ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ` ՄԱՐՍԷՅԻ ՍՈՒՐԲ ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

0 0
Read Time:1 Minute, 16 Second

marseille1

Կիրակի Ապրիլ 17ին, Մարսէյի Պուլըվար Օտտօ թաղամասի Սուրբ Յակոբ Եկեղեցւոյ մէջ, Սուրբ Պատարագ մատոյց Արժ. Տ. Խաչատուր Ա. Քհնյ. Պօղոսեան, որ քարոզին մէջ անդրադարձաւ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ու Հայաստանի վրայ կատարած քառօրեայ նախայարձակման առթիւ հայոց բանակին ցուցաբերած հերոսական դիմադրութեան, համայն հայութեան դրսեւորած հիանալի միասնականութեան, պաշտպանելու հանար Արցախն ու Հայաստանը, յիշեց հարիւր մէկ տարի առաջ թուրք պետութեան ծրագրած հայ ազգը բնաջնջելուն Մեծն Եղեռնի աղէտէն ետք, աշխարհով մէկ սփռուած վերապրողներուն զօրաւոր կամքին, հաւատքին, եւ ազգային ինքնութեան պահպանման հաւատարմութեան ոգիով, իրենց բնակարաններուն կողքին ամենուրեք եկեղեցիներ եւ մշակութային կեդրոնններ կառուցելուն համար։ Յիշեց հարիւրաﬔակին առթիւ նահատակաց սրբադասումը, ինչպէս նաեւ տեղահանութենէն հրաշքով փրկուած Մարսէյի առաջին Առաջնորդ Գրիգորիս Եպս. Պալաքեանին որ կեդրոնական եւ Հարաւային Ֆրանսայի մէջ կառուցած եւ օծած էր տասը եկեղեցիներ։marseille2marseille3
Յաւարտ Սուրբ Պատարագի եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող նահատակաց յուշարձան խաչքարին շուրջը տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ Հայաստանի եւ Ղարաբաղի մէջ զոհուած ﬔր նահատակ հերոս զինուորներուն եւ քաղաքացիներուն հոգւոց ի հանգիստ։ Երգուեցան Հայաստանի փառերգն ու Կիլիկիան։ Մէկ վայրկեանի լռութենէն ետք, Քաղաքապետարանին, Կապոյտ Խաչի «Լէօլա Սասունի» մասնաճիւղին եւ եկեղեցւոյն ծիսական Խորհուրդին կողմէ ծաղկեպսակներ զետեղուեցան ։
Ոգեկոչման ներկայ եղան Մարսէյլի 15-16 թաղապետարաններուն քաղաքապետուհին՝ Ծերակուտական Սամիա Ղալին, երեսփոխան եւ փոխ քաղաքապետ Հանրի Ճիպրայիլը, եւ փոխ քաղաքապետ Կանանց Իրաւունքներու հարցերու պատուիրակ՝ Փաթրիսիա Ահարոնեան։ Յիշեալները իրենց պատգամներով իրենց յարգանքի զգացումները յայտնեցին մէկ ու կէս միլիոն հայ անմեղ նահատակներուն, ինչպէս նաեւ դրուատեցին Ցեղասպանութենէն ետք Մարսէյ հաստատուած հայոց մասնակցութիւնը երկրին եւ քաղաքին զարգացման ու ծաղկման մէջ, դատապարտեցին Թուրքիոյ ուրացումն ու Արցախի եւ Սուրիոյ մէջ վարած քաղաքականութիւնը…։
Ոգեկոչման արարողութենէն ետք հայ համայնքի անդամները քաղաքապետարան կողմէ հրաւիրուեցան քաղաքապետարանի կողմէ պատրաստուած ընդունելութեան որ տեղի ունեցաւ մօտակայքը գտնուող պետական վարժարանին սրահին մէջ։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles