
Փիթըր Պալաքեանի «Օզոն Ճըռնըլ» բանաստեղծութիւններու հատորը արժանացած է այս տարուան «Փուլիցըր» հեղինակաւոր մրցանակին` բանաստեղծութեան անուանակարգի մէջ:
«Քոլկէյթ» համալսարանի դասախօս Փիթըր Պալաքեանը հեղինակ է շարք մը այլ բանաստեղծական հատորներու, ինչպէս նաեւ ինքնակենսագրական` «Ճակատագրի սեւ շունը» հատորին, Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու հակազդեցութեան նուիրուած «Այրող Տիգրիսը» պատմագիտական գործին ու արձակ այլ ստեղծագործութիւններու եւ յօդուածներու:
Պալաքեանի «Օզոն Ճըռնըլ» հատորը, որ լոյս տեսած է «Շիքակօ» հրատարակչատունէն, հետաքրքրական կապեր կը գծէ Հայոց Ցեղասպանութեան, Միացեալ Նահանգներու բնիկներուն, Նայրոպիի չքաւորներուն եւ այլ իրաւազուրկներու, ինչպէս նաեւ` կենսոլորտի ջերմութեան եւ «Սիտա» հիւանդութեան միջեւ` փորձելով կորուստներէն եւ աղէտներէն իմաստ մը պեղել:
Անգլիագիր Պալաքեանի գործերը թարգմանուած են հայերէնի, արաբերէնի, պուլկարերէնի, ֆրանսերէնի, գերմաներէնի, յունարէնի, հոլանտերէնի, եբրայերէնի, ռուսերէնի, սերպ-խրուաթերէնի եւ թրքերէնի:
«Փուլիցըր» հիմնարկը, որ լրագրութեան, խմբագրութեան, լուսանկարչութեան, երաժշտութեան, գրականութեան ու այլ անուանակարգերու մէջ տարեկան մրցանակներ կը շնորհէ, այս տարի կը տօնէ իր հարիւրամեակը:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Փիթըր Պալաքեանին, յայտնելով.- «Համայն հայութեան համար սա նշանակալի իրադարձութիւն է, քանզի ամերիկահայ հանճարեղ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանից յետոյ դուք երկրորդ տաղանդաշատ հայորդին էք, ով իր բարձրարժէք ստեղծագործութեամբ գրաւեց գրական հեղինակաւոր այս բարձունքը: Հայոց ցեղասպանութեան թեման արծարծող «Օզոնի հանդէս» պոեմների ժողովածուն դարձաւ ձեր գրական ժառանգութեան տրամաբանական շարունակութիւնը:…Հայոց Ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցի նախօրէի այս իրողութիւնը լաւագոյն պատասխանն էր մէկ դար առաջ հայերի նկատմամբ իրականացուած ոճրագործութեան հեղինակներին ու նրանց յետնորդներին: Մրցանակը աշխարհին մէկ անգամ եւս յիշեցնում է վերածնուած մի ողջ ժողովրդի մասին, որն ապրում եւ հաստատում է մնայուն արժէքներ արարող իր էութիւնն այս մեծ աշխարհում», նշուած է շնորհաւորական ուղերձին մէջ: