
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com
Գառնիկ Գիւզալեան (1): Գիւզալեան եղած է այն առաջին հայը, որուն բերնէն լսած եմ արեւելահայերէն կենդանի խօսքը, որուն հանդէպ միշտ ալ մեծ սէր ունեցած եմ շնորհիւ Ռաֆֆիի, Թումանեանի, Մահարիի, Զօրեանի եւ ուրիշներու գործերուն, որոնց շատ կանուխէն կը ծանօթանայինք մենք: Մեր դասագիրքերը այնքան յաջող պատրաստուած էին, որ հեզասահ ու անզգալաբար կ’ընտելանայինք արեւելահայերէնին ու արեւելահայ գրողներուն, հետեւաբար եւ կը սիրէինք զանոնք: Մեր մեծ զրկանքը կենդանի արեւելահայու պակասն էր մեր կեանքին մէջ: Ահա թէ ինչու առաջին հանդիպումէն ուշադրութիւնս գրաւեց ան, եւ հիմա տասնամեակներ ետք ալ կը մղէ զիս, որ յիշեմ զինք:
* * *
Գիւզալեան Փետրուարեան ապստաամբութեան մէջ զինեալ մասնակցութիւն ունեցած ըլլալուն պատճառով Հայաստանը լքողներէն եղած էր 1921-ի ապրիլի սկիզբը:
Ողն ու ծուծով արեւելահայ էր՝ պատկանելութեան շատ խոր զգացումով, այդ պատճառով, կը կարծեմ, այնքան ալ հաշտ չէր այն միջավայրին հետ, որ բոլորովին արեւմտահայութիւն կը բուրէր թէ՛ իբրեւ գաղութ, թէ՛ իբրեւ հաստատութիւն, ուր ինք կը պաշտօնավարէր: Վստահաբար պիտի նախընտրէր, որ հիմա գտնուէր հայրենի հողին վրայ ու ծառայէր անոր մէկ հաստատութեան մէջ եւ մանաւանդ, մանաւանդ աւելի բարձր մակարդակի վրայ. Ճեմարանը իրեն համար համեստ էր, նեղ կու գար եւ չէր գոհացներ զինք, մինչ ինք հոգիին հայեացքները ուղղած էր հեռաւոր բարձունքները, ուստի չէր վարաներ ատենը մէյ մը դառնութեամբ ու որոշ արհամարհանքով ըսելու.
–Իմ ընկերները էնտեղ համալսարանի դասախօս են, իսկ ես էստեղ…
Եւ կու տար անուններ, որոնց ծանօթ չէինք. յաճախ կը կրկնուէր Յակոբ Մանանդեանի անունը, որուն մասին աւելի ուշ ծանօթութիւն ունեցանք:
Չէր վարաներ ակնարկելու մասնաւորաբար իր եւ ընդհանրապէս հայ ուսուցիչին ստացած վարձատրութեան եւ գտած գնահատանքին, որ անբաւարար կը նկատէր յարաբերաբար անոր իսկական արժէքին ու խաղացած դերին, այլ հարց, թէ հայ դպրոցը հազար ու մէկ դժուարութիւն կը դիմագրաւէր այդքանն ալ տալու համար իր մշակներուն:
Մէկ խօսքով՝ երջանիկ չէր ան եւ կ’ապրէր հոգեկան աքսորի մը մէջ, որուն հետ չէր յաջողեր հաշտուիլ, մինչդեռ իր բախտակիցները Ճեմարանի մէջ թէ այլուր, կը թուէին աւելի հեշտ ու հաշտ կրած ըլլալ այդ նոյն աքսորը, ինչպէս Շանթը, Աղբալեանը,– որ կին ու զաւակներ ալ ձգած էր Հայաստանի մէջ,– Վրացեանը, Կոմսը, Շաւարշ Մակարեանը,– որ իր դասընկերը եղած էր Փրակայի մէջ եւ հիմա ուսուցչութիւն կ’ընէր Պուրճ-Համմուտի համեստ նախակրթարաններուն մէջ,– Վահան Նաւասարդեանը, Ռուբէն Դարբինեանը եւ ուրիշներ. ասոնք բոլորը յականէ-յանուանէ ծանօթ չէին մեզի, սակայն եւ այնպէս բոլորովին անծանօթ չէր անոնց կերպարը եւ վերաբերումը ստեղծուած կացութեան հանդէպ:
* * *
Մասնագիտութեամբ պատմաբան էր , ուսանած էր Փրակայի համալսարանը, ուր 1920-էն ետք խումբ մը ընկերներով ղրկուած էր Հանրապետութեան տարագիր կառավարութեան կողմէ՝ իբրեւ թոշակառու չեխական պետութեան, այն ակնկալութեամբ, որ անոնք հմտանային ու վերադառնալով ծառայէին սփիւռքահայութեան: Եւ իրօք ալ Ճեմարանի հիմնադրութեան առաջին տարիներէն արդէն Գիւզալեան կարգուած էր պատմութեան ուսուցիչ:
Իմ տարիներուս՝ 1953-էն սկեալ, Հայոց պատմութիւն կը դասաւանդէր 7-րդին եւ ընդհանուր ազգաց պատմութիւն՝ 8-րդին:
Մանրակազմ, չոր, դժուարահաղորդ ու ներամփոփ մարդ մըն էր, որ ոչ մէկ ճիգ կը թափէր շահելու աշակերտներուն համակրանքը, որուն կարծես պէտքը չէր ալ զգար, իսկ հակառակը աւելի հաւանական ըլլալ կը թուէր: Զիս կանխող ճեմարանական ընկեր մը, որ աւելի երկար ու խոր ճանչցած է զինք, սրամտօրէն գրած է իր մասին. «Որպէս աշակերտներ՝ բոլորս ալ ատեցինք զինքը…իր իւրաքանչիւր դասը՝ վերջին դատաստանն էր»:
Երբեմն կ’ունենայի այն տպաւորութիւնը, թէ դժկամակութեամբ կու գար դպրոց ու կը դասաւանդէր եւ թէ պիտի նախընտրէր ազատ մնալ նման տաղտուկէ մը ու զբաղիլ իր աշխատութիւններոբվ. սակայն պէտք էր ապրիլ ու ապրելու համար՝ աշխատիլ:
Հակառակ այս բոլորին, սակայն, երբեմն առիթը կը գտնէր զուարթանալու եւ զուարթացնելու նաեւ շրջապատը: Այդ բանին կ’օգնէր իր բնատուր սրամտութիւնը:
Անգամ մը հանդիպեցանք Փարպի տեղանունին, որ ոչինչ կ’ըսէր մեզի:
Հարցաքննուողը ս. Ղազարէն այդ տարի եկած տղայ մըն էր, որ հաւանաբար հազիւ դպիրի աստիճան ունէր այնտեղ, իսկ Գիւզալեան զայն «եպիսկոպոս» օծած էր:
–Ասա՛, եպիսկոպոս,– ընդմիջեց,– դու ճանաչո՞ւմ ես Փարպին…
Անշուշտ ոչ:
–Նա ազգին տուել է երկու հանճարներ…
–Ովքե՞ր են,– հարցուց երէկուան դպիրը եւ այսօրուան եպիսկոպոսը:
–Մէկը՝ պատմագիր Ղազար Փարպեցին է, իսկ միւսը…
Այս ըսելով եւ մեր հետաքրքրիր աչքերուն առջեւ՝ ամպիոնին վրայ տեղէն ելաւ-կանգնեցաւ եւ մինչեւ մէջքը խոնարհելով՝
–Իսկ միւսն էլ…ձեր խոնարհ ծառան…
Մենք առիթը շատ յարմար դատեցինք քիչ մը զուարճանալու, ինչ որ շատ չէր պատահեր: Ունէինք կապը փրթած դասընկեր մը՝ Զոհրապ Թեճիրեանը, որ տեղէն ցատկեց եւ լիահագագ «կեցցէ՜ մեր հանճարեղ պարոնը» ճչաց խելայեղ ծափելով, մենք ալ մեքենաբար առիթէն օգտուեցանք ու «կեցցէ՜» աղաղակեցինք մէկ ձայնով՝ բաղնիքի վերածելով դասարանը:
–Մէկ էլ չլսե՛մ,– սաստեց Գիւզալեան՝ քարացնելով բոլորս:
* * *
Կարո Սասունի: Ունէինք յեղափոխական ուսուցիչ մըն ալ՝ Կարո Սասունին:
Սա իր կարգին Հայաստանէն նշխար մըն էր: Ծնունդով սասունցի էր ան, ինչպէս ցոյց կու տայ ծածկանունը, եւ ըստ համոզումին՝ «Մամիկոնեաններու շարաւիղէն»[1]: Վաղ հասակին «թաղին հաւերն ու ընկուզենիները քարկոծելէ, իսկ աւելի ուշ հօրը հրացանը առած՝ Սասնոյ սարերը չափչփելէ ետք»՝ կը յայտնագործէ իր բուն կոչումը, որ է հայ ազատագրական պայքարին նուիրումը, այդ համոզումով ալ ապրած է: Ան կանուխէն բախտը կապած է Արեւելեան Հայաստանին, մասնակցած է կամաւորական արշաւանքներուն, իսկ Հանրապետութեան տարիներուն հասած է մինչեւ Շիրակի նահանգապետի պաշտօնին:
Անոր մէկ ոտքը կաղ էր, թէեւ յատուկ կօշիկի մը շնորհիւ գրեթէ լման կը սքողէր այդ թերութիւնը՝ պատկառանք ազդելու աստիճան, մանաւանդ ձեռնափայտովն ու ծխամորճովը, որոնք շատ կը վայելէին իրեն, ամերիկեան գլխարկը իր կարգին: Ամէն անգամ որ կաղ ոտքը յառաջ նետէր, կը լսուէր տախտակի խուլ դոփիւն մը, որ յատուկ էր իրեն եւ որով կրնայինք ճանչնալ զինք՝ նոյնիսկ առանց տեսնելու: Սասունի Հայ գրականութիւն կը դասաւանդէր հակառակ այն իրողութեան, որ կեանքին մէջ գրականութեան հետ բացարձակապէս ոչ մէկ առնչութիւն ունեցած ըլլար: Մինչեւ անգամ գրած էր «Արեւմտահայ գրականութիւն» անուն աշխատութիւն մըն ալ, որ իբրեւ դասագիրք կ’օգտագործէինք աւարտական երեք տարիներուն եւ մերինէն զատ ոչ մէկ դպրոց որդեգրած էր զայն: Գալով բարձրագոյն ուսման՝ իր վերջերս հրատարակուած յուշերուն մէջ քանիցս կ’ակնարկէ, որ անակնկալ ու ակամայ բազմաթիւ ընդմիջումներով աշակերտած է Պոլսոյ Իրաւաբանական դպրոցին, սակայն զայն բարւոք աւարտած ըլլալուն ոչ մէկ հաստատում կը գտնենք:
* * *
Ինք եւս, Գիւզալեանի պէս, մասնակցած էր Փետրուարեան ապստամբութեան՝ վաշտապետի աստիճանով,– ուրեմն զինակիցներ ու գաղափարակիցներ էին եւ միասին ալ դուրս եկած էին Հայաստանէն:
Մեզի անծանօթ պատճառներով,– չես գիտեր ի՛նչ կատու անցած էր անոնց մէջէն,– Գիւզալեան ու Սասունի չէին խօսեր իրարու հետ: Եւ այս չէ բոլորը. անոնք չէին հանդուրժեր զիրար: Երբ ազատ ժամուն Սասունի սերտարանի հիւսիսային անկիւնը նստած ըլլար, Գիւզալեան հարաւային անկիւնը կ’ընտրէր, եւ փոխադարձաբար, իսկ երբ Ճեմարանի թիւ 1 շէնքի երկար ու ձիգ սանդուղներուն վրայ իրարու դէմ ելլէին, մէկը աջ կը նայէր, միւսը՝ ձախ: Այսուհանդերձ նկատելի էր, որ Սասունի յարաբերաբար աւելի կը զսպէր ինքզինք, թեթեւի կ’առնէր, մինչ Գիւզալեան…հազիւ տեսնէր զայն, իսկոյն յօնքերը կը պռստէր, շուրթերը կը կծկուէին, աչքերը աւելի կը պճլտային, եւ դէմքը կը կարմրէր ու կը մռայլէր. կը զգայինք որ անոր հոգիին խորերէն կ’անցնէին սանձարձակ փոթորիկներ, որոնք բնաւ նման չէին Դանիէլ Վարուժանի «ցորեանները յուշիկ-յուշիկ արթնցնող հովերուն»:
Այս ընթացքով՝ Սասունի կրնար հարիւր տարի անտեսել Գիւզալեանը՝ առանց անոր անունն իսկ տալու, սակայն պարագան նոյնը չէր Գիւզալեանին, որ ներքնապէս կ’եփէր եւ ինչպէս կ’ըսեն…կը փնտռուէ՜ր:
Եւ կը գտնէր փնտռածը:
Մենք ամէն ճիգ կը թափէինք գոնէ իր ներկայութեան ճիշդ հայերէն մը կիրարկելու, սակայն միշտ չէինք յաջողեր, եւ Գիւզալեանի սրալուր ականջները անպայման կ’որսային մեր սխալը. ահա ոսկի առիթ մը, որպէսզի ան յարձակէր Սասունիի վրայ.
–Ձեր հայոց լեզուի ուսուցիչը մէկ ոտքով կը կաղայ, իսկ ձեր հայերէնը՝ երկու ոտքով…
Իր «տրամաբանութեամբ»՝ մեր սխալներուն պատճառը…Սասունին էր:
[1] Ան չէր վարաներ, բազկերակը ցոյց տալով, պնդելու. «Եթէ այս երակը պատռէք, Մամիկոնեան արիւն կը հոսի»,– իսկ թէ ինչի՞ վրայ հիմնուելով կը մտածէր այդպէս…առիթ չեղաւ գիտնալու: