ՓԱ­ՐԻ­ԶԻ ՄԷՋ ԵՐԵՔ ՔԻՒՐՏ ԿԻՆ ԳՈՐ­ԾԻՉ­ՆԵ­ՐՈՒ ՍՊԱ­ՆՈՒ­ԹԻՒՆԸ … ԲԱԶ­ՄԱ­ԹԻՒ ՀԱՐ­ՑԱԴ­ՐՈՒՄ­ՆԵ­ՐՈՒ ԴՈՒՌ ԿԸ ԲԱ­ՆԱՅ

0 0
Read Time:12 Minute, 46 Second

kurd dd  ՓԱ­ՐԻԶ.- Ֆրան­սա­յի մայ­րա­քա­ղա­քի տա­սե­րորդ թա­ղա­մա­սէն ներս գտնուող “Քիւր­տիս­տա­նի տե­ղե­կատ­ուա­կան կեդ­րոն“ին մէջ, Չո­րեք­շաբ­թի Յուն­ուար 9էն Հինգ­շաբ­թի Յուն­ուար 10 լուս­ցող գի­շեր­ուան ըն­թաց­քին, յայտ­նա­բեր­ուե­ցան քիւրտ երեք քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ կի­նե­րու դի­ակ­նե­րը:

Սպանն­ուած երեք կի­ներն էին` Սա­քի­նէ Ճան­սըզ, Ֆի­տան Տո­ղան եւ Լէյ­լա Սէ­օյ­լէ­մէզ: Երեքն ալ Քիւր­տիս­տա­նի Աշ­խա­տա­ւո­րա­կան կու­սակ­ցու­թեան (Ք.Ա.Կ. -Փ.Ք.Ք.) ան­դամ­ներ էին: Ճան­սըզ` կու­սակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րէն մէկն է, եւ բան­տարկ­ուած ղե­կա­վար Օճա­լա­նի բան­բե­րը: Իսկ միւս եր­կու­քը` աշ­խոյժ գոր­ծիչ­ներ էին: 32-ամ­եայ Ֆի­տան Տո­ղան, Պրիւք­սէ­լի մէջ, քրտա­կան ազ­գա­յին քոնկ­րէ­սի ներ­կա­յա­ցու­ցիչն էր, իսկ 26 տարեկան Լէյ­լա Սէ­օյ­լե­մեզ` երի­տա­սարդ եւ խոստմ­նա­լից գոր­ծիչ մըն էր:

kurd2 Սպանն­ուած երեք կի­ներու յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւնը կա­տար­ուե­ցաւ Չո­րեք­շաբ­թի, Յուն­ուար 16-ին Տիգ­րա­նա­կեր­տի (Տի­ար­պե­քիր) մէջ: Նոյն օր առա­ւօտ­եան, Փա­րի­զէն ժա­մա­նած էին դի­ակ­նե­րը եւ փո­խադր­ուած շրջա­նի Պայ­րա­մօղլ­ուի մզկի­թը, ուր կա­տար­ուե­ցաւ յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան պաշ­տօ­նա­կան արա­րո­ղու­թիւնը: Այ­նու­հե­տեւ, մար­մին­նե­րը  փո­խադր­ուե­ցան “Պա­թը­քենթ“ հրա­պա­րակ, ուր կը կա­տար­ուէ­ին Նեւ­րու­զի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը: Հոն բազ­մա­մարդ հա­ւաք մը կա­տար­ուե­ցաւ, Ապա, Սա­քի­նէ Ճան­սը­զի մար­մի­նը ու­ղղարկ­ուե­ցաւ Տեր­սիմ (Թուն­ճե­լի), Ֆի­տան Տո­ղա­նի­նը` Էլ­պիս­թան, իսկ Լէյ­լա Սէ­օյ­լէ­մէ­զի­նը` Մեր­սին:

Այս արա­րո­ղու­թեան մա­սին յա­ւել­եալ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ Քրտա­մէտ “Խա­ղա­ղու­թիւն եւ Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն“ կու­սակ­ցու­թեան Տի­ար­պե­քի­րի նա­հան­գա­յին պետ Զիւ­պէյ­տէ Զիւմ­րիւթ: Թուրք­իոյ կա­ռա­վա­րու­թեան գլխա­ւոր ընդ­դի­մա­դիր` Հան­րա­պե­տա­կան ժո­ղովր­դա­յին կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Քե­մալ Քը­լըճ­տա­րօղ­լու, վեր­ջերս ելոյթ ու­նե­նա­լով յայտ­նեց կա­ռա­վա­րու­թեան` Քիւր­տիս­տա­նի Աշ­խա­տա­ւո­րա­կան Կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Ապ­տուլ­լահ Օճա­լա­նի հետ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը շա­րու­նա­կե­լու:

Ֆրան­սա­յի Ներ­քին Գոր­ծոց նա­խա­րար Ման­ուէլ Վալս, որ “ան­հան­դուր­ժե­լի“ որա­կած է այս ոճի­րը, փու­թա­ցած էր տեղ­ւոյն վրայ: Հա­ւա­նա­կան է որ ոճի­րը գործ­ուած է Չո­րեք­շաբ­թի Յուն­ուար 9-ի կէ­սօ­րէ ետք: Մա­հավ­ճի­ռի տպա­ւո­րու­թիւն ձգած է այս ոճի­րը, որ կա­տար­ուած է ամե­նայն ար­հես­տա­վար­ժու­թեամբ:

Ֆրան­սա­հայ Կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը Հա­մա­կար­գող Խոր­հուր­դը (CCAF) Յուն­ուար 10 թուա­կիր հա­ղոր­դագ­րու­թեամբ մը խստօ­րէն դա­տա­պար­տե­լով կա­տար­ուա­ծը` կը յայտ­նէ, թէ արար­քը կը կրէ նշա­նը` թուրք ազ­գայ­նա­մոլ­նե­րու, որոնք շատ լաւ կազ­մա­կերպ­ուած են Ֆրան­սա­յի եւ Եւ­րո­պա­յի մէջ: Հա­ղոր­դագ­րու­թեամբ կը նշուի նա­եւ, թէ Ֆրան­սա­յի մէջ` թուրք ազ­գայ­նա­մոլ­նե­րու թի­րախ­նե­րը անհ­րա­ժեշտ ապա­հո­վու­թիւնը չեն վա­յե­լեր ու կոչ կ՛ուղղ­ուի ֆրան­սա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն, որ­պէս­զի քիւրտ եւ հայ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու, գոր­ծիչ­նե­րու, ինչ­պէս նա­եւ քրտա­կան եւ հայ­կա­կան հիմ­նարկ­նե­րու ապա­հո­վու­թիւնը երաշ­խա­ւո­րեն:

Ֆրան­սա­յի նա­խա­գահ Ֆրանս­ուա Հո­լանտ, դա­տա­պար­տե­լով ոճի­րը, զայն որա­կած է քստմնե­լի եւ շեշ­տած էր, թէ անձ­նա­պէս կը ճանչ­նար երեք զո­հե­րէն մէ­կը:

Դէպ­քին յա­ջորդ օրն իսկ, այս արար­քը շատ մեծ յու­զում եւ զայ­րոյթ պատ­ճա­ռե­լով, պատ­ճառ դար­ձաւ որ հա­րիւ­րա­ւոր քիւր­տեր հա­ւաք­ուին ոճի­րին գործ­ուած շէն­քին առ­ջեւ` կան­չե­լով “Թուրք­իա` մար­դաս­պան, Հո­լանտ` մեղ­սա­կից…Բո­լո՛րս ալ Փ.Ք.Ք.-ցի­ներ ենք“: Բազ­մա­թիւ քիւր­տեր գոր­ծիչ­ներ փու­թա­ցած էին Փա­րիզ, նա­եւ Թուրք­իա­յէն` քրտա­մէտ կու­սակ­ցու­թեան հա­մա­նա­խա­գա­հու­հին` Կիւլ­թէն Քը­սա­նաքն ու այդ կու­սակ­ցու­թե­նէն այլ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ:

 

ՔՐՏԱ­ԿԱՆ

ՀԱ­ԿԱԶ­ԴԵ­ՑՈՒ­ԹԻՒՆ

 

Ք.Ա.Կ.-էն պաշ­տօ­նա­կան բան­բեր մը հա­ւաստ­ի­ա­ցուց թէ, երեք գոր­ծիչ­նե­րու ահա­բե­կու­մը, ընդ­յա­տակ­եայ գոր­ծու­նէ­ու­թիւն տա­նող թուրք ազ­գայ­նա­կան­նե­րու գործն է, աւելց­նե­լով թէ, մա­հա­պա­տի­ժի ոճով կա­տար­ուած սպա­նու­թիւն­նե­րը կան­խամ­տած­ուած եւ ծրագր­ուած էին: Քրտա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւնը Ֆրան­սան զգու­շա­ցուց, որ դէպ­քին ծալ­քե­րը չբա­ցա­յայ­տե­լու պա­րա­գա­յին պա­տաս­խա­նա­տու պի­տի նկատ­ուի:

kurd7Ք.Ա.Կ.-ի ղե­կա­վար Ապ­տիւլ­լա Օճա­լա­նի փաս­տա­բան­նե­րէն Էրեն Քես­քին յայտ­նեց, թէ քիւր­տե­րը այս ոճի­րէն որե­ւէ շահ չու­նէ­ին եւ նշեց թէ այս պա­տա­հա­ծին ետին եղո­ղը ներ­քին պայ­քա­րը չէ:

“Քրտա­կան հար­ցը միայն Թուրք­իոյ մէջ չէ, անի­կա Մի­ջին Արե­ւել­քի, Եւ­րո­պա­յի մէջ բազ­մա­թիւ եր­կիր­ներ կը նե­րա­ռէ, ինչ­պէս նա­եւ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րը: Գո­յու­թիւն ու­նին բազ­մա­թիւ շրջա­նակ­ներ, որոնք խա­ղա­ղու­թեան հե­ռան­կա­րէն ան­հանգս­տա­ցած են, եւ գո­յու­թիւն ու­նին շա­տեր, որոնք խա­ղա­ղու­թեան բա­ցա­կա­յու­թե­նէն շահ կ՛ա­պա­հո­վեն“, եզ­րա­կա­ցուց ան:

Թուրք­իոյ խորհր­դա­րա­նին մաս կազ­մող քրտա­կան “Խա­ղա­ղու­թիւն եւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն“ կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ երես­փո­խան Սե­պա­հան Թուն­չել‘ ակ­նար­կե­լով Օճա­լա­նի եւ թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան մի­ջեւ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն, յայտ­նեց, որ “եթէ այս ոճի­րին ծալ­քե­րը չբա­ցա­յայտ­ուին, ապա այս հո­լո­վոյ­թը ուշ կամ կա­նուխ պի­տի ձա­խո­ղի: Քրտա­կան շար­ժու­մին եւ անոր պատ­մու­թեան ծա­նօթ ոե­ւէ մէ­կը գի­տէ, որ ան­կա­րե­լի է, որ Ք.Ա.Կ. այս­պէս պա­ռակտ­ուի… Անց­եա­լին այս­պի­սի գրգռու­թիւն­ներն էին, որոնք խա­ղա­ղու­թեան ջան­քե­րը ար­գե­լա­կած են, պե­տու­թեան կող­մէ եղած են“:

Նա­եւ, քրտա­կան “Խա­ղա­ղու­թիւն եւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն“ կու­սակ­ցու­թեան հա­մա­նա­խա­գահ Սե­լա­հէտ­տին Տե­միր­թաշ հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը հրա­պա­րա­կե­լով ֆրան­սա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան կոչ ուղ­ղեց քիւրտ գոր­ծիչ­նե­րու սպա­նու­թեան ծալ­քե­րը բա­ցա­յայ­տե­լու:

“Բո­լորն ալ թող գիտ­նան, որ Փա­րի­զի ամէ­նէն խճող­ուած շրջա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած այս սպա­նու­թիւն­նե­րը կա­րե­լի չէ ծած­կել“, շեշ­տեց ան: Նշենք թէ “Խա­ղա­ղու­թիւն եւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն“ կու­սակ­ցու­թեան եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը` Քը­շա­նաք եւ Տե­միր­թաշ Փա­րիզ պի­տի մեկ­նին‘ ֆրան­սա­ցի պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու հետ դէպ­քին շուրջ քննար­կում­ներ կա­տա­րե­լու եւ զո­հե­րուն յու­ղար­կա­ւո­րու­թեանց ներ­կայ գտնուե­լու:

 

ԹՐՔԱ­ԿԱՆՎԵ­ՐԱԳ­ՐՈՒՄ­ՆԵՐ

 kurd3 Թուրք­իոյ նա­խա­գահ Ապ­տիւլ­լա Կիւլ յայտ­նեց, որ սպա­նու­թիւն­նե­րուն շուրջ ներ­կա­յիս բո­լոր ըս­ուած­նե­րը են­թադ­րու­թիւն­ներ են, եւ ճշմար­տու­թիւնը գիտ­նա­լու հա­մար պէտք է քա­նի մը օր սպա­սել:

Իսկ վար­չա­պետ Ռե­ճեպ Թա­յիպ Էր­տո­ղան, անդ­րա­դառ­նա­լով այս սպա­նու­թեան դէպ­քին, շեշ­տեց թէ ոճի­րը կրնայ ներ­քին հաշ­ուե­յար­դար ըլ­լալ կամ քրտա­կան հար­ցը լու­ծե­լու հա­մար թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան որ­դեգ­րած քայ­լե­րը խան­գա­րե­լու փորձ մը:

“Գո­յու­թիւն ու­նին փա­տեր, որոնց շար­քին այն, թէ ոճի­րին թա­տե­րա­բեմ դար­ձած տան դու­ռը ներ­սէն կը փակ­ուի թուայ­նա­ցած կղպան­քով եւ միայն գոր­ծիչ­նե­րուն կող­մէ կրնար բաց­ուիլ, ինչ որ կը նշա­նա­կէ, թէ դու­ռը բա­ցած են իրենց ծա­նօթ ան­ձի մը, որուն վրայ վստա­հու­թիւն ու­նին: Համ­բե­րու­թեամբ պի­տի սպա­սենք, մին­չեւ որ այս դէպ­քին վրայ լոյս սփռուի, եւ պի­տի շա­րու­նա­կենք քրտա­կան հար­ցը լու­ծե­լու մեր բա­րի կա­մե­ցո­ղա­կան քայ­լե­րը“, ըսաւ Էր­տո­ղան:

Աւե­լի ծայ­րա­յե­ղու­թիւն­նե­րու եր­թա­լով Էր­տո­ղան յայտ­նեց, որ Ֆրան­սա­յի նա­խա­գահ Ֆրանս­ուա Հո­լանտ պէտք է աշ­խար­հին բա­ցատ­րու­թիւն տայ, թէ ին­չո՛ւ “Ին­թըր­փոլ“-ի կող­մէ փնտռուած ահա­բե­կիչ­նե­րու հետ հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցած է:

Քիւրտ Աշ­խա­տա­ւո­րա­կան Կու­սակ­ցու­թեան նկատ­մամբ Ֆրան­սա­յի վար­ուե­լա­կեր­պը բուռն քննա­դա­տու­թեան են­թար­կե­լով‘ Էր­տո­ղան ըսաւ, որ Փա­րի­զի մէջ սպանն­ուած երեք քիւրտ կին գոր­ծիչ­նե­րէն Սա­քի­նէ Ճան­սըզ, որ  հիմ­նա­դիր ան­դամ­նե­րէն է, 2007-ին Գեր­ման­իոյ մէջ ձեր­բա­կալ­ուած էր, ապա` ան­մի­ջա­պէս ազատ ար­ձակ­ուած:

“Մենք ֆրան­սա­կան “Ին­թըր­փոլ“-ը հա­զիւ եր­կու ամիս առաջ տեղ­եակ պա­հե­ցինք Ֆրան­սա այդ առն­չու­թեամբ ոչինչ ըրաւ: …Ասի­կա կրնայ Թուրք­իոյ մէջ ըն­թա­ցող հո­լո­վոյ­թը խա­փա­նե­լու հա­մար եղած ըլ­լալ: Ֆրան­սա­կան պե­տու­թե­նէն կը սպա­սենք, որ ասի­կա ան­մի­ջա­պէս բա­ցա­յայ­տէ: Նա­խա­գահ Հո­լանտ պէտք է բա­ցատ­րու­թիւն տայ, որ ինք ին­չո՛ւ այդ ահա­բե­կիչ­նե­րուն հետ հան­դի­պում կ՛ու­նե­նար: Անոնք, որոնք կը փոր­ձեն ասի­կա (թրքա­կան. “Ա.“) պե­տու­թեան ու­սե­րուն բեռց­նել, ան­կա­րող էին հար­ցա­կա­նի տակ առ­նել կազ­մա­կեր­պու­թեան մէջ այս­պի­սի ներ­քին ահա­բե­կում­նե­րը: …“Ահա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւնը անա­րատ եւ մա­քո՞ւր է: Բազ­մա­թիւ երի­տա­սարդ­ներ եւ մա­նուկ­ներ այդ­պէս սպանն­ուած են: Նոյ­նիսկ Ճան­սը­զի նշա­նա­ծը` Մեհ­մեթ Շէ­նըր, օրին այդ­պէս սպանն­ուած էր“, ըսաւ Թուրք­իոյ վար­չա­պե­տը:

Թուրք­իոյ կա­ռա­վա­րու­թեան բան­բեր Պիւ­լենթ Արընչ դա­տա­պար­տեց այս սպա­նու­թիւնը եւ ցաւ յայտ­նեց դէպ­քին հա­մար: Ան նա­եւ ցաւ յայտ­նեց, որ սպա­նու­թիւնը կը զու­գա­դի­պի Քիւրտ Բա­նուո­րա­կան Կու­սակ­ցու­թեան ուղ­ղու­թեամբ թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան խա­ղա­ղու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեան:FRANCE-CRIME-KURDS-TURKEY

Միւս կող­մէ, իշ­խող “Ար­դա­րու­թիւն եւ Բար­գա­ւա­ճում. կու­սակ­ցու­թեան փոխ­նա­խա­գահ Հիւ­սէյն Չե­լիք իր կար­գին դէպ­քը ներ­քին հաշ­ուե­յար­դա­րի վե­րագ­րեց` աւելց­նե­լով, որ տեղ­եակ եցախ են թէ ան­ջա­տում­ներ գո­յու­թիւն ու­նէ­ին, կազ­մա­կե­րու­թիւ­նէն ներս:

Թուրք­իոյ կա­ռա­վա­րու­թեան մօ­տիկ եղող թրքա­կան “Ենի Շա­ֆաք“ օրա­թեր­թը հա­ղոր­դեց, որ կը կարծ­ուի, որ Ճան­սըզ կար­ճա­տեւ այ­ցե­լու­թեամբ կը գտնուէր Փա­րիզ, երբ սպանն­ուած էր եւ կը պատ­րաստ­ուէր այ­ցե­լել Գեր­ման­իոյ Քէ­օլն քա­ղա­քը, ուր հան­դի­պում պի­տի ու­նե­նար Ք.Ա.Կ.-ի տեղ­ւոյն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ:

Թրքա­կան լրատ­ուա­մի­ջոց­ներ նա­եւ քրտա­կան փոք­րա­մաս­նու­թիւն­ներ ու­նե­ցող եւ Սուր­իոյ հար­ցով Թուրք­իոյ հա­կադր­ուած Դա­մաս­կո­սի կամ Թեհ­րա­նի մեղ­սակ­ցու­թեան հա­ւա­նա­կա­նու­թեան ակ­նար­կե­ցին:

Թրքա­կան ահա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի ու­ժե­րու եւ Ք.Ա.Կ.-էն զին­եալ­նե­րու մի­ջեւ Մծբի­նի մէջ բա­խում մը տե­ղի ու­նե­ցած է, երբ ապա­հո­վա­կան ու­ժե­րը Ք.Ա.Կ.-ի ան­դամ­նե­րու ներ­կա­յու­թեան մա­սին տե­ղե­կու­թիւն ստա­նա­լէ ետք տուն մը ներ­խու­ժած են: Կէս ժամ տե­ւած բա­խու­մին պատ­ճա­ռով Ք.Ա.Կ.-ի ան­դամ մը սպանն­ուած է: Ան­մի­ջա­պէս դէպ­քին շուրջ հա­ւաք­ուած են ցու­ցա­րար­ներ, որոնք բա­խում ու­նե­ցած են թրքա­կան ոս­տի­կա­նու­թեան հետ: Վեր­ջինս ցու­ցա­րար­նե­րը ցրուե­լու հա­մար ար­ցուն­քա­բեր ռում­բեր օգ­տա­գոր­ծած է:

Վեր­ջա­պէս, Թրքա­կան գաղտ­նի սպա­սար­կու­թիւնը` ՄԻԹ մօ­տէն կը հե­տե­ւի սպա­նու­թիւն­նե­րուն յա­ջոր­դող զար­գա­ցում­նե­րուն եւ մտա­դիր է ֆրան­սա­կան գաղտ­նի սպա­սար­կու­թեան հետ դէպ­քին շուրջ տե­ղե­կու­թեանց փո­խա­նա­կում կա­տա­րել:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles