ԼրահոսՀայաստան

ՑՈՅՑ ԸՆԴԴԷՄ ՊԱՐՏԱԴԻՐ ԿՈՒՏԱԿԱՅԻՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՆ

tsuyts pensions-reform-protest-march-opera-square  ԵՐԵՒԱՆ.- Անցեալ շաբաթավերջին, “Ազատութիւն“ հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ, հաւաք-ցոյց մը` ընդդէմ պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգին:

Այս հաւաքին մասնակցեցան Ազգային ժողովի ընդդիմադիր չորս խմբակցութիւնները` Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, “Ժառանգութիւն“ը, “Բարգաւաճ Հայաստան“ը եւ “Հայ Ազգային Քոնկրէս“ը:

Ցուցարարները կը պահանջէին“ Սահմանադրական Դատարանէն, Յունուար 25-ի նիստին կասեցնել եւ հակասահմանադրական նկատել, կուտակային կենսաթոշակային բարեփոխումներու մասին` օրէնքը:

Ելոյթներով խօսք առին Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան, Ազգային ժողովի “Բարգաւաճ Հայաստան“ խմբակցութեան քարտուղար Նայիրա Զոհրապեան, “Ժառանգութիւն“ խմբակցութեան անդամ Ռուբէն Յակոբեան, “Հայ Ազգային Քոնկրէս“ի ղեկավար Լեւոն Զուրապեան:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button