Փութին Եւ Փաշինեան Կը Շեշտեն Յարաբերութիւնները Զարգացնելու Անհրաժեշտութիւնը

0 0
Read Time:2 Minute, 23 Second
ՄՈՍԿՈՒԱ․- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սեպտեմբեր 8-ին հանդիպում ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Քննարկուեցան երկու երկիրներու ռազմավարական գործընկերութեան վերաբերող հարցերու լայն շրջագիծը։ Իր խօսքին մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ըսաւ թէ այսօրուան դրութեամբ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւնները կայուն կերպով կը զարգանան բոլոր ուղղութիւններով:
«Վստահաբար Ռուսիան առաջին դիրքը կը գրաւէ Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական գործընկերներու շարքին: Մենք մեծագոյն ներդրողն ենք Հայաստանի տնտեսութեան մէջ, եւ կրնանք ըսել, որ այս իմաստով յարաբերութիւնները բաւական բազմազան են: Անոնց մէջ կան ուժանիւթի ոլորտը, որուն մէջ` ածխաջրածնային ուժանիւթը, կազի մատակարարումը, ընդ որում` ամէնէն ցած գինով, որով «Կազփրոմ»-ը աշխարհի մէջ կազ կը վաճառէ 150 տոլարի` 1000 խորանարդ մեթրի դիմաց, աթոմային ուժանիւթը, ջերմային ուժանիւթը: Մենք մեր յարաբերութիւնները կը զարգացնենք նաեւ մետաղագործական արդիւնաբերութեան մէջ, ընդ որում`  տարբեր ուղղութիւններով, եւ մեքենաշինութեան ոլորտին մէջ: Մէկ խօսքով` մենք քննարկելու հարցեր ունինք: Յատկապէս ուրախալի է, որ նախորդ տարի ապրանքաշրջանառութիւնը աւելցած է գրեթէ 30 տոկոսով, իսկ այս տարուան առաջին կիսամեակին աճը արդէն կազմած է 22,2 տոկոս, այսինքն` եթէ այսպէս շարունակուի, մենք պիտի գերազանցենք նախորդ տարուան ցուցանիշները: Մեր համագործակցութեան ծաւալը մեծ է: Շատ ուրախ եմ ձեզ տեսնելու` քննարկելու մեր ընթացիկ փոխադարձ գործակցութիւնը եւ զարգացման միջնաժամկէտ հեռանկարները», յայտնեց Փութին:
Վարչապետ Փաշինեան իր կարգին ուրախութիւն յայտնեց եւ ըսաւ․- «Կը կարծեմ, թէ այսպիսի պարբերականութիւնը ցուցանիշ է մեր յարաբերութիւններու յատուկ բնոյթին եւ, թոյլ տուէք ըսել, նաեւ մեր անձնական յարաբերութիւններու յատուկ բնոյթին: Կ՛ուզեմ ընդգծել, որ, ի հեճուկս որոշակի յոռետեսութեան, որ այսօր գոյութիւն ունի ե՛ւ հայաստանեան, ե՛ւ ռուսական լրատուական դաշտին եւ ընկերային ցանցերուն մէջ, կը կարծեմ, թէ մեր յարաբերութիւնները կը զարգանան շատ աշխուժ, շատ բնական կերպով, իսկ գլխաւոր խնդիրը, զոր պէտք է փորձենք լուծել, մեր յարաբերութիւններու զարգացման համար առկայ ամբողջ ներուժի բացայայտումն է: Բայց ատիկա չի նշանակեր, որ մեր յարաբերութիւններուն մէջ չկան հարցեր. Աստուած հեռու պահէ այդպիսի իրավիճակէ, երբ յարաբերութիւններուն մէջ չկան հարցեր, քանի որ ատիկա պիտի նշանակէր, որ յարաբերութիւն ընդհանրապէս գոյութիւն չունի: Վստահօրէն կրնամ ըսել, որ մեր յարաբերութիւնններուն մէջ չկան անլուծելի հարցեր, եւ մենք այսօր կը քննարկենք հարցերու շատ լայն շրջանակ: Վստահ եմ, որ  այդ հարցերը պիտի լուծուին` մեր դաշնակցային յարաբերութիւններու շահերուն նկատմամբ յարգանքի, մեր երկիրներու շահերուն նկատմամբ յարգանքի, մեր երկիրներու ինքնիշխանութեան նկատմամբ յարգանքի եւ իրարու ներքին գործերուն չմիջամտելու սկզբունքին հիման վրայ: Շատ ուրախ եմ, որ ռուս ներկայացուցիչները, ամէն անգամ խօսելով մեր յարաբերութիւններուն մասին, կ՛ընդգծեն նաեւ այս առանցքային հարցերը: Կը կարծեմ` գլխաւոր խնդիրը իսկապէս մեր յարաբերութիւններուն մէջ առկայ ամբողջ ներուժի բացայայտումն է:
Փաշինեան անդրադարձաւ Աևցախի տագնապի լուծման` դիտել տալով, որ յաճախ հարցում կ՛ուղղուի այն մասին, թէ Հայաստան այս հարցով պատրա՞ստ է փոխզիջումներու: «Ես, այդ հարցումին պատասխանելու ատեն միշտ անհրաժեշտ կը նկատեմ ընդգծել, որ նախ պէտք է Ազրպէյճանին հարցնել` արդեօք ան պատրա՞ստ է փոխզիջումներու, որովհետեւ այն իրավիճակին մէջ, երբ Ազրպէյճան անընդհատ սպառնալիքներ կը կարդայ Հայաստանի եւ Արցախի հասցէին, որեւէ ձեւով ըսել, թէ Հայաստան պատրաստ է փոխզիջումներու, պիտի նշանակէ թուլութիւն ցոյց տալ: Մենք երբեք ատիկա չենք ըներ: Եւ կ՛ըսենք, որ Հայաստանի հետ ոեւէ մէկը չի կրնար սպառնալիքներու լեզուով խօսիլ: Մենք նման բան չենք արտօներ», հաստատեց ան:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles