Read Time:23 Second
ՍԵՒԱՆ ԼԱԼԻՔՕՂԼՈՒ
Իսթանպուլ
Փետրուար 20, 2016
Տարիներու ընթացքին
Ինծի հետ քաղաքս ալ մեծցաւ
Տարիքս կ’աւելնար
Եւ Պոլսոյ տուներուն թիւը
Նոյնպէս՝ բնակչութիւնն ալ…
Տարիներով մազերս կը նուազին
Իսկ քաղաքին՝ ծառերուն թիւը
Նոյնպէս՝ հայկական դպրոցներունը
Աշակերտութեան թիւն ալ…
Սրտիս մէջ փոթորիկներ
Իսկ քաղաքիս մէջ ռումբեր կը պայթին
Ատենին ծովեզերք կ’երթայինք լողալու համար
Յետոյ ծովը դիտելու միայն կրցանք երթալ
Աւա՜ղ աղտոտութենէն չէինք կրնար մտնալ
Իսկ հիմա ծովափը շէնքեր տնկեցին
Ապակիին ետեւէն ծովը դիտեն ըսելով