Փրովիտենսի «Քրիստափոր» Կոմիտէութիւնը Նշեց Հայաստանի Անկախութեան 100-ամեակը

0 0
Read Time:43 Second


Կիրակի, Մայիս 6-ի յետմիջօրէին, Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Փրովիտենսի «Քրիստափոր» կոմիտէութիւնը նշեց Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակը: Օրուան դասախօսներն էին Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Ճորճ Աղճայեան եւ տեղւոյն Հ.Օ.Մ.-ի «Անի» մասնաճիւղի ներկայացուցիչ Թալին Կեցոյեան:
Աղճայեան անդրադարձաւ Հ.Յ.Դ. արխիւներու մասին եւ ներկաներուն ցոյց տուաւ վերջերս ի յայտ եկած լուսանկարներ եւ նամակներ, որոնց կարգին Արամ Մանուկեանէն եւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան Արմէն Գարոյէն:
Թալին Կեցոյեան անդրադարձաւ Հ.Օ.Մ.-ի կատարած գործունէութեան մասին, ցուցադրելով սահիկներ եւ կարճ վաւերագրականներ Երեւանի թիւ մէկ հիւանդանոցի մասին: Ան տեղեկացուց, թէ յատուկ արդի կազմածներով կ՛օժտուի այս հիւանդանոցը: «Մեր մարտունակ զինուորներուն կողքին պէտք է որ կենանք եւ ամէն գնով օժանդակենք», եզրակացուց Կեցոյեան: Նշենք, թէ Մայիս 28-ին յատուկ համերգով մը պիտի նշուի Մայիս 28-ի հարիւրամեակը, մասնակցութեամբ Րոտ Այլընտի եւ Ուսթըրի երգչախումբին, ղեկավարութեամբ Կոնստանդին Պետրոսեանի:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles