ՓՐԱՒԻՏԸՆՍԻ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՍՈՒՐԲ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ

0 0
Read Time:1 Minute, 34 Second

 

Կիրակի, Փետրուար 19-ին, Սրբոց Վարդանանց տօնին առթիւ, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ․ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան պատարագեց ու քարոզեց Փրաւիտընսի (Ռոտ Այլընտ) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, անուանակոչութեան տօնին առթիւ։

Յընթացս Սուրբ Պատարագին, դպիր ձեռնադրուեցան Շահէն Աթթարեան եւ Սարգիս Նասր։ Սրբազան Հայրը  խօսքը ուղղելով Հ․Մ․Ը․Մ․-ի ընտանիքի մատղաշ սերունդին, ինչպէս նաեւ Կիրակնօրեռայ վարժարանի աշակերտներուն, քաջալերեց զիրենք որ իրենց ծնողներէն եւ ուսուցիչներէն ժառանգած արժէքներուն հակոտնեայ ինչպիսի անձինք փորձեն շեղեցնել զիրենք դարաւոր մեր ուղիէն, զօրանա՛ն Վարդանանց ոգիով։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, տեղի ունեցաւ տոհմիկ ճաշկերոյթ, Արանց եւ Տիկնանց յանձնախումբերուն պատրաստութեամբ, որ սպասարկուեցաւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի անդամներուն կողմէ։ Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քնհ. Նազարեանի աղօթքէն ետք, հանդիսավար տիար Կարօ Թաշճեան բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն, ծանօթացուց պատուոյ սեղանի հիւրերը, եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժպ. Տ․ Գաբրիէլ եւ երէցկին Տէպի Նազարեան, Արժպ. Տ․ Կոմիտաս Ա. Քհն․ Պաղսարեան՝ Թրոյի Ս․ Խաչ եկեղեցւոյ հովիւ, տիար Յակոբ Խաչատուրեան՝ Ազգային Վարչութեան ատենապետ, եւ հրաւիրեց եկեղեցւոյ ատենապետ՝ Լեւոն Աթթարեանը, որ հակիրճ պատկերով ներկայացուց եկեղեցւոյ գործունէութիւնը եւ ապագայի ծրագիրները։ Ապա հրաւիրեց Սառա Մուրաճեանը եւ Արամ Մատոյեանը, որպէսզի ստանան Ազգային Առաջնորդարանի գնահատագրերը իրենց բազմամեայ անսակարկ ծառայութեան համար։ Տ. Գաբրիէլ Քհն. շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ծխականներուն եւ մարմիններուն իրենց անվերապահ նուիրումին համար, որով եկեղեցին յարատեւ կերպով կ՛աճի։

Այնուհետեւ, Շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտները Վարդանանց տօնի յատուկ յայտագիր մը գործադրեցին, որ շաղկապեց երէց եւ նորահաս սերունդները նոյն ապագայի անմար կայծով։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր անհուն ուրախութիւնը յայտնեց նախախնամութեան անունով կնքուած այս քաղաքի հայ համայնքի բոլոր մարմիններու միջեւ շինիչ համագործակցութիւնը։ Վարդանանց խորհուրդի թանկագին աւանդը մեզի, ըսաւ սրբազան հայրը, առողջ, անձնուէր եւ հեռատտես ղեկավարութեան համախմբումն է։ Ան բարձրօրէն գնահատեց եկեղեցւոյ եւ քոյր կազմակերպութեանց ղեկավարութեան ներդաշնակ եւ դրական գործակցութիւնը աւելցնելով, թէ խորապէս զգացուած էր, երբ խորանին վրայ տեսած էր դպիր մը, որ պատարագէն ետք Հ․Մ․Ը․Մ․-ականի տարազով շարունակած էր ծառայել ճաշկերոյթին։

Արժպ. Տ. Կոմիտաս Ա․ Քահանայի աղօթքով եւ «Կիլիկիա» երգով փակուեցաւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան եւ 83-րդ տարեդարձի տօնախմբութիւնը։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles