
ՓԱՐԻԶ («Նուվէլ Տ՛Արմենի», «Նոր Յառաջ»).- Հինգշաբթի, Մարտ 8-ին՝ կիներու իրաւունքներու նուիրուած միջազգային օրուան առթիւ, լոյսերու քաղաքի 20-րդ եւ 11-րդ թաղամասերը իրարու կապող Մենիլմոնթան պողոտայի անցքը անուանուեցաւ Զապէլ Եսայեան։
Փարիզի քաղաքապետուհի Անն Հիտալկօ կատարեց բացումը՝ Սփինոզա (11-րդ թաղամաս) եւ Թլեմսեն (20-րդ թաղամաս) փողոցներու խաչմերուկին:
Բացման արարողութեան ներկայ էին նաեւ Հ.Հ. դեսպան Վիգէն Չիտեչեան, Փարիզի քաղաքապետարանի միջազգային յարաբերութիւններու եւ ֆրանսախօսութեան կցորդ Փաթրիք Քլիւկման, 20-րդի թաղապետուհի Ֆրետերիք Քալանտրա եւ 11-րդի թաղապետ Ֆրանսուա Վոկլեն: Լեւոն Քէչէեան, որ տարիներէ ի վեր կ՚ուսումնասիրէ Զապէլ Եսայեանի կեանքն ու գործը, անդրադարձաւ անոր կրկնակի դաժան ճակատագրին՝ առաջին անգամ ապրած ըլլալով Օսմանեան կայսրութեան արհաւիրքը եւ երկրորդ՝ Խորհրդային Միութեան կուլակները։