Փաշինեանի Հրաժարականը Պահանջող Բողոքի Ցոյցերը Կը Շարունակուին

0 0
Read Time:1 Minute, 51 Second


ԵՐԵՒԱՆ․- Արցախի պատերազմի աւարտէն երեք շաբաթ ետք, Հ․Հ․ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը շարունակէ կառչած մնալ իր պաշտօնին, հակառակ երկրէն ներս ստեղծուած ընկերատնտեսական դաժան պայմաններուն։
Քարվաճարի յանձնումէն ետք, Դեկտեմբեր 1-ին, Բերձորն ալ սկսած էր պարպուիլ, նկատի ունենալով, որ յստակ չէր Արցախը Հայաստանի կապող, Լաչինի անցքին մօտ գտնուող այդ քաղաքին ապագան։
Բերձորի քաղաքապետ Նարեկ Ալեքսանեան յայտնեց, որ Բերձորի բնակիչներէն շատեր տակաւին կը գտնուին քաղաքին մէջ` աւելցնելով, որ ռուս խաղաղապահները տեղեկացուցած են, որ քաղաքին մէջ ոչ մէկ կողմի դրօշ պէտք է ըլլայ։
Նաեւ բաւական մը մելան հոսեցուց Սոթքի ոսկիի հանքը, որ կիսով չափ պիտի ըլլայ Հայաստանի տարածքին, կիսով չափ` Ատրպէյճանի մէջ: Նոյնիսկ քարտէսը, ցոյց կու տայ, թէ ատրպէյճանական հողաշերտը աւելի մեծ է։
Գրեթէ օրական դրութեամբ ցոյցերը կը շարունակուին։ Դեկտեմբեր 2-ին, Արամ Խաչատրեանի արձանի մօտէն սկսան Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով «Արժանապատուութեան երթ»-ը, կազմակերպութեամբ Հ․Ե․Դ․ երիտասարդականին:
Օր մը առաջ, Մաշտոցի պողոտային վրայ Հ․Յ․Դ․ անդամները նախաձեռնած էին բողոքի ցոյց` պահանջելով վարչապետ Փաշինեանի հրաժարականը: Անոնք փակած էին Մաշտոցի, այնուհետեւ` Սայաթ Նովայի պողոտաները։ Շաբաթավերջին ալ, ցոյցեր կատարուած էին։ Արուեստագէտներն ալ միացած են այս հաւաքներուն եւ կը պահանջեն վարչապետին հրաժարականը։
Իսկ Դեկտեմբեր 1-ին, Հայաստանի կառավարութեան շէնքին դիմաց Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով հացադուլ յայտարարած` Հ․Յ․Դ․ անդամներ Գեղամ Մանուկեանին ու Գարիկ Աւետիսեանին այցելած է Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ անոր յորդորանքին վրայ, անոնք դադրեցուցած են հացադուլը:
Նշենք, թէ այլ քաղաքներու մէջ ալ, որոնց կարգին յատկապէս Իջեւան եւ Գորիս սկսած են բողոքի ցոյցեր կատարուիլ։ Անցնող շաբաթավերջին Հ․Յ․Դ․-էն պատուիրակութիւն մը բաղկացած Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեանէն եւ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեանէն, այցելեց Մոսկուա պարզելով եւ ներկայացնելով իրադարձութիւնները։ Նաեւ Հ․Հ․ նախագահ Արմէն Սարգսեան այցելեց Մոսկուա եւ կապ հաստատեց նախագահ Փութինի հետ։ Նախագահ Սարգսեանի նամակին մէջ կը նշուի, որ Հայաստանի հասարակութիւնն ու սփիւռքը խիստ անհանգստացած են ատրպէյճանական գերութեան մէջ յայտնուած զինուորներու եւ քաղաքային անձերու շուրջ ստեղծուած իրավիճակով: Ռուսիոյ նախագահը որոշած է միջնորդել Ատրպէյճանի կողմէ գերեվարուած զինուորներն ու քաղաքային անձերը, ինչպէս նաեւ զոհուածներու մարմինները վերադարձնելու չափազանց զգայուն խնդիրի լուծման գործին մէջ:
Մինչ այդ, Պաքու հաստատեց Հայաստանի հետ ռազմագերիները` «Բոլորը բոլորի դիմաց» սկզբունքով փոխանակելու մտադրութիւնը: Յստակ չէ այդ սկզբունքին ետին կանգնող միտք բանին։
Իսկ Հ․Հ․ կառավարական բեմահարթակէն ներս, օրական տեղի կ՛ունենան հրաժարականներ, նշանակումներ, փոփոխութիւններ եւ վերանշանակումներ։
Հակառակ այս կացութեան, գոհաբանութեան առթիւ կատարուած դրամահաւաքին, կարելի եղաւ հաւաքել 22․9 միլիոն տոլար։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles