Փաշինեան Կը Շեշտէ, Թէ Արցախեան Շարժումը Պէտք ՉԷ Շարունակուի

ԵՐԵՒԱՆ․- Մարտ 26-ին, Ազգային ժողով-կառավարութիւն հարցում-պատասխան օրակարգին ընթացքին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, թէ ինք համոզուած է, որ արցախեան շարժումը պէտք չէ շարունակուի: Ան քանի մը անգամ կրկնեց այս միտքը` հիմնաւորելով, թէ արդիւնաւէտը խաղաղութեան իրենց ընտրած ուղին է: Ինքնին այդ պատճառով իսկ Երեւան պատրաստ է կատարել խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան ատրպէյճանական պայմանը եւ լուծարել Մինսքի խումբը, բայց Փաշինեան դարձեալ ժամկէտ չնշեց:
«Այո՛, մենք չենք շարունակելու Ղարաբաղի շարժ, ուզում էք` թռէք վերեւ, ուզում էք` իջէք ցած: Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական դիրքորոշումը, եթէ Հայաստանի ժողովուրդը համաձայն չլինի իմ այս դիրքորոշման հետ, վաղը, վաղը չէ, միւս օրը, որեւէ պահի կը դադարեմ լինել Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ», յայտնեց Փաշինեան, սակայն չպատասխանեց ընդդիմադիրներուն հարցումին, որ՝ խաղաղութեան պայմանագիրով Ատրպէյճան ի՛նչ կը զիջի:
Այս յայտարարութիւնը դահլիճին մէջ կիրքեր ստեղծեց: «Հայ ժողովուրդը որոշում չի կայացրել, հայ ժողովուրդը 21 թուականին ուրիշ որոշում է կայացրել, այն, ինչ որ չէք կատարել ձեր ծրագրում», ըսաւ «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Գեղամ Մանուկեան։
«Հայաստան» խմբակցութեան այլ անդամ մըէ Արթուր Խաչատրեան, իր կարգին ըսաւ․ «Դուք ասում էք` ես ճանաչեցի իրանց չգիտեմ ինչքանը, իրենք` մեր 29 հազար 743-ը, որովհետեւ ճանաչել են տարածքային ամբողջականութիւնը, ո՛չ, տարածքային ամբողջականութիւնը լրիւ ուրիշ բան է, դուք հերոսական զիջումներ էք անընդհատ անում, իսկ Ատրպէյճանը, լաւ, էդքան տղամարդկութիւն չունի ձեր կիրթ եւ կառուցողական գործընկեր Ալիեւը, մի քաջ զիջում էլ ինքը աներ»։

