
Շաբաթ, Դեկտեմբեր 3-ին, Փրովիտենսի մէջ նշուեցաւ Հ.Յ.Դ.-ի 126-ամեակը, տեղւոյն «Քրիստափոր» Կոմիտէութեան կազմակերպութեամբ:
«Հարպըր Լայթ Մարինա»ի մէջ կատարուած այս ձեռնարկին ներկայ էին 150 հայորդիներ: Օրուան հանդիսավարն էր Հրակ Առաքելեանը, որ բեմ հրաւիրեց «Քրիստափոր» Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Տոնոյեանը: Առաջին հերթին յոտնկայս, վայրկեան մը յարգուեցաւ յիշատակը, վերջերս մահացած ընկերներ՝ Թոմ Վարդապետեանի (տարիներ շարունակ ծառայած «Հայրենիք»ի անգլերէն բաժնի՝ «Արմինիըն Ուիքլի»ին) եւ Արա Տէմիրճեանի (Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի գործավար):
Ա.Մ.Ն.-ի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք, խօսք առաւ Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ Հայր՝ Գաբրիէլ Նազարեան, որ շնորհաւորեց Հ.Յ.Դ.-ի 126-ամեակը:
Շրջանէն հինգ ազգայիններ՝ Ռիթա Մինասեան (Հ.Ե.Դ.), Մակի Մատարենց (Համազգային), Քարէն Փիլա (Հ.Օ.Մ.), Սարգիս Մինասեան (Հ.Մ.Ը.Մ.) եւ Սեդա Դարբինեան (Հ.Օ.Մ.) այս առթիւ ստացան յուշանուէրներ, գաղութէն ներս իրենց ունեցած հետեւողական ներդրումին առթիւ:
Օրուան բանախօսն էր Լոս Անճելըսէն ժամանած՝ Մուրատ Թոփալեան, որ կոչ ուղղեց երիտասարդութեան շարունակելու Քրիստափորներու, Ռոստոմներու եւ Զաւարեաններու կերտած կուսակցութեան աշխատանքը: Նշենք թէ, ան նախապէս դասախօսած էր երիտասարդականներուն, որմէ ետք կատարուած էր խրախճանք:
Գեղարուեստական յայտագրով, ելոյթ ունեցան Սեւակ Խաչատուրեան, Մարթին Յարութիւնեան եւ Շահան Ներսէսեան, որոնք ներկայացուցին ազգային եւ տոհմիկ երգերու փունջ մը, մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով: Աւարտին, հաւաքուեցաւ հազար տոլար, որ տրամադրուեցաւ Սուրիահայութեան օգնութեան ֆոնտին: