
ՓԱՐԻԶ.- Երկուշաբթի, Մայիս 30-ին, Հայ Մշակոյթի տան մէջ, Համազգային Փարիզի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ յայտնի լրագրող Անժելա Սահակեանի «Արցախապատում» գիրքի շնորահահանդէսը:
Գիրքը ժողովածու մըն է ՛՛Այբ էՖ. էմ.՛՛ ձայնասփիւռիհաղորդումներէն «Արցախապատում» յայտագրէն, ուր 2002-էն սկսեալ ներկայացուած են հինգ հարիւրէ աւելի քրոնիկներ, նուիրուած Արցախի պատմութեան, դարաւոր մշակոյթին, աւանդութիւներուն, ազատագրական պայքարին եւ նահատակ հերոսնեըուն, պատմագրական յաջող ամփոփում մը՝ 20 տարիներու իրողութիւներէն, Ղարաբաղի շարժման ծնունդէն եւ պետականութեան ստեղծումէն:
Վաթսունէն աւելի ներկաներ հետեւեցան ներկայացման եւ արտայայտեցին իրենց գաղափարներն ու մտահոգութիւները Արցախի եւ Հայաստանի քաղաքական ներկայ վիճակին մասին: Երեկոն փակուեցաւ հեղինակին կողմէ գիրքերու մակագրութեամբ: