Յօդուածներ

 Փետրուարեան Ապստամբութեան 105-Ամեակ

OLYMPUS DIGITAL CAMERA

Հայաստանի Հանրապետութիւնը պարտուած դուրս գալով Թուրքիոյ դէմ պատերազմէն, 2 դեկտեմբեր 1920-ին իշխանութիւնը յանձնեց պոլշեւիկներուն:

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք պոլշեւիկեան յեղկոմը` Սարգիս Կասեանի գլխաւորութեամբ եւ զինուորական գործերու ժողովրդական կոմիսար Աւիս Նուրիջանեանի ու Չեկայի (արտակարգ յանձնաժողով) նախագահ Գէորգ Աթարբէկեանի ղեկավարութեամբ, ձեռնարկեց բռնութիւններու:

Ժողովուրդին թալանը եւ պաշտօնական կողոպուտը կ՛իրականացուէին քաղքենիութիւնը սեփականազրկելու կարգախօսով:

Advertisement Subscribe Today

Հայկական բանակի սպաները Ռուսիա աքսորուեցան կամ Պաքուի բանտերուն մէջ արգելափակուեցան:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը Հայաստանէն ջնջելու առաջադրանքով յեղկոմը զանգուածային ձերբակալութիւններու ձեռնարկեց: Բանտարկուեցան Յովհաննէս Քաջազնունի, Համօ Օհանջանեան, Նիկոլ Աղբալեան, Ռուբէն Դարբինեան, Համազասպ Սրուանձտեան, Լեւոն Շանթ, Աւետիք Սահակեան, Վահան Նաւասարդեան եւ ուրիշներ:

Համատարած հալածանքներու եւ ձերբակալութիւններու մթնոլորտին մէջ, 13 փետրուար 1921-ին տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն, եւ որոշուեցաւ ապստամբութիւն բարձրացնել: Ապստամբ ուժերու պետ նշանակուեցաւ Կուռօ Թարխանեան:

Ապստամբութիւնը սկսաւ տարերայնօրէն: Առաջին անգամ զէնք բարձրացուցին Արագածի փէշերուն վերաբնակեցուած սասունցիները: Կռիւները հետզհետէ սաստկացան եւ ընդգրկեցին Կոտայքը, Բաշ Գառնին, Դարալագեազը, Բաշ Ապարանը եւ այլ շրջաններ:

Փետրուար 18-ին, Կուռօ Թարխանեանի եւ Բաշգառնեցի Մարտիրոսի գլխաւորութամբ, ապստամբ ուժերը մտան Երեւան: Ստեղծուեցաւ Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէ` նախկին վարչապետ Սիմոն Վրացեանի գլխաւորութեամբ:

Ապստամբները Երեւանի բանտէն ազատեցին բազմաթիւ մտաւորականներ, պետական եւ քաղաքական գործիչներ: Նաեւ դուրս բերին կացինահարուածներու` Համազասպ Սրուանձտեանի, Նիկոլայ Ղորղանեանի, Հրանդ Տէր Մարգարեանի, Երանոս Թարվերդեանի եւ այլոց դիակները:

Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէն պոլշեւիկեան իշխանութիւնը վերացած հռչակեց:

Երեւանէն պարտուած դուրս ելած պոլշեւիկեան ուժերը համախմբուեցան Ղամարլուի եւ Վեդի Բասարի մէջ եւ տասնմէկերորդ կարմիր բանակին հետ միասին արշաւեցին մայրաքաղաքին վրայ:

Ռուսական տասնմէկերորդ բանակի շղթայազերծած ռազմական գործողութիւններու պայմաններուն տակ, ուժերու յարաբերակցութիւնը փոխուեցաւ եւ դիմադրութիւնը այլեւս հեռանկար չունէր: Յաւելեալ արիւնահեղութենէ խուսափելու համար ապստամբները նահանջեցին դէպի Զանգեզուր:

Կարմիր բանակը 2 Ապրիլ 1921-ին մտաւ Երեւան: Համայնավար վարչակարգը վերահաստատուեցաւ Հայաստանի մէջ: Յեղկոմի ղեկավար նշանակուեցաւ Ալեքսանտր Միասնիկեան:

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button