ՓՈԽԱՆ ԲԱՑ ՆԱՄԱԿԻ.- ՄԱՅՐԵՆԻՆ ՀՈԳԱՑՈՂ ԿԱ՞Յ…
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Յուլիս 2025
Միացեալ Նահանգներու անկախութեան տօնին օրը՝ 4 Յուլիսին, բնական աղէտ մը պատուհասեց Թեքսաս նահանգի մէկ շրջանը: Ջրհեղեղի օրերը յիշեցնող անձրեւին հետեւանքով, գետին մակարդակը նուազ քան մէկ ժամուան մէջ շուրջ 25 ոտք (աւելի քան 7.5 մեթր) բարձրացաւ որոշ շրջաններու մէջ, մահ ու աւեր սփռեց մանուկներու բանակավայրի մը եւ բազմաթիւ աւաններու մէջ: Երեքշաբթի, 8 Յուլիսին հաղորդուեցաւ, որ զոհերուն թիւը անցած է հարիւրը, անորոշ թիւով կորսուածներ կան:
Բնութեան հարուածը ահաւոր էր: Թեքսասի կողքին, սուգի մատնուած են Միացեալ Նահանգներն ու մարդկային նման կորուստներու հանդէպ խիղճ ու զգացում չկորսնցուցած մարդկութիւնը (Կազայի ու նման «աղէտահար» շրջաններու հանդէպ այլապէս բացայայտ բթացումը դարձած է վարակիչ: Չխորանանք այդ «հանքին» մէջ):
***
Թեքսասը պատուհասած ողողումները առիթ եղան յիշելու, անդրադառնալու, որ մեր Մայրենին ալ ծանր պատուհասներու ենթակայ կը մնայ նոյնինքն Հայաստանի մէջ (Սփիւռքի պարագան տարբեր երանգներ ունի), ուր թէեւ կայ Լեզուի կոմիտէ՝ վարիչով ու աշխատակազմով, կան լեզուագէտներու խումբեր, որոնք մերթ ընդ մերթ երախտաշատ աշխատանք կը տանին եւ գիտաժողովներ կը կազմակերպեն, սակայն քաոսը ո՛չ միայն կը մնայ տիրապետող, այլ իւրաքանչիւր քայլափոխի տգիտութեան նոր փաստերու ականատես կ’ըլլանք, կը համոզուինք, որ ՀՈԳԱՑՈՂ ՉԿԱՅ:
Նպատակ չունինք աբեղեանական ուղղագրութեան եւ ընդհանրապէս տառադարձութեան այլանդակութիւններուն վերաքաղը ընելու, այլ կը բաւականանանք կեդրոնանալով ՄԷԿ ՀԱՏԻԿ անունի վրայ. Թ-Ե-Ք-Ս-Ա-Ս:
Մեր յառաջիկայ տողերը մի՛ ընկալէք իբրեւ մանուկներու տրուած «դասախօսութիւն», այլ տեսէք ողբերգութեան տարողութի՛ւնը (թեքսասցիներուն սուգն ու ցաւը վաղը կրնան ամոքուիլ, իսկ մե՞րը…):
Այս բառին անգլերէն բնագիրը TEXAS է: Ամբողջ աշխարհը, եւ ո՛չ միայն ամերիկացիք կամ անգլիացիք (ըսել կ’ուզենք՝ անգլիախօս աշխարհը) այս անունին կեդրոնի մասը կը հնչէ Ք-Ս, նոյնը կ’ընէ այլ ժողովուրդներու հնչումները յարգող ոեւէ մէկը: Բանական հայն ալ յարգանքով վարուած է ուրիշներու իւրայատկութիւններուն հանդէպ, եւ, օրինակի համար, ֆրանսացիին ԺՈՐԺ-ը կը տարբերէ անգլիացիին ՃՈՐՃ-էն ու սպանացիին ԽՈՐԽԷ-էն, ֆրանսացիներու նախագահին անունը կը գրէ այնպէս՝ ինչպէս կը հնչէ ֆրանսացին, այսինքն՝ ՄԱՔՐՈՆ (առանց «մաքարոն» ուտելու ախորժակը բանալու), իսկ Հայաստանի մէջ անունը կը վերածուի ՄԱԿՐՈՆ-ի (վարակելով որոշ սփիւռքցիներ):
Ծանօթ է, որ Հայաստանի մէջ վաղո՜ւց տառադարձութեան «իւրայատուկ» տախտակ մը որդեգրուած է եւ անոր հիմամբ՝ մինչեւ իսկ հայկական դարաւոր անուններ այլանդակութիւններու կը վերածուին, երբ, օրինակ, օտար երկիրներէ Հայաստան հասնող եւ անցագիր-հպատակութիւն ստացողներու անունները կը տառադարձուին այդ «հրէշ»ին երախէն անցնելով: ՍԱՐԳԻՍ մը կրնայ դառնալ ՍԱՐԿԻՍ կամ ՍԱՐՔԻՍ, Վարդան մը՝ ՈՒԱՐՏԱՆ կամ ՎԱՐՏԱՆ, եւ այսպէս՝ շարունակաբար: Այսպիսի «հրաշքներ» կը պարտինք, կրկնենք՝ տարադարձութեան արտառոց, հրէշաւոր դրութեան:
Հիմա գանք ԹԵՔՍԱՍ-ին:
4 Յուլիսի աղէտին բնականաբար արձագանգ եղան նաեւ հայրենի գրաւոր ու բանաւոր լրատու աղբիւրները: Առաջին օրերուն չէինք «լսած» կամ մեր ուշադրութիւնը չէր գրաւած անուան հնչումը: Յետոյ, թերթի մը մէջ կարդացինք… ԹԵԽԱՍ: Մտածեցինք, որ տողաշարական վրիպակ մըն է: Թերթի մը «արտադրութեան» հեւքին քիչ թէ շատ ծանօթ ոեւէ մէկը հասկնալի ներողամտութեամբ կ’ընկալէ նման վրիպակ: Յետոյ, լսատեսողական աղբիւրներէ լսեցինք ԹԵԽԱՍ-ը եւ… Հը՜մ, մեր ուղեղին մէջ կարմիր լոյս մը վառեցաւ, զանգեր հնչեցին: Պահ մը փորձութեան մատնուեցանք՝ մտածելով, որ արդեօք տառադարձութեան նո՛յն այլանդակ դրութեա՞ն պէտք է վերագրել ամերիկեան նահանգին «վերամկրտութիւնը»: Յետոյ, կարմիր լոյսին կողքին վառեցաւ կանաչաւուն լոյս մը, ու յիշեալ լոյսերուն դիմաց վառեցինք «Էվրեքա՜» տառերով բացագանչութիւն մը՝ արքիմետեսեան բաւարարութեամբ (հայաստանաբնակին համար սա գիւտ չի համարուիր, բայց ան ալ պէտք է անդրադառնայ այլանդակութեան): Այդ երկրորդ լոյսը յիշեցուց, որ Հայաստանի մէջ կայ տարադարձութեան այլ ազդակ մըն ալ՝ ռուսական… հնչաբանութեան գերութիւնը:
Եւ ահա ձեզի փաստը՝ քաղուած ռուսական այբուբենի աղիւսակէն:
Ռուսը լատինատառ X-ին դիմաց դրած է ԽԱ հնչումը (ուրիշ այլանդակութիւն է մեր այբուբենի տառերը կոչել Ա ԲԸ ԳԸ ԴԸ, երբ սքանչելին Մաշտոց զանոնք մկրտած է Այբ Բեն Գիմ): Ուրեմն, այս «տրամաբանութեամբ» այլ, TEXSAS-ը պէտք է գրենք ու հնչենք (եղեր) ԹԵԽԱՍ:
***
Սիրելի ընթերցող. վստահ ենք որ հիմա դուն քեզի հարց կու տաս, թէ այս ու նման այլանդակութիւններու ի տես եւ ի լուր՝ խնդա՞ս, թէ՞ լաս, ողբա՜ս:
Ի դէպ, մենք ալ, ուրիշներու շարքին, անցեալին քանիցս անդրադարձած ենք ուղղագրական եւ տարադարձական այլանդակութիւններու: Հետեւաբար, թող ո՛չ ոք վիրաւորուի (թէեւ իրաւունք ունի՛նք վիրաւորական ըլլալու), եթէ անգամ մը եւս հարց տանք թէ մայրենիին հանդէպ հոգածութիւնը ինչպէ՞ս կ’ըլլայ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ԳԻՏԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԽՈՒՄԲԵՐՈՒ կողմէ: Արդեօք անոնց համա՞ր ալ պէտք է վերաբանալ «Գայիանէի երգչախումբ»ին… ախորները (կը յիշէ՞ք Կոմիտաս վարդապետի սրամիտ կատակը):

