Փաշինեան – Մաքրոն Հանդիպում

0 0
Read Time:48 Second

 

Աշխատանքային այցելութեամբ Ֆրանսա գտնուող Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Փարիզի Էլիզէի պալատին մէջ հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ:

Նիկոլ Փաշինեան նշեց, թէ իրենց արդէն երկրորդ հանդիպումը կը վկայէ, որ հայ-ֆրանսական առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւնները ապահով ձեռքերու մէջ են եւ պիտի շարունակուին ընդարձակուիլ ու խորանալ` ի շահ երկու երկիրներուն: Կառավարութեան ղեկավարը ընդգծեց, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր նախորդ տարիները յատկանշուած են հայ-ֆրանսական կապերու խորացումով:

Ֆրանսայի նախագահը կարեւոր նկատեց այս այցելութիւնը` համոզում յայտնելով, որ անիկա պիտի նպաստէ ու նոր թափ պիտի հաղորդէ երկու երկիրներու բարեկամական յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման եւ աշխուժացման: Ան ընդգծեց, որ իր երկիրը պատրաստ է շարունակելու բարեկամ Հայաստանի հետ սերտ համագործակցութեան ընդլայնման ուղղուած ջանքերը` տարբեր ոլորտներու մէջ: Նշելով, որ ընդամէնը մէկ ամիս ետք պետական այցելութեամբ պիտի գտնուի Հայաստան` Էմանուէլ Մաքրոն վստահութիւն յայտնեց, որ Ֆրանսախօսութեան վեհաժողովը Երեւանի մէջ պիտի կայանայ բարձր մակարդակով:

Էմանուէլ Մաքրոնն ու Նիկոլ Փաշինեան միտքեր փոխանակեցին Արցախի տագնապին վերաբերեալ:  Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստան յանձնառու է շարունակելու բանակցութիւնները` տագնապի խաղաղ լուծման հասնելու համար:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles