Փաշինեան Եւ Ալիեւ Նախապատրաստած են Խաղաղութեան Պայմանագիր

0 0
Read Time:2 Minute, 3 Second

ԵՐԵՒԱՆ.- Ապրիլ 6-ին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմանի հանդիպումը։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ապրիլ 7-ի կառավարութեան նիստին խօսեցաւ օր մը առաջ Ալիեւի հետ ունեցած հանդիպումին մասին եւ ընդգծեց, որ երկու ուղղութիւններով պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է. առաջին՝ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն յանձնարարուեցաւ կապի մէջ մտնել, բանակցել խաղաղութեան պայմանագիրի նախապատրաստական աշխատանքների ուղղութեամբ եւ երկրորդ` ստեղծել երկկողմանի յանձնաժողով սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցերով: Անդրադառնալով խաղաղութեան համաձայնագիրի բովանդակութեան` Փաշինեանը նշեց. «Մեզ համար սկզբունքային նշանակութիւն ունեն Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի անվտանգութեան երաշխիքներն ու նրանց իրաւունքների, ազատութիւնների պաշտպանութիւնը, նաեւ` Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի ճշգրտումը»: Ըստ անոր՝ այս կէտերը ընդգրկուած են Ատրպէյճանին նախապէս հասցէագրուած հայկական կողմի պատասխանին մէջ եւ անոնք պիտի դառնան բանակցութիւններու առարկայ:

Ատրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ Փառուխ ներխուժման դէպքը եւս, ինչպէս փոխանցեց Փաշինեան, եղած է քննարկումի նիւթ, «սակայն դա չի յանգեցրել իրավիճակի միասնական գնահատականի»: Ան նաեւ յայտարարեց, որ յարմար չէ նկատած այս հարցը քննարկել Պրիւքսէլի մէջ, քանի որ հարցը պիտի քննարկուի Ռուսիոյ գործընկերներու մասնակցութեամբ, մանաւանդ որ ներխուժումը եղած է ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ:

Հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման ու սահմանագծման յանձնաժողով ստեղծելու աշխատանքներուն մասին խօսելով` Փաշինեան շեշտեց, որ յանձնաժողովը պիտի ունենայ նաեւ երկրորդ առաքելութիւն՝ սահմանին անվտանգութեան ու կայունութեան ապահովումը: «Հայաստանում տարածքներ կան, որոնք գտնւում են Ատրպէյճանի վերահսկողութեան ներքոյ, եւ կան ատրպէյճանական տարածքներ, որ ՀՀ վերահսկողութեան ներքոյ են: Այս հարցերը պիտի լուծուեն դէ իւրէ հիմնաւորուած արձանագրումների, իրաւական նշանակութիւն ունեցող փաստերի հիման վրայ», յայտնեց Փաշինեան: Այս հարցով աջակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնեցի թէ Ռուսիան, եւ թէ Եւրոպական Միութիւնը։ Տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղերու ապաշրջափակման վերաբերեալ Փաշինեան տեղեկացուց, որ այս հարցով կան տարընթերցումներ․ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին:

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ իր կարգին անդրադարձաւ այս հանդիպումին՝ զայն կոչելով արդիւնաւէտ եւ ընդգծելով, որ խաղաղ բանակցութիւններու որոշակի հոլովոյթի սկսելու առնչուող որոշում տրուած է։

«Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութիւնը, անվտանգութիւնն ու զարգացումը շատ կարեւոր են Եւրոպական Միութեան համար։ Առ այդ, մենք կ՛աջակցինք բոլոր դրական ջանքերուն ու վստահութեան հաստատման քայլերուն եւ այս գիշեր մեծ յաջողութեան հասած ենք, իսկ ասիկա կը նշանակէ, որ մենք միասին որոշած ենք սկսիլ խաղաղ բանակցութիւններու որոշակի հոլովոյթի, նախապատրաստել հնարաւոր խաղաղութեան համաձայնագիրը եւ լուծել այդ համաձայնագիրին համար անհրաժեշտ բոլոր տարրերը», ըսաւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Միշէլ։ Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ ձեռք բերուած է համաձայնութիւն՝ ստեղծելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմաններու սահմանազատման հարցերով յանձնախումբ, որուն առաջադրանքը պիտի ըլլայ սահմանազատել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանը, ապահովել կայուն անվտանգ իրավիճակ` սահմանագիծի երկայնքով եւ մերձակայքը: Ան նշեց, որ ուժերուն միջեւ համապատասխան հեռաւորութեան ապահովումը միջադէպերու կանխարգելման եւ լարուածութեան նուազեցման էական տարր է: Միշել վերահաստատեց Եւրոպական Միութեան պատրաստակամութիւնը` տրամադրելու խորհրդատուութիւն եւ աջակցութիւն:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles