
Read Time:22 Second
ՇԻՔԱԿՕ.- Շաբաթ, Յուլիս 18-ին, մօտաւորապէս 25 ազերի եւ թուրք խուլիկաններ ցոյց մը կատարեցին հայոց հիւպատոսարանին դիմաց, որուն հասցէն է.- 120 W. Kinzie St. Suite 201: Հիւպատոս Օսքար Թաթոսեանի ներկայութեան ժամանակ, ատրպէյճանական եւ թրքական դրօշակներ ծածանելով, ցուցարարներ հաւաքուեցան մօտաւորապէս 45 վայրկեան եւ ապա հեռացան:
Նշենք, թէ երէկ Մեծն Բրիտանիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ ալ, շատ աւելի հոծ ներկայութեամբ, ազերիներ հաւաքուած էին Հայաստանի դեսպանատան մօտ, ուր դէմ յանդիման եկած էին հայորդիներու եւ անշուշտ ոստիկանութեան: