Փարիզ․- «Անաքօ» Տափանաւը Կողոպտուած 

0 0
Read Time:54 Second

ՓԱՐԻԶ.- Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, «Անաքօ» տափանաւի վարչական կազմը կը տեղեկացնէ, թէ Ֆրանսայի 19-րդ թաղամասին մէջ, Վիլէթի աւազանի 34 Քէ Տը Լա Լուար հասցէին խարսխած «Անաքօ» տափանաւը կողոպտուած է, Հոկտեմբեր 8-էն 9-ի լուսցող գիշերը: Կողոպտուած են զանազան գոյքեր ու առարկաներ, մինչեւ իսկ անձնակազմին անձնական իրերը:

Սէնի ափին մօտ գտնուող բազմաթիւ «անշարժ» նաւերէն մէկն է «Անաքօ» տափանաւը, որ լոյսերու քաղաքի յատկապէս հայ գաղութին յաճախակի ժամադրավայրերէն մէկն է, յատկապէս մշակութային բնագաւառէն ներս:

Վերջերս, Փարիզի քաղաքապետութիւնը որոշած էր վերատեսութեան ենթարկել շրջանի Վիլէթ աւազանի հաստատութիւնները, եւ դժբախտաբար, «Անաքօ» տափանաւուն ներկայացուցած թղթածրարը մերժուած էր։ Սակայն, Փարիզի քաղաքապետարանը խոհեմ գտնուելով վերատեսութեան ենթարկած էր այս որոշումը եւ «Անաքօ»ին յատկացուեցաւ նոր վայր մը, շատ աւելի նպաստաւոր պայմաններու մէջ, Քէ տը Լա Լուարի վրայ, որ կը գտնուի Քէ տը Լա Սէնի հանդիպակաց կողմը։

«Անաքօ»-ն, որ կը նկատուի համաշխարհային մշակոյթներու տափանաւը, անխոնջ աշխատանք տարած է անհետացման սպառնալիքի ենթակայ մշակոյթներու նուիրուած ծրագրեր կազմակերպելով եւ անոնց շուրջ հետաքրքրութիւն ստեղծելով։ Այսպէս, սկիզբէն ի վեր աւելի քան 75 երկիրներու մշակոյթներ ներկայացուած են այս տափանաւու ծրագրերով, ինչ որ առիթ ընծայած է այլուր դժուար գտանելի բազմամշակութային սքանչելի փոխանցումներու, երաժշտական եւ գեղարուեստական իւրայատուկ փորձառութիւններու։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles