ՓՐՈՎԻՏԵՆՍԻ ՄԷՋ Հ. Օ. Մ.-Ի ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Ա.Մ.Ն.-Ի 91-ՐԴ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

0 0
Read Time:13 Minute, 52 Second

47 Պատ­գա­մա­ւոր­ներ, ունկն­դիր­ներ եւ հիւ­րեր 23 մաս­նա­ճիւ­ղե­րէ ան­գամ մը եւս իրենց ուխ­տը վե­րա­նո­րո­գե­ցին հա­յե­ցի դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան, որ­բին ու կա­րօտ­եա­լին օժան­դա­կե­լու ու բո­վան­դակ ու­ժա­կա­նու­թիւն ի սպաս դնե­լու Հայ Ժո­ղո­վուր­դի բա­րօ­րու­թեան եւ կեն­սու­նա­կու­թեան այ­լուր:

Հա­րիւ­րամ­եայ միու­թեան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րէն վե­րա­կանգ­նած ­Հա­մա­հայ­կա­կան եւ աշ­խար­հագ­րա­կա­նօ­րէն հա­մաշ­խար­հա­յին մար­դա­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւնը, կը մնան զօ­րա­վիգ` հայ­րե­նի­քէն ներս թէ դուրս, հայ ժո­ղո­վուր­դին ծա­ռա­յող, Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թեա­ն Ա­րե­ւել­եան Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Արե­ւել­եան Շրջա­նը, գու­մա­րեց իր 91-րդ պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վը, Փրո­վի­տեն­սի «Hilton» պան­դո­կին մէջ, հիւ­րըն­կա­լու­թեամբ Փրո­վի­տեն­սի «Անի» եւ «Արաքս» մաս­նա­ճիւ­ղե­րուն, Յու­լիս 14էն 17, 2011ին:

Ժո­ղո­վին պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը կա­տար­ուե­ցաւ Հ.Օ.Մ.-ի Քայ­լեր­գի եր­գե­ցո­ղու­թեամբ, ապա խօսք առաւ ընկհ. Թա­լին Մկրտիչ­եա­նը, «Անի» եւ «Արաքս» մաս­նա­ճիւ­ղե­րուն կող­մէ: Ան ող­ջու­նեց ժո­ղո­վը եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց իր աշ­խա­տանք­նե­րուն: Ապա հրա­ւի­րեց Տէր Կո­մի­տաս Պաղ­սար­եան, Սրբոց Վար­դա­նանց Եկե­ղեց­ւոյ Հո­վիւ, որ աղօթ­քով մաղ­թեց յա­րա­տեւ յա­ջո­ղու­թեան այս կա­նա­ցի կազ­մա­կեր­պու­թեան: Ապա Հ.Օ.Մ.-ի Արե­ւել­եան Շրջա­նի Ատե­նա­պե­տու­հի Ընկհ. Սիլ­վա Գու­յումճ­եան գնա­հա­տան­քի խօսք ուղ­ղեց բո­լոր պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն, հիւ­րե­րուն, «Անի» ու «Արաքս» մաս­նա­ճիւ­ղե­րու ըն­կե­րու­հի­նե­րուն, որոնք իրենց ան­շա­հախն­դիր նուի­րու­մով, անձն­ուէր ու սի­րով հիւ­րըն­կա­լե­ցին Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան Ժո­ղո­վը:

Ժո­ղո­վը իր աշ­խա­տան­քի ըն­թաց­քը առաւ ընտ­րե­լով Ժո­ղո­վի Ատե­նա­պե­տու­հի­ներ ու յանձ­նա­խում­բեր:

Ըն­կե­րու­հի Անի Կիւլ­պէնք (Սիւ­զան Թէրզ­եան, Ֆէր­ֆիլտ, Քէ­նէ­թի­քէթ) անգ­լե­րէ­նի Ատե­նա­պե­տու­հի

Ընկհ. Թա­լին Մկրտիչ­եան («Արաքս», Րոտ Այ­լընտ) հա­յե­րէ­նի Ատե­նա­պե­տու­հի. իսկ Ընկհ. Մա­յիս Քա­ֆաֆ­եան (Սի­պիլ, Մի­շի­կըն) եւ Ընկհ. Լին­տա Շա­թալ­եան Ուա­յաթ (Քնար, Ուս­տըր, Մէս) անգ­լե­րէ­նի Ատե­նադպ­րու­հի­ներ

Ընկհ. Շո­ղիկ Մահ­սէ­րէճ­եան («Անի», Ֆի­լա­տելֆ­իա) եւ Ընկհ. Նո­յե­մի Մի­սայ­եան («Ար­տե­միս», Ֆի­լա­տելֆ­իա) հա­յե­րէ­նի Ատե­նադպ­րու­հի­ներ

Ընկհ. Մարգ­րիտ Ստե­փան­եան («Արաքս», Րոտ Այ­լընտ), Օրէնս­գէտ

Ընկհ. Մա­րօ Նալ­պանտ­եան («Սա­թե­նիկ», Ուա­շինկ­թըն), Հսկիչ

Ապա, Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան Ժո­ղո­վը ընտ­րեց Հաշ­ուեքն­նիչ, Ընտ­րո­ղա­կան, Իրա­ւա­սու­թիւն ճշդող, Յա­րա­բե­րա­կան թուղ­թեր քննող, ու բա­նա­ձե­ւե­րու յանձ­նա­խում­բեր:

Հ.Յ.Դ. Արե­ւել­եան շրջա­նի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ` ընկհ. Ան­ժէլ ­Մա­նուկ­եան իր կար­գին խօսք առ­նե­լով նշեց, թէ ժո­ղո­վուր­դին միշտ ալ սի­րե­լի Հ.Օ.Մ.-ը, պահ­պան­ած մեր ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րը, ու միշտ կը ձգտի նոր սե­րունդ­նե­րու հա­յե­ցի դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան:

Հ.Օ.Մ.ի կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թիւնը կը ներ­կա­յաց­նէր ըն­կե­րու­հի Մայ­տա Մել­քոն­եան, որ հաս­տա­տեց թէ Հ.Օ.Մ.ը միշտ ամուր կանգ­նած, կը ծա­ռա­յէ ոչ միայն հա­յա­սի­րա­կան կա­րիք­նե­րու, այլ` հա­մա­մարդ­կա­յին կո­չում­նե­րու:

Հ.Օ.Մ.-ի Արե­ւել­եան Շրջա­նի, Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան հիւ­րերն էին Ըմկ. Ար­մէն Թօ­փուզ­եան եւ Ընկհ. Մար­լին Վի­շապ­եան, իրենց տա­րի­նե­րու ան­սա­կարկ ծա­ռա­յու­թեամբ ու փոր­ձա­ռու­թեամբ ուղ­ղե­ցին Ժո­ղո­վը:

Ապա, խօսք առաւ Արե­ւել­եան Ա.Մ.Ն.Ի Առաջ­նորդական Փոխանորդ՝ Եպիս­կո­պոս. Անու­շա­ւան Դանի­էլ­եան որ յայտ­նեց թէ Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թիւնը իր բա­րե­սի­րա­կան, կրթա­կան, խնա­մա­տա­րա­կան լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծու­նէ­ու­թեան ընդ­մէ­ջէն, հայ­րե­նա­սի­րու­թեան լա­ւա­գոյն ար­տա­յայ­տիչն է, եւ իրա­ւացի­օ­րէն հպար­տու­թեան զգա­ցում­ներ կը ներշն­չէ բո­լո­րին: Հ.Օ.Մ.ը միշտ իր ներդ­րու­մը ու­նի Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի, ինչ­պէս նա­եւ մեր գա­ղու­թի բո­լոր կա­րիք­նե­րուն:

Ապա Քոյր Մա­րալ Խա­չա­տուր­եան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արե­ւել­եան Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Շրջանա­յին վար­չու­թ­եան, խօսք առ­նե­լով գնա­հա­տեց Հ.Օ.Մ.-ը իր անսա­կարկ նուի­րու­մին ու աջակ­ցու­թեան, մաղ­թեց յա­ջո­ղու­թիւն յա­ռա­ջի­կայ օրե­րու պատ­կա­ռե­լի ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին:

Ըն­կեր Ար­մէն Թօ­փուզ­եան Արե­ւել­եան Շրջա­նի հիւր, օր­ուան բա­նա­խօս, պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն ու­շադ­րու­թիւնը գրա­ւեց, անդ­րա­դառ­նա­լով իր տա­րի­նե­րու վրայ ծա­ւա­լող աշ­խա­տանք­նե­րուն, Ար­ցա­խի մէջ: Ան մե­ծա­պէս օժան­դա­կած է նիւ­թա­պէս ու բա­րո­յա­պէս Հ.Օ.Մ.-ի Ար­ցա­խի Ման­կա­պար­տէզ­նե­րու շի­նու­թեան ու պահ­պան­ման:

Ժո­ղո­վը իր օրա­կար­գին ու­նէր Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան Տա­րե­կան Տե­ղե­կագ­րի ներ­կա­յա­ցու­մը, որը կա­տա­րեց ընկհ. Գա­րոլ Ճա­ֆար­եան, Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան Քար­տու­ղար. Power Point-ով ­ներ­կա­յա­ցու­մը մե­ծա­պէս գնա­հատ­ուե­ցաւ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն կող­մէ. հար­ցում­նե­րուն լու­սա­բա­նու­թիւն­ներ տրուե­ցան Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան Ատե­նա­պե­տու­հի` Ընկհ. Սիլ­վա Գու­յումճ­եան ու Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րու կող­մէ: Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան եռամ­եայ ամ­փոփ տե­ղե­կա­գի­րը կար­դաց Ընկհ. Մայ­տա Մել­քոն­եան:

Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան Գան­ձա­պա­հու­հի Ընկհ. Գա­րո­լին Շ­մա­ւոն­եան ներ­կա­յա­ցուց 2010-2011-ի նիւ­թա­կան տե­ղե­կա­գի­րը ու նա­խա­տես­ուած 2011-2012-ի նա­խա­հաշիւը: Ան պա­տաս­խա­նեց հար­ցում­նե­րուն ու լու­սա­բա­նու­թիւն­ներ տուաւ յա­ռա­ջի­կայ ծրա­գիր­նե­րու նա­խա­տես­ուած հա­շիւ­նե­րուն: Ժո­ղո­վը վա­ւե­րա­ցուց նա­խա­հաշիւը:

Ապա Պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը անդ­րա­դար­ձան Հ.Օ.Մ.-ի դերը հաս­նե­լու Հայ Ժո­ղո­վուր­դի կա­րիք­նե­րու ներ­կայ թէ գա­լիք ապա­գա­յին, նոր ու ազ­դու ծրա­գիր­նե­րու իրա­գործ­մամբ:Պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը վե­րա­հաս­տա­տե­ցին հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րուն ու հա­յե­ցի կրթու­թեան հան­դէպ իրենց յանձ­նա­ռու­թիւնը: Շա­րու­նա­կել մեր առա­քե­լու­թիւն­ը­ Ազ­գա­յին Ու­սում­նա­կան Խոր­հուր­դին նիւ­թա­կան ու բա­րո­յա­կան աջակ­ցու­թեամբ:

Չորս օրե­րու տե­ւո­ղու­թեան, Պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը նա­եւ առի­թը ու­նե­ցան ըն­կե­րա­յին մթնո­լոր­տի մէջ առա­ւել սեր­տա­նա­լու շնոր­հիւ հիւ­րըն­կալ մաս­նա­ճիւ­ղի ձեռ­նար­կած պտոյ­տին ու ընթ­րի­քի հիւ­րա­սի­րու­թեան:

Սրբոց Վար­դա­նանց Եկե­ղեց­ւոյ սրա­հէն ներս պատ­գա­մա­ւոր­ներ ու հիւ­րեր հիւ­րա­սիր­ուե­ցան հա­մա­դամ հայ­կա­կան առատ սե­ղա­նով: Օր­ուան ճոխ ար­ուես­տի յայ­տա­գի­րը, երգ ու նուա­գի, ներ­կա­նե­րուն ներշն­չեց, որոնք յոտն­կայս ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­ցի­ն` Ա­նուշ Գա­լիկեա­նին, Շանթ Եղ­եա­նին, Րաֆ­ֆի Ռշտունի­ին, ու Տա­լի­թա Կեց­ցոյ­եա­նին: Վարձ­քը կա­տար ու­սուց­չու­հի Տիկ. Այ­տա Գա­լիկ­եա­նին:

Արե­ւել­եան Ա.Մ.Ն.Ի Փոխ Առաջ­նորդ Եպիս­կո­պոս Անու­շա­ւան Դանի­էլ­եան գնա­հա­տեց երի­տա­սարդ­նե­րը, մաղ­թե­լով փայ­լուն ապա­գայ:Պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը շա­րու­նա­կե­ցին եր­գել երե­կոն փա­կե­լով Կի­լիկ­իա եր­գով:

Շա­բաթ` Յու­լիս 16-ին տե­ղի ու­նե­ցաւ Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան ընտ­րու­թիւնը: Վե­րընտ­րե­լի էին ըն­կե­րու­հի­ներ Սու­զան Ազար­եան, Գա­րո­լին Շմա­ւոն­եան, եւ Գա­րոլ Ճա­ֆար­եան:

Պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը ընտ­րե­ցին նա­եւ Հ.Օ.Մ.-ի 70-րդ Հա­մա­հայ­կա­կան Ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Յու­նաս­տա­նի մէջ: Ըն­կե­րու­հի­ներ Գա­րո­լին Շ­մա­ւոն­եան, Վա­լեն­թին Պէր­պէր­եան, Սթե­ֆը­նի Գիլ­եան եւ Թա­լին Մկրտիչ­եան: Ընկհ. Սիլ­վա Գու­յումճ­եան պի­տի ներ­կա­յաց­նէ Շրջա­նա­յին Վար­չու­թիւնը:

Երե­կոյ­եան տե­ղի ու­նե­ցաւ 91-րդ Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան Ժո­ղո­վի ընթ­րիք-պա­րա­հան­դէ­սը: Ըն­կե­րու­հի­ներ Թա­լին Մկրտիչ­եան ու Գա­րէն Բի­լա, հիւ­րըն­կալ մաս­նա­ճիւ­ղի ատե­նա­պետ­ներ, իրենց բա­րի գա­լուս­տի խօս­քե­րէն ետք, Ընկհ. Սիլ­վա Գու­յումճ­եան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց գա­ղու­թէն զօ­րա­ւիգ կանգ­նող ներ­կա­նե­րը ու հրա­ւի­րեց Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան ան­դամ Ընկհ. ԱՆի Աթ­թար, ներ­կա­յաց­նե­լու օր­ուա­ն «Ակ­նու­նի» Մրցա­նակ­ի ­ար­ժա­նա­վա­յել Ընկ. Ար­մէն Թօ­փուզ­եա­նի կեանքն ու տա­րած աշ­խա­տանք­նե­րը: Ընկ. Թօ­փուզ­եան 1997էն ի վեր քսա­նէ աւե­լի ան­գամ­ներ այ­ցե­լած է Ար­ցախ յա­տուկ առա­քե­լու­թեամբ, հաս­նե­լու Ար­ցա­խի ըն­տա­նիք­նե­րուն կա­րի­քին: Ան Հ.Օ.Մ.-ի Սօ­սէ Ման­կա­պար­տէզ­նե­րու շի­նու­թեան ու դա­սա­ւոր­ման աշ­խա­տան­քին մեծ դեր ու­նէր: Ի վեր­ջոյ Ընկ. Թօ­փուզ­եան մեծ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցած է հա­զա­րա­ւոր հա­յե­րու կեան­քին վրայ: Ըն­կե­րու­հի Սիլ­վա Գու­յումճ­եան յանձ­նեց «Ակ­նու­նի» մրցանակի Ընկ. Ար­մէն Թօ­փուզ­եա­նին:

Ընկհ. Սիլ­վա Գու­յումճ­եան նա­եւ յայ­տա­րա­րեց, Րէյ­սին Սօ­սէ մաս­նա­ճիւ­ղը կը տի­րա­նայ այս տար­ուան Դար Ակում­բի շրջուն Բա­ժա­կին: Անոնք կրցան յա­ջո­ղու­թեամբ ապա­հո­վել Դար Ակում­բի ան­դամ­ներ: Ան­հատ­ներ կրնան Դար Ակում­բի ան­դամ ըլ­լալ տա­րե­կան միայն հա­րիւր տո­լար նուի­րա­տուու­թեամբ:

Ներ­կա­նե­րը նա­եւ ունկնդ­րե­ցին Հ.Յ.Դ. Արե­ւել­եան Շրջա­նի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի Ատե­նա­պետ Ընկ. Անդ­րա­նիկ Գաս­պար­եա­նին: Ան շեշ­տեց թէ Հ.Օ.Մ.-ը միշտ օգ­նու­թեան ձեռք եր­կա­րած է երբ որ յարկ կայ, ու քա­ջա­լե­րեց որ շա­րու­նա­կեն դի­մագ­րա­ւել ներ­կայ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը Հայաս­տան թէ Սփիւռք:

Եպիս­կո­պոս Անու­շա­ւան Դանի­էլ­եան խօսք առ­նե­լով գնա­հա­տեց Հ.Օ.Մ.-ի Ըն­կե­րու­հի­նե­րը իրենց ու­սե­րուն կրած լայ­նա­ծա­ւալ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­նե­րուն հա­մար:  Ան եզ­րա­փա­կեց ըսե­լով «Դուք Աս­տուծ­մէ տրուած դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նիք հաս­նե­լու Հայ Ժո­ղո­վուր­դի կա­րիք­նե­րուն պա­հե­լու ու պահ­պա­նե­լու Հա­յի ինք­նու­թիւնը»:

Վերջաւորութեան 2011-ի վի­ճա­կա­հա­նու­թիւնը քաշ­ուե­ցաւ: Եր­կու հա­զա­րէ աւե­լի տոմ­սեր ծախ­ուած էր Արե­ւել­եան շրջա­նէն ներս: Այս Դրա­մա­հա­ւա­քի հա­սոյ­թը կը նպաս­տէ Հ.Օ.Մ.-ի Արե­ւել­եան Շրջա­նի ծրա­գիր­նե­րը:

Շրջա­նա­յին Վար­չու­թիւնս կը գնա­հա­տէ բո­լոր անոնք որոնք քա­ջա­լե­րե­ցին այս դրա­մա­հա­ւա­քին ու շնոր­հա­ւո­րէ բո­լոր շա­հող­նե­րը:

1st Prize Cash prize $2000

        Mr. Raffi Sarajian, Chestnut Ridge, NY

2nd Prize 14KT white gold pearl & diamond necklace donated by Golden Gift Jewelers, MI

        Gordon-Latz, Ft.  Lauderdale, FL

3rd Prize 16GB iPad with Wi-Fi

        Valentine Kazanjian, Broomall, PA

4th Prize Dell Lap Top

        Raffe Kesayan

5th Prize Hand painted Italian Scene

        Thomas Dardarian, Philadelphia, PA

Ապա ներ­կա­նե­րը վա­յե­լե­ցին Պրն. Լե­ւոն Ճա­նիկեա­նին ու իր նուա­գա­խում­բին եր­գերն ու նուա­գը:

Կի­րա­կի, Յու­լիս 17-ին Ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը, ատե­նա­պե­տու­հի­ներ, քար­տու­ղա­րու­հի­ներ, յանձ­նա­խում­բե­րու ան­դամ­ներ գնա­հատ­ուե­ցան իրենց տա­րած աշ­խա­տան­քին: Շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտն­ուե­ցաւ նա­եւ Ընկհ. Մար­լին Վի­շապ­եա­նին, Ժո­ղո­վի հիւր, իր եր­կա­րա­տեւ ծա­ռա­յու­թեան հա­մար: Ընկհ. Գա­րէն Փի­լա, «Անի» մաս­նա­ճիւ­ղի ան­դամ­-ան­դա­մու­հի­նե­րու անու­նով շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց բո­լո­րին եւ յի­շե­ցուց, որ կեդ­րո­նա­նանք Հ.Օ.Մ.-ի առա­քե­լու­թեան որ մեր սրտե­րուն վրայ դրոշմ­ուած է, եւ ոչ թուղ­թե­րու վրայ:

Ընկհ. Սիլ­վա Գու­յումճ­եան նշեց Արե­ւել­եան Շրջա­նի Հ.Օ.Մ.ի քար­տու­ղա­րու­հի Ընկհ. Վար­դու­հի Չի­լոյ­եա­նի ներդ­րու­մը, որը անա­չառ կեր­պով աշ­խա­տանք տա­րած էր ծա­ռա­յե­լու շրջա­նա­յի­նի գրա­սեն­եա­կի աշ­խա­տանք­նե­րուն տար­բեր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ:

Փրո­վի­տեն­սի «Անի» ու «Արաքս» մաս­նա­ճիւ­ղե­րուն յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն, որոնք կազ­մա­կեր­պե­ցին յի­շա­տա­կե­լի ժո­ղով ատակ առաջ­նոր­դի ղե­կա­վա­րու­թեամբ Ընկհ. Ճոյս Երեմ­եա­նի: Տա­րե­կան հա­ւաք­նե­րուն տար­բեր շրջան­նե­րէ ժա­մա­նող ըն­կե­րու­հի­ներ վե­րա­նո­րոգ ուխ­տով պի­տի շա­րու­նա­կեն Հ.Օ.Մ.-ի առա­քե­լու­թիւնը:

 

Ընկհ. ՄԱՅԻՍ ԳԱՖԱՖԵԱՆ

(91-րդ Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան Ժո­ղո­վի թղթա­կից)

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles