Ամերիկահայ

Փրաւիտընս․- Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Ուտելիքներու Տարեկան Տօնավաճառ

Փրաւիտընսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ ուտելիքներու տարեկան տօնավաճառը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 15 Հոկտեմբերին, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ։

Գեղեցիկ օդը սատարեց ձեռնարկի մեծ յաջողութեան, որուն ղեկավարութիւնը ստանձնած էին Արիս Խաչատուրեան եւ Կարօ Թաշճեան։ Հարի Պետրոսեան եւ իր նուագախումբը ապահովեցին երաժշտական բաժինը, իսկ Համազգայինի «Արցախ» նորակազմ պարախումբը իր առաջին հրապարակային ելոյթը ունեցաւ համավարակէն ետք։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button