
ԵՐԵՒԱՆ․- Յունիս 20-ին «Դիմադրութիւն» շարժման մասնակիցները շտապ հաւաք կազմակերպեցին եւ կատարեցին քայլերթ դէպի «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ի գրասենեակ, Ոստիկանութեան եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան շէնքեր:
Հաւաքին շարժառիթը շաբաթավերջին Ապարանի Նիգաւան համայնքին մէջ արիւնալի դէպքն էր, որուն հետեւանքով 4 անձ մահացաւ:
«Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը Նիկոլ Փաշինեանի արիւնոտ ձեռքերով վերածուած է քաղաքացիական պատերազմի կուսակցութեան», նշեցին շարժման մասնակիցները եւ կարմիր ներկ լեցուցին շէնքին մօտ եւ երթով շարժեցան դէպի Ոստիկանութիւն, ուր մոմավառութիւն կազմակերպեցին` ի յիշատակ Ապարանի մէջ զոհուած քաղաքացիներուն: