

Ապրիլ 20-ին, Երուսաղէմի մէջ բողոք-երթով մը նշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակը:
Երթին մասնակցողները Երուսաղէմի Սուրբ Յակոբեանց մայր տաճարէն քալեցին դէպի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, ուր Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու բարեխօսութեան կարգ կատարուեցաւ: Այնուհետեւ երթին մասնակցողները, որոնք բարձրացուցած էին «Մենք կը քալենք յանուն արդարութեան» գրութեամբ պաստառով եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշներով, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ուղղուեցան դէպի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանը, ուր մոմավառութիւն կատարուեցաւ:
Ապրիլ 24-ին բողոքի ցոյց կազմակերպուեցաւ Թուրքիոյ հիւպատոսարանին դիմաց: Նաեւ յիշատակի ձեռնարկ մը կազմակերպուեցաւ տեղւոյն Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ: