
Հոկտեմբեր 26-ին, Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկին (INALCO) մեծ դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հետաքրքրական գիտաժողով մը‘ նուիրուած հայ գրատպութեան ծննդեան 500ամեակին: Գիտաժողովը խորագրուած էր` “Հայ գիրքը. մշակոյթ մը Սփիւռքի մէջ“ (Le livre armenien: Une culture en diaspora), քանի որ ինչպէս ծանօթ է` հայ գրատպութեան սկզբնաւորումը սերտօրէն կապուած է Հայաստանէն դուրս գտնուող` եւրոպահայ եւ այլ համայնքներու մշակութային գործիչներու հետ եւ անոնց շնորհիւ է, որ հետզհետէ տարածուած է նաեւ Արեւելքի հայաշատ կեդրոններու, ինչու ոչ` նաեւ ոչ-հայ մշակոյթներու մէջ: Գիտաժողովին նպատակն էր` ներկայացնել հայ գիրքի եւ տպագրական գործի ուսումնասիրութեան ներկայ վիճակը, քննութեան առնելով Վենետիկէն Մատրաս, Փարիզէն Թիֆլիս եւ Պոլիս ծաւալած գրատպական լուսաւորական շարժումը:
- Գիտաժողովը կազմակերպած էր Լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու համալսարանական մատենա-դարանի տնօրէն` Ֆրանսիս Ռիշար
Գիտաժողովը կազմակերպած էր Լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու համալսարանական մատենադարանը (BULAC), որ կը գործէ նոյն շէնքին մէջ: Մասնաւորաբար` կազմակերպիչները եւ համակարգողներն էին` BULAC-ի ընդհանուր պատասխանատու եւ գիտական տնօրէն` Ֆրանսիս Ռիշար, հայկական հաւաքածոներու պատասխանատու` Ատրինէ Քէշիշեան-Զինալեան, եւ Ֆրանսայի Ազգային Մատենադարանին հայկական հաւաքածոներու պատասխանատու` Միքայէլ Նշանեան:
Ձեռնարկին հանդիսաւոր բացումը կատարեց BULAC-ի գիտական տնօրէն` Ֆրանսիս Ռիշար, իսկ առաջին նիստին կը նախագահէր` Բարձրագոյն կրթութեան եւ հետազօտութեան նախարարութեան Գիտական եւ ճարտարագիտական տեղեկատուութեան եւ վաւերագրական ցանցի առաքելութեան ղեկավար Միշէլ Մարեան: Առաջին այս նիստը խորագրուած էր` “Հայ տպագիր գիրքի պատմութեան սկզբնաւորումը. մշակութեային փոխանակումներ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ“: Զեկուցողները կը ներկայացնէին հայ գրատպութեան առանձնայատկութիւնները` բաղդատելով նաեւ Քրիստոնեայ Արեւելքի ժողովուրդներու մշակոյթներուն հետ:
Առաջին զեկուցողը` պատմաբան Ռէմոն – Յարութիւն Գէորգեան (Փարիզի Նուպարեան մատենադարանի տնօրէն), հետաքրքրական փաստերով ուրուագծեց 16-17րդ դարերու Եւրոպայի մէջ հոգեւորական-տպագրիչներու եւ առեւտրականներու ծաւալած գործունէութիւնը: Ան նշեց, որ թէեւ Արեւելքի մէջ, մասնաւորաբար` Պոլիս եւ Սպահան (Նոր Ջուղա), հայ ընտրախաւը որոշ ապարդիւն փորձեր ըրաւ` հայերէն գրատպութիւն կազմակերպելու, սակայն տպագրական սարքերու ձեռք ձգման միակ ճամբան, ըստ էութեան, Արեւմտեան Եւրոպան էր: Այդ ժամանակաշրջանին` գրեթէ անկարելի էր Օսմանեան կայսրութեան կամ Պարսից տէրութեան մէջ տպագրական ճարտարագիտութեանց զարգացումը եւ կազմակերպումը` ընկերային-տնտեսական պայմաններու բերումով: Միայն 18րդ դարուն էր, որ հայ գրատպութիւնը տարածուեցաւ Պոլիս, իսկ քանի մը տասնամեակ յետոյ` Հայաստանի մէջ: Այդուհանդերձ, Վենետիկի մէջ հաստատուած Մխիթարեան հայրերը կը շարունակէին բարձր մակարդակի վրայ պահել տպագրական գործը: Եւ ասիկա` շնորհիւ այն սերտ գործակցութեան, որ ստեղծուեցաւ մէկ կողմէն` հոգեւոր միաբանութեանց եւ միւս կողմէն` առեւտրականներուն միջեւ, որոնց գործունէութիւնը կ՛երկարէր Ամսթերտամէն մինչեւ Ծայրագոյն Արեւելք: Եթէ Եւրոպայի մէջ, սկսեալ Մխիթարեան միաբանութենէն, ամենէն աւելի գործունէութիւնը կը ծաւալէին պոլսահայերը եւ առհասարակ արեւմտահայերը, Հնդկաստանի եւ Արեւելքի այլ հայաշատ կեդրոններու մէջ մեծ էր Նոր Ջուղայի վաճառականութեան եւ հոգեւորականութեան դերը: Հայ գրատպութեան ռահվիրաներէն` Ոսկան Երեւանցի եւ Թովմաս Վանանդեցի, նոյնպէս Սպահանի (Նոր Ջուղա) հոգեւորականներ էին` Էջմիածնի մէջ կրթութիւն ստացած:

Յաջորդ զեկուցողն էր` Տիգրան Գույումճեան, որ Գալիֆորնիոյ պետական համալսարանի (Ֆրեզնօ) հայագիտութեան ամպիոնի` հանգստի կոչուած դասախօս է եւ ներկայիս կը բնակի Փարիզ: Ան, Գրիգոր Մարզուանեցիի օրինակով, ներկայացուց հայ վաղ գրատպութեան մէջ փորագրութեան (gravure) գործածումը եւ վերագործումը: Ծանօթ է, որ հին ժամանակներէ սկսեալ` ձեռագիր մագաղաթեայ մատեանները եւ պապիրուսները նկարազարդ եղած են, եւ 15րդ դարուն Եոհաննէս Կիւթէնպէրկի գիւտէն յետոյ ալ` տպագիր գիրքերու մէջ ազատ տեղեր կը թողէին` ձեռքով նկարազարդումներ ընելու համար: Միայն 1480-ական թուականներուն, երբ փայտի վրայ փորագիր ճարտարագիտութիւնը փոխարինուեցաւ մետաղեայ կաղապարներով, կարելի եղաւ տպագիր նկարազարդումներ ընել: Այս մեթոտն է արդէն, որ գործածած է Յակոբ Մեղապարտը` հայ առաջին տպագրիչը Վենետիկի մէջ (1512-13): 18րդ դարավերջին եւ 19րդ դարասկզբին` Պոլսոյ մէջ գիրքեր կը տպագրէ Գրիգոր դպիրը Մարզուանէն, որոնք լոյս կը տեսնեն կաթոլիկ համայնքին համար` Ս. Էջմիածին եւ Ս. Սարգիս վերտառութեամբ: Այս ժամանակահատուածին` ան հրատարակած է առնուազն 14 անուն գիրք, որոնց մեծ մասը նկարազարդուած է իր իսկ փորագրութիւններով: Գրիգոր Մարզուանեցին իւրայատուկ դէմք մըն է հայ տպագրական գործին մէջ` տարբեր ճարտարագիտութիւններ համատեղելու, աւանդականը եւ նորարարականը զուգադրելու իր հմտութեամբ: Զեկուցողը նշեց, որ Մարզուանեցիի գործունէութեան վրայ կեդրոնանալու իր որոշումը քաջալերուած է յատկապէս Միքայէլ Նշանեանի կողմէ: Հետաքրքրական է, որ հակառակ այն հանգամանքին, որ Մարզուանեցի երբեք չէ ճամբորդած Եւրոպա, ան մեծապէս ազդուած էր գերմանական եւ ֆլամանական ոճերէն, ինչպէս` Ամսթերտամի եւ Նոր Ջուղայի հայ արուեստագէտները: Գույումճեան կ՛ենթադրէ, որ այդ ազդեցութիւնը կու գայ իրմէ մէկ սերունդ առաջ տպուած գիրքերու միջոցով: Գրիգոր Մարզուանեցիի կոթողային գլուխգործոցը` Յայսմաւուրքն է, որուն վրայ ան աշխատած է աւելի քան մէկ տասնամեակ. տպուած 1706ին` ան կը պարունակէ 6 մեծ եւ 26 փոքր փորագրատիպեր, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ լուսանցքային նկարազարդումներ: Մարզուանեցիին աշակերտը` Աստուածատուր Կոնստանդնուպոլսեցին, 1708ին կը տպէ նոր Յայսմաւուրք մը, որուն մէջ օգտագործած է իր ուսուցչին շատ մը փորագրատիպերը: Քանի որ այս առաջին հաւաքածոները հազուագիւտ են, BULAC-ի հաւաքածոյին մէջ պահպանուած` 1730ի եւ 1733ի հրատարակութիւններն են, որ աղբիւր կը ծառայեն նկարազարդումներուն բաղդատական ուսումնասիրութեան համար: Մարզուանեցիի Յայսմաւուրքը, ամենայն հաւանականութեամբ, հայ ամենէն մեծ տպագիր գիրքն է:
Ֆրանսացի հետազօտող Եանն Սորտէի (Փարիզի Մազարին մատենադարանի տնօրէն) զեկուցումը ընդհանուր ակնարկ մըն էր` Մազարին մատենադարանի հայերէն գիրքերու վերաբերեալ: Ան նշեց, որ մինչեւ վերջին ժամանակներս` Մազարինի հին հայերէն գիրքերուն ֆոնտը անյայտ էր` բազմաթիւ անսպասելի պատճառներով: Բոլորովին վերջերս վերագտնուելով` այդ հայերէն գիրքերը ցանկագրուեցան եւ կը ներկայացուին ցուցահանդէսին, որուն բացումը տեղի ունեցաւ նոյն օրը երեկոյեան: Հաւաքածոն կ՛ընդգրկէ գլխաւորաբար Եւրոպայի տարբեր քաղաքներու մէջ (Վենետիկ, Ամսթերտամ, Մարսիլիա, Փարիզ, Լոնտոն) հրատարակուած գիրքեր, 16րդ դարու սկիզբէն մինչեւ 18րդ դար: Հազուադէպօրէն կը գտնենք նաեւ արեւելեան գիրքեր` տպուած Պոլսոյ մէջ: Զարմանալիօրէն, բոլորովին կը բացակային Մխիթարեաններու կողմէ հրատարակուած գիրքերը. պատճառը այն է, որ ֆոնտը կազմաւորուած է նախքան Մխիթարեան գիրքերու Ֆրանսա հասնիլը եւ վերջն ալ չէ ամբողջացուած անոնցմով: Հակառակ իր համեստ ծաւալին, այս հաւաքածոն կ՛ընդգրկէ նշանակալից օրինակներ, որոնցմէ որոշները երբեք չեն նկարագրուած: Այս գիրքերը կը վկայեն այն մասին նաեւ, որ հին վարչախումբին արքունի մեծ մատենադարաններուն, ինչպէս նաեւ վանական ու գիտական գրադարաններուն մէջ հայ տպագիր գիրքն ալ ներկայ էր: Նշուած գիրքերու մէջ են` կարդինալ Մազարինի իր մատենադարանին համար ձեռք ձգած (անշուշտ Կապրիէլ Նոտէի կողմէ)` հայ տպագիր նմոյշները, 1630ական թուականներուն` Ռիշըլիէօյի կողմէ գանձատրուած փարիզահայ հրատարակութեանց օրինակներ` մակագրուած, Ռէնի եպիսկոպոս` Լէոնոր Տ՛Էստամփ տը Վալանսէի (1589-1651) գրադարանէն Ժան-Պաթիսթ Գոլպէրի (1619-1683) գրադարան անցած գիրքեր, Արդարադատութեան նախարար Մաթիէօ Մոլէին (1584-1656) պատկանող հատորներ, կամ` նշանաւոր գիտնականներու` ինչպէս Հայր Ժագ Լըլոնին (1665-1721): Եանն Սորտէ խօսեցաւ նաեւ տաղանդաւոր արեւելագէտ եւ գրահաւաք Լուի Փիքէի (1637-1699) մասին, որուն կը պատկանէին` Ամսթերտամի Ս. Էջմիածին եւ Ս. Սարգիս Զօրավար աշխատանոցի մէջ հրատարակուած երկու բացառիկ գիրքեր:

Միքայէլ Նշանեան (Փարիզի ազգային գրադարան) խօսեցաւ հայ գրատպութեան մէջ ազգային պատմութեան ունեցած տղին շուրջ, որ կեդրոնական դիրք ունէր 5րդ դարուն իսկ` հայ այբուբենի գիւտէն սկիզբ առնող ձեռագիր մատեաններու մէջ: Հայ գրական համաստեղութեան մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունին պատմագիրները: Այդ ժամանակներէն սկսեալ մինչեւ այժմ` պատմութիւնը աւանդաբար ինքնութենական` ազգային նշանակութիւն ունի հայ իրականութեան մէջ: Պատմական երկերը աւելի էին, քան եկեղեցւոյ ծագման կամ հայ ժողովուրդի պատմական յիշողութիւնը: Անոնք, Մ. Նշանեանի կարծիքով, հայ իրականութեան մէջ կը մարմնաւորէին եւ կը պատճէնէին Հրեաներու պատմութիւնը` իբրեւ Հին Կտակարանի ընտրեալ ժողովուրդ մը: Ընտրեալ ազգի մտայնութիւնը, ըստ Մ. Նշանեանի, տեսանելի է Հայկ նահապետի աւանդազրոյցէն սկսած մինչեւ Հայոց արքայի Քրիստոնէական Դարձը:
Այսպէսով, զեկուցման նպատակն էր` ցոյց տալ, որ 17էն 18րդ դարերու հայ տպագիր արտադրանքին մէջ որդեգրուած եւ շարունակուած է նոյն պատմագիտական աւանդութիւնը: Հակառակ, սակայն, նախկին մեծ կարեւորութեան եւ նշանակութեան, 17էն 18րդ դարերուն` պատմութիւնը բաւական համեստ տեղ կը գրաւէ: Հեղինակը այդ ժամանակաշրջանին պատմական բնոյթի հրատարակութիւնները դասակարգած է 3 խումբերու մէջ.
Ա) 4էն 5րդ դարերու` դասական պատմագրութեան նմոյշները, որոնք ամենէն պատկառելի քանակը կը կազմեն (Ագաթանգեղոս, Զենոբ Գլակ, Փաւստոս Բիւզանդացի, Եղիշէ, Ղազար Փարպեցի, Մեսրոպ Երէց): Հետաքրքրական է այս առումով, որ Մովսէս Խորենացիի “Պատմութիւն Հայոց“ի տպագիր տարբերակը յայտնուեցաւ միայն 1695ին (Ամսթերտամ), այսինքն` հայերէն գրատպութեան` գրեթէ մէկ եւ կէս դարու գոյութենէն ի վեր (1512էն): Պատճառը այն է, որ մինչ այդ` նախապատուութիւնը կը տրուէր կրօնական բնոյթի երկերուն:
Բ) խումբը կը կազմեն դարաշրջանին ժամանակակից պատմագիրներու երկերը, որոնք սակայն կը տարբերին ըստ իրենց որակին. Առաքել Դաւրիժեցի (17րդ դ.), Մինաս Համդեցի (որ Մովսէս Խորենացիի վերաշարադրումը կատարած է), Մովսէս Բաղրամեան (“Նոր տետրակ, որ կոչի յորդորակ“, 1772), Միքայէլ Չամչեան (18րդ դ.):
Գ) այս խումբին հրատարակութիւնները պատմական բովանդակութիւն ունեցող գիրքերն են, որոնց պատմական նշանակութիւնը սակայն առաջնային չէ, ինչպէս օրինակ` զանազան պատմական բառարաններ, սուրբերու վարքաբանութիւններ եւ վկայաբանութիւններ, Երուսաղէմի պատմութիւն, եւ այլն: Այս խումբին կը յարին նաեւ եւրոպական պատմական երկերու թարգմանութիւնները:
Միքայէլ Նշանեան զատ-զատ կանգ առաւ այս խումբերէն եւ հրատարակութիւններէն իւրաքանչիւրին վրայ‘ բերելով համառօտ ընդհանուր տեղեկութիւններ: Անդրադառնալով խնդրոյ առարկայ ժամանակաշրջանին պատմական երկերու համեմատաբար համեստ տեղին‘ ան նշեց հետեւեալ պատճառները. պետականութեան բացակայութիւն, պատմական Հայաստանի մէջ տիրող տնտեսական եւ մշակութային աղէտալի վիճակ, Հայոց եւ կաթոլիկ եկեղեցիներուն միջեւ ծաւալած գաղափարա-բանական բանավէճերուն գրաւած նշանակալից մշակութային դիրքը: Իր զեկուցման վերջաւորութեան‘ Մ. Նշանեան կեդրոնացաւ հետեւեալ կէտերուն վրայ. տուեալ ժամանակաշրջանին‘ հայկական վերնախաւերուն ունեցած պատմական գիտակցութեան հարցը, հայ պատմագրութեան վրայ եւրոպական գաղափարներու, յատկապէս‘ “լուսաւորիչ“ներու ազդեցութեան հարցը եւ վերջապէս‘ պատմագրութեան մէջ յառաջդիմական ազգային գաղափարին ի յայտ գալու եւ պատմութիւնը իբրեւ ազգային ինքնագիտակցութեան գործիք օգտագործելու հարցը:
Նիստին վերջին զեկուցողն էր Մելինէ Փեհլիվանեան (Պէրլինի պետական մատենադարանի գրապահիչ, Արեւելեան բաժին), որ ներկայացուց հայ գրատպական գործը‘ Արեւելքի գրատըպութեան տարածաշրջանային համապատկերին մէջ‘ 1512էն 1800: Ան մանրամասնօրէն, ժամանակագրական կարգով, կանգ առաւ Արեւելքի մէջ Հրեաներու, քրիստոնեայ Արաբներու, Օսմանցիներու, իսլամ Արաբներու, Իրանցիներու տպագրական գործի զարգացման վրայ: Ներկայացնելով տուեալ բնագաւառին առընչուող‘ տարածաշրջանային եւ ժամանակաշրջանային ընդհանուր պատկերը, Փեհլիվանեան իր զեկուցման մէջ փորձ ըրաւ ուրուագծելու հայ գրատպութեան առանձնայատկութիւնները: Ան քննութեան առաւ նաեւ այն հիմնական գործօնները, որոնք ազդած են այդ առանձ-նայատկութեանց ձեւաւորման վրայ, ինչպէս Արեւմուտքին հետ մնայուն շփումներու մէջ գտնուող հոգեւորականութիւնը, հայ վաճառականութեան դասակարգը եւ տեղւոյն վրայ ներկայ համայնքները:
Ընդհանուր ճաշէն յետոյ‘ սկսաւ օրուան երկրորդ եւ վերջին նիստը‘ խորագրուած‘ “Հայերէն գիրքը Սփիւռքի մէջ. երեւակայական հայրենիք մը“: Այս նիստը, զոր կը վարէր‘ Ֆրանսիս Ռիշար. ան սկսաւ “Մխիթարեան գիրքը“ զեկուցումով, զոր ներկայացուց գրականագէտ Մարկ. Նշանեան‘ Գոլումպիա (Նիւ Եորք) համալսարանէն հանգստեան կոչուած դասախօս: Ան մանրամասնօրէն, գիրք առ գիրք ներկայացուց Մխիթարեան միաբանութեան հրատարակչական առաքելութիւնը‘ ըստ հրատարակութեան տարեթիւերու: Ասոնց մէջ են‘ թէ՛ Մխիթարի կողմէ ծայրէ ծայր սրբագրուած գիրքեր եւ թէ՛ իր ինքնագիր գործերը: Բանախօսը յատուկ անդրադարձաւ նաեւ տպագրական գործի տարբեր նրբութեանց: Իր զեկուցման զգալի մասը Մարկ. Նշանեան նուիրեց Միքայէլ Չամչեան անձին եւ պատմագրին‘ ներկայացնելով անոր կեանքին եւ գործունէութեան բնորոշ գիծերը:
Այնուհետեւ Սթրասպուրկի համալսարանէն թրքագէտ Եոհանն Սթրաուս զեկուցեց Օսմանեան կայսրութեան մէջ տպագրական գործի առաջնեկ Առաքել Թոզլեանի մասին: Վերջինս‘ խնդրոյ առարկայ ժամանակաշրջանին Պոլսոյ գրական կեանքին մէջ նշանակալից դէմք մըն էր: Ծնունդով Կեսարիայէն‘ Առաքել Թոզլեանը Թուրքերու մէջ ծանօթ էր իբրեւ “Գրավաճառ Առաքել“ (Քիթափչի Առաքել): Մահացած է 1912ին‘ Պոլսոյ մէջ: Առաջին ակնարկով, Թոզլեանի գործունէութիւնը նոյն շարքին մէջ է բազմաթիւ այլ հայ գրավաճառներու եւ տպագրիչներու հետ, որոնք կը գործէին Բարձր Դուռի փողոցին (Babiali Caddesi) վրայ: Սակայն իբրեւ գրահրատարակիչ‘ Առաքել Թոզլեան ռահվիրայի դեր կատարած է‘ Օսմանեան կայսրութեան եւ անոր մայրաքաղաքին‘ Պոլսոյ մէջ տպագրական գործի արդիականացման ասպարէզին մէջ: Թուրք գրագէտներու հետ համագործակցաբար իր հրատարակած դպրոցական դասագիրքերը բացառիկ յաջողութիւն ունեցած են: Թոզլեանին գործունէութիւնը բարձր գնահատականներու արժանացած է նաեւ արեւմտեան արեւելագէտներու կողմէ:
Յաջորդ զեկուցողը‘ Ֆրանսուազ Ուրս, որ BULAC-ի գրապահոցի գիտական պատասխանատուն է, ներկայացուց Լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու համալսարանական մատենադարանի‘ հայկական հին ֆոնտերը: Գրող եւ INALCO-ի դասախօս Գրիգոր Պըլտեան ելոյթ ունեցաւ “Բանաստեղծները եւ գիրքը“ թեմայով: Գիտաժողովը եզրափակեց հետազօտութեանց տնօրէն Գլէր Մուրատեան (Գիտական հետազօտութեանց ազգային կեդրոն եւ Հայագիտական ընկերակցութեան նախագահ): Ան տուաւ Ֆրանսայի հայ մամուլի պատմականը:
Իր կազմակերպուածութեան բարձր մակարդակով եւ արծարծուած թեմաներու բազմազանութեամբ‘ գիտաժողովը բաւական աշխոյժ հետաքրքրութիւն յառաջացուց հայ (եւ ոչ միայն) գրասէր հասարակութեան մէջ:
ՏՈՐՔ ԴԱԼԱԼԵԱՆ
“Նոր Յառաջ“