Ցեղին Տաղանդը

Պետրոս Աւ. Քհնյ. Շեթիլեան
Սփրինկֆիլտ – Մասաչուսէց
Հոկտեմբեր 5-ին, մեր գաղութը բացառիկ առիթը ունեցաւ լսելու Հայաստանի Պետական Կամերային (սենեկային) Նուագախումբին, Ուաթըրթաունի Միջնակարգ Դպրոցին սրահին մէջ: Համերգը Ֆրանսա և Ամերիկա հիւրախաղերուն վերջին ելոյթն էր, ուր նուագախումբը ամէնուրեք մեծ յաջողութեամբ ելոյթ ունեցած էր Փարիզի, Սիէթըլի, Լաս Վեկասի, Լոս Անճելըսի եւ Նիւ Եորքի մէջ: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Լոս Անճելոսի շրջանին մէջ գործող Hi-AM Բարեգործական Հիմնադրամի կողմէն, իսկ Պոսթընի համերգին կազմակերպման մէջ նաև ընդգրկուած էր «Ամարաս» Արուեստի Համագործակցութեան (Alliance)» կազմակերպութիւնը:
Անձնապէս ինծի համար համերգը առաւել հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէր, որովհետեւ ինքս ղեկավարած էի այս նուագախումբը, 2022-ին Երեւանի մէջ: Ղեկավարը Սիփան Օլահն էր՝ որ նաև երգիչ է, իսկ որպէս մենակատար ներկայացան Հայարփի Եղիկեան՝ որպէս սոփրանօ, Աստղիկ Վարդանեան՝ որպէս ջութակահար եւ Սօնա Բարսեղեան՝ որպէս դաշնակահար։
Ծրագրի առաջին կէսը բաղկացած էր բացառապէս հայկական կտորներէ. Կոմիտաս Վրդ., Խաչատուրեան, Մանսուրեան, Կոտոյեան, մեզի ծանօթ Կոնստանթին Պետրոսեան եւ Ամիրխանեան: Իսկ երկրորդ կէսը կը ներկայացնէր Շարլզ Ազնաւուրի երգերէն փաղանգ մը:
Համերգին մասին խօսելէ առաջ կ’արժէ որոշ տեղեկութիւններ տալ նոագախումբին հարուստ պատմութեան մասին: Այս նուագախումբին պատմութիւնը կապուած է «Հայաստանի Պետական Անսամպլ»-ին հետ, որ ստեղծուած է 1962-ին մեծ երաժիշտ Զարեհ Սահակեանցին կողմէն: Ան աչքի ինկած է այն հանգամանքով, որ չնայած Խորհրդային վարչակարգին դաժանութեան հասնող արգելքներուն, կրցած է հայ հոգեւոր երաժշտութեան տարածման գործին մեծապէս նպաստել: Այս բնագաւառին մէջ իր ամենամեծ նուաճումը եղած է Կոմիտաս Վարդապետի Սուրբ Պատարագին կատարումը, ձայնագրումը և հրատարակումը խորհրդային պետական «Մելոտիա» ձայնասկաւառակային ընկերութեան կողմէն, Երջանկայիշատակ Ամենայն Հայոց Վազգէն Հայրապետի ցանկութեամբ: Այս ձայնագրութիւնը միայն նուագ էր առանց բառերու ուղեկցութեամբ, սակայն այս հանգամանքը մեծ յանդգնութիւն և հնարամտութիւն կը պահանջէր, բան մը որ չէր յաջողուած իրագործել Խորհրդային Միութեան մէջ ապրող ուրիշ ժողովուրդներէն որեւէ մէկուն:
Գալով համերգին, նախ պէտքէ նշել ղեկավար Սիփան Օլահը, որ նաեւ քանի մը կտորներուն մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ որպէս մեներգիչ: Անոր ղեկավարումը աչքի ինկաւ նուագուած կտորներուն համապատասխանող շարժումներով եւ ոգեւորութեամբ, իսկ մենակատարները իրենց բաժինները կատարեցին պատշաճօրէն ու մեծ տպաւորութիւն ձգելով: Գալով նուագախումբին, կ’արժէ նշել հետեւեալ հանգամանքը: Հայաստանը՝ Խորհրդային տարիներուն ըլլալով մեծ ու հզօր երկրի մը մէկ մասը, շատ բնագաւառներու մէջ յառաջադէմ դիրքեր կը գրաւէր չնայած իր փոքր չափին: Այս մէկը կը վերաբերէր նաեւ երաժշտութեան՝ մանաւանդ երգահանութեան, երգեցողութեան բարձր ձայներուն, նաեւ լարային գործիքներու դպրոցին: Այդ մեծ երկրին մէջ, Մոսկուայէն ու Լենինկրատէն (այժմ Սէնթ Փիթըրզպըրկ) ետք Հայաստանը երրորդ տեղը կը գրաւէր իր լարային դպրոցի մակարդակով: Համերգին առընչութեամբ, նուագախումբը միայն լարայիններէ կը բաղկանար եւ այլ գործիքներ չկային, այդ պատճառով, կատարելապէս ուշադրութիւնս կեդրոնացած էր լարայիններու վրայ: Լաւ է, որ այդպէս էր, որովհետեւ մեծ հաճոյքով լսեցի այն բացառիկ ձայնի որակը, որ կու գար նոագախումբէն: Թաւշեայ հնչողութիւնը, աղեղներուն շարժումներուն ճիշդ ձեւով ղեկավարումը, զգայուն երգեցողութիւնը, այս բոլոր արժանիքներուն բարձր մակարդակով կիրառումը ցոյց կու տային, որ չնայած Ռուսիոյ հետ թուլցած կապին, նուագախումբը դեռ կը պահէր կատարողական արուեստի բարձր մակարդակը: Նուագախումբի մենակատար Աստղիկ Վարդանեանի (Լեւոն Չիլինկիրեանին աշակերտուհի) կատարումները առաւել եւս կը հաստատէին այս իրողութիւնը: Պէտք է նկատի ունենալ, որ այսօրուայ համաշխարհային լարային արուեստի հիմքը ռուս-հրէական դպրոցն է, որ ծագում առած եւ զարգացած է ցարական օրերուն: Լէօփոլտ Աուէր այս դպրոցին սիւներէն մէկն է, բայց նաեւ Իվան Գալամեանն ալ կարեւոր անուն մըն է, որ իր կարգին եղած է քանի մը մեծ ջութակահարներու ուսուցիչը: Բայց հարցը միայն դպրոցին հետեւելուն մէջ չէ, այլ նաև մեզի տրուած բացառիկ տաղանդին՝ ցեղի Տաղանդին մէջ: Իրաւացիօրէն կ’ըսենք, որ երաժշտութիւնը մեզի տրուած բացառիկ շնորհքներէն մէկն է, ճարտարապետութեան ու բանաստեղծութեան զուգահեռ: Կը բաւէ նշել մեր հոգեւոր երաժշտութիւնը փաստելու համար այս կարծիքին ճշմարտացիութիւնը: Այս հանգամանքը, մեզի հիմք կու տայ վստահօրէն եզրակացնելու, որ կատարողական նման բարձր որակ ունեցող նուագախումբ մը, ոչ թէ միայն ի յանձինս հայ ունկնդիրներուն, այլ նաեւ ճիշդ կառավարման պարագային, համաշխարհային ամենաբարձր բեմերու վրայ անգամ կրնայ մեծ յաջողութիւններու հասնիլ:
Եզրակացնելու համար պէտք է նշել, որ մեզի՝ Սփիւռքահայերուս համար, Հայաստանէն եկող նման համերգները բացի երաժշտական բաղադրիչէն, հասկնալի պատճառով ունին նաեւ այլ նշանակութիւն: Այդ մէկը զգալի էր սրահին մէջ: Կարելի է ըսել, որ համեգին տեւողոթեան ընթացքին ներկաները ինքզինքնին Հայաստանի մէջ կը զգային: Ներկայիս, երբ գրեթէ ամէն մէկ սփիւռքահայ գոնէ անգամ մը այցելած է Հայաստան, նման միջոցառումները յաւելեալ տարողութիւն մը կու տան հայրենիքին հետ մեր կապին: Նկատի ունենալով Հայաստանին դեռ դիմագրաւած մեծ մարտահրաւէրները, նման միջոցառումները մեզի դարձեալ կը յիշեցնեն մեր յանձնարարութեան հայրենիքի նկատմամբ, այն տեսլականով որ Հայաստանը պիտի դառնայ ապահով ու ծաղկող երկիր մը:

