
Read Time:58 Second

Պատասխանելով դիտարկման, թէ արդեօք այն, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը խօսած է փուլային լուծման տարբերակին մասին, նաեւ անդրադարձած է հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն մէջ առկայ խնդիրներու մասին, չի՞ նշանակեր, որ կայ ճնշում ռուսական կողմէն, Իշխան Սաղաթելեանը նշեց. «Ակնյայտ է, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն մէջ այսօր կան ոչ հարթ իրավիճակներ, եւ ատիկա շատ յաճախ պայմանաւորուած է մեր վարած արտաքին քաղաքականութեան չմտածուած քայլերով եւ գործողութիւններով: Բայց ատիկա չի նշանակեր, որ ըլլայ ռուսական, թէ որեւէ այլ կողմ, ունի իրաւասութիւն այս հարցով մեր պետութեան վրայ ճնշում գործադրելու: Ասիկա մեզի համար համահայկական, համազգային նշանակութեան խնդիր է: Եթէ կայ նման խնդիր, մենք պէտք է բոլորս միասնաբար դիմադրենք անոր»: