:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ՝ ընկեր Վիգէն Յովսէփեան խօսք առաւ, ուղղակիօրէն լսատեսողական արդի միջոցներով (webcam) կատարուած հաւաքին առթիւ: Ան ողջունեց Փրովիտընսի գաղութը, ու ապա զրուցեց տխրահռչակ արձանագրութիւններուն մասին ու Հ.Յ.Դ.-ի ծրագրուած քայլերուն որպէսզի անոնք չվաւերացուին, որմէ ետք մէկ ժամ հարց-պատասխանի տրամադրուեցաւ: Յետոյ, ան իր ուշադրութիւնը դարձուց Հ.Ե.Դ.-ական երիտասարդութեան որոնք ներկայ էին այս ելոյթին, նշելով իրենց դերին կարեւորութիւնը: Խօսքը ուղղելով այդ երիտասարդութեան ան ըսաւ թէ անոնք պէտք է որ առաջնորդեն հայ գաղութը դէպի ապագայ, եւ հաւատք ունենան իրենց կարողութիւններուն մէջ անտեսելով իրենց դէմ յայտնուող որեւէ խոչընդոտ:
Փրովիտենսի եՔրիստափոր« կոմիտէն, այս առթիւ, շնորհակալութիւն յայտնեց Փրովիտենսի գաղութին իր կատարած օժանդակութիւններուն եւ հայ դատի ուղղութեամբ աշխատանքներուն համար: Նշենք թէ, Նոյեմբեր 19ին, կատարուած էր գինիի համտեսում՝ Սուրբ Վարդանանց Եկեղեցւոյ սրահէն ներս:
Նոր Տարուայ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ եՈւեսթ Վալի Ինն« պանդոկին մէջ: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար գրել Kristapor.Gomideh@ gmail.com -ին: