ՓՈՒԹԻՆ՝ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԵՒ ԱԼԻԵՒԻ ՄԻՋԵՒ

0 0
Read Time:2 Minute, 49 Second

Ա.Ա.
Ճիշդ է, որ նախ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան, ապա Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ մեկնեցան Մոսկուա եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ աշխատանքային հանդիպումներու ընթացքին արծարծեցին «փշոտ եւ ցաւոտ խնդիրներ» լուծելու հեռանկարները, Հայաստանի Արարատի մարզի Երասխ գիւղին ուղղութեամբ Նախիջեւանեան դիրքերէ կրակոցները վերածուեցան բաւական վտանգաւոր իրադարձութիւններու, որոնք յուշեցին նաեւ նոր պատերազմի մը սկսման ատրպէյճանական նկրտումները՝ ռուսական դիւանագիտական ճիգերը ամլութեան մատնելու վտանգներ ալ ստեղծելով։ Այս իմաստով Փաշինեան Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի հետ իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ ըստ անպաշտօն աղբիւրներէ ստացուած տեղեկութիւններու, Ատրպէյճան տրամադրութիւն ունի նոր պատերազմ հրահրելու Արցախի մէջ եւ Հայաստանի հետ սահմանին վրայ։
Նման վտանգաւոր կացութեան մը մէջ է, որ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահը հարաւային կովկասեան իր այցելութիւնը կը կատարէր եւ յստակօրէն կը յայտարարէր Եւրոպական Միութեան քաղաքական կեցուածքները եւ ակնկալութիւնները՝ առաջին հերթին Ատրպէյճանէն։ Սակայն ինչպէս միշտ, դիւանագիտական չափազանց նուրբ մօտեցումներով է, որ եւրոպացի պաշտօնատարը կը խուսափէր Պաքուի մէջ խօսելէ այն ոճով, զոր գործածած էր Երեւանի մէջ։ Թէ բառամթերքը, թէ՛ հարցերը դիտելու եւ գնահատելու եղանակները յստակօրէն կը տարբերէին Երեւանի եւ Պաքուի մէջ։
Ռուսական մամուլը լայնօրէն անդրադարձաւ եւ վերլուծական յօդուածներ հրատարակեց Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի Մոսկուա այցելութեան եւ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ տեսակցութեան մասին։ Յատկապէս նշուեցաւ Փութինի այն յայտարարութիւնը, թէ կան զգայուն հարցեր, որոնք պէտք է լուծուին։ Իսկ զանոնք լուծելու համար պէտք է ունենալ ժողովուրդին աջակցութիւնը։
Ռուսական «Քոմերսանթ»-ը՝ անդրադառնալով Փութին-Փաշինեան հանդիպման եւ Փութինի այս խօսքերուն, կը գրէր, որ Փաշինեան իր իշխանութեան օրինականութիւնը Մոսկուայէն երեւան տարաւ։ «Թէեւ Հայաստան դաշինքի առաջնորդ Ռոպէրթ Քոչարեանն ու Վլատիմիր Փութին վաղեմի բարեկամական կապեր ունին, ներկայիս այդ բարեկամութիւնը նշանակութիւն չունի», կը գրէր օրաթերթը։ Յօդուածագիրը նաեւ կը նշէր,որ Մոսկուա ընդունած է Հայաստանի խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններուն արդիւնքները եւ պիտի շարունակէ գործել Փաշինեանի հետ՝ եռակողմ համաձայնագրի ծիրին մէջ։
Թէ ինչ զգայուն, չափազանց բարդ եւ սուր հարցերու մասին է ակնարկութիւնը, Փութին չըսաւ, սակայն ակնյայտ է, որ Փութին- Փաշինեան հանդիպման ընթացքին քննարկուած են պատերազմական գերիներու եւ Հայաստան – Ատրպէյճան սահմանային լարուածութեան խնդիրները՝ փակ դռներու ետին։
Հայաստանի խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք Թուրքիա եւ Ատրպէյճան սկսան խօսիլ եռակողմ համաձայնագրերու դրոյթներու իրագործումը արագացնելու կարեւորութեան մասին։ Խօսքը առաջին հերթին կը վերաբերի փոխադրութեան եւ հաղորդակցութեան ապաշրջափակման։ Տեղին է նշել,որ Փութին այս խնդրին շուրջ Յունիս 24-ին հեռաձայնային խօսակցութիւններ ունեցաւ Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ։
Ռուսիոյ նախագահը քանի մը օր առաջ ալ Մոսկուայի մէջ ընդունեց Ատրպէյճանի նախագահը, որուն հետ աշխատանքային հանդիպման մը ընթացքին արծարծեց նոյն հարցերը, որոնց շուրջ խորհրդակցութիւններ ունեցած էր Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարին հետ։ Այլ խօսքով՝ պատերազմական հայ գերիներու հայրենադարձութիւն, սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքներու սկսման հեռանկարներ, եռակողմ համաձայնագրին կէտերու գործադրութեան ապահովում։Ինչպէս նաեւ՝ Արցախեան տագնապին կապուած խնդիրներ։ Բայց պէտք է նշել,որ Ատրպէյճանի նախագահը առիթ չի փախցներ պնդելու, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը լուծուած է եւ ալ կարիքը չկայ բանակցութիւններու եւ քննարկումներու, յատկապէս Մինսքի խումբին հովանաւորութեամբ։
Ճիշդ է, որ Ռուսիա յաճախ կը յայտարարէ, թէ Արցախի վերջնական կարգավիճակի բանակցութիւնները պէտք չէ այս հանգրուանին կատարել, Մինսքի խումբի միւս համանախագահները՝ Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա, կը պնդեն, որ Արցախի վերջնական կարգավիճակի խնդիրը պէտք է բանակցութիւններու առարկայ դառնայ, Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանաւորութեամբ։Ռուսիա, որ գլխաւոր երաշխաւորն ու միջնորդն է Արցախեան երկրորդ պատերազմին կասեցման եռակողմ յայտարարութեան, անդամ է Մինսքի խումբին համանախագահութեան, բայց Միացեալ Նահանգներէն եւ Ֆրանսայէն տարբեր տեսակէտ ունի։ Այս իմաստով ալ Փութինի ճիգերը կը դիտուին հարաւային կովկասեան բաւական բարդ ռազմաքաղաքական իրավիճակին մէջ Ռուսիոյ առանցքային դերակատարութիւնը պահպանելու ծիրին մէջ։Իսկ պէտք չէ մտահան ընել,որ ամերիկեան եւ ֆրանսական դերակատարութիւնները մանաւանդ վերջին պատերազմին եւ անկէ ետք շատ խորհրդանշական բնոյթ ստացած են, թէեւ թէ՛ Ուաշինկթըն, թէ՛ Փարիզ կը ջանան Հարաւային Կովկասի մէջ քաղաքական – դիւանագիտական ներկայութիւնը ամրապնդել։Արցախի տագնապն ալ միջոց մըն է։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles