ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒՄ` ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ ՄԷՋ

0 0
Read Time:2 Minute, 29 Second

01Արփի Մինասեան
թարգմանեց՝
Թերէզ Ճապրայեան-Ոսկերիչեան

Կիրակի Ապրիլ 24, 2016-ին հարիւրաւոր հայորդիներ համախմբուած էին Ս. Երրորդութիւն Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հանդիսասրահը Չելթընհէմ, Փենսիլվէնիա, Հայոց Ցեղասպանութիւնը յիշատակելու։
Յայտագիրը կ՛երաշխաւորէր Միջ-Համայնքային Յանձնախումբը:
«Միասին Հայաստանի համար»։ Կարեւոր դէմքերէն՝ հռչակաւոր դաշնակահար Շահան Արծրունի։02
Շահան Արծրունին գերիվարեց ունկնդիրները իր ընտրութիւններու գեղեցկութեամբ. Քրիստափոր Քարա-Մուրզա, Կոմիտաս, Արամ Խաչատուրեան, Առնօ Պապաճանեան եւ Ալան Յովհաննէս։ Հանդիսատեսը Արծրունիի հետ ճամբորդեց Հայ երաժիշտներու գործերու մէջէն երաժշտութեան կատարները։ Մինչ իր մատները կը շոյէին ստեղնաշարը, ունկնդիրը ժամանակի մէջէն Հայուն ցաւը նկարագրող դառնավէպի երիզը կարծես կը դիտէր։ Նախքան երաժիշտներու նշանաւոր գործերէն նուագելը, Ան բաժնեկից ըրաւ մեզ անոնց կեանքի մանրապատումներուն. հանճարեղ մեղեդիները յագեցուցին ներկաներու մտքերն ու հոգին. վերակենդանացած նուագներով. . . «Մուշի Շորոր» հայկական ժողովրդական երաժշտութեան էութիւնը՝ գրաւեց մեր ունկնդիրը հայ գիւղացիի ամէնօրեայ կեանքին մասնակցելով։ Սրահը մագնիսացած էր Առնօ Պապաճանեանի եղերերգութիւններէն ըստ ¥Սայաթ Նովայէ ետք¤։ Ամէնքը սքանչացած էին յաջորդական երփներանգ մեղեդիներով ¥Քրիստափոր Կարա-Մուրզա «Ենովք», Ալան Յովհաննէսի հաւասարապէս հաճելի երգերով։ Արամ Խաչատուրեանի «Թոքաթա» Հայ ժողովուրդի արիութիւնն եւ հաստատակամութիւնը կը խորհրդանշէր։ Ամէն ձայնանիշ ու զարկ, ամէն լար նուագուած՝ արձագանգ էր տուայտանքի, մաքառման ու Հայ Ժողովուրդի ապրելու իրաւունքին։
Շահան Արծրունի ո՛չ միայն յարգուած ու սիրուած է որպէս սենեկային երաժշտութեան բաժնեկից այլ նաեւ ճանչցուած ու հռչակուած երգահան, Ազգային երաժշտաբան, ուսուցիչ, դասախօս, գրող, հեռասփրող անձնաւորութիւն։ Տպաւորապաշտ արուեստագէտ, Ճօնի Քարսընի, Մայք Տուկլասի նաեւ Վիքթըր Պորկի հետ ելոյթներ ունեցած է։
1996-ին կոնդակ մը կը ստանայ Ս. Սահակ Ս. Մեսրոպ մետալով, Նորին Սրբազնութիւն Գարեգին Ա. Կաթողիկոսէն։ Այս տարի կը պարգեւատրուի Մովսէս Խորենացի Նախագահական մետալով՝ Մշակութային կապեր հաստատելուն համար Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ։ Ֆիլատելֆիոյ Համայնքը պատիւ ունի Պրն. Շահան Արծրունիի մասնակցութեան 101-ամեայ ցեղասպանութեան յիշատակման ձեռնարկին։
Յայտագրի փոքր մէկ մասը ձօնուած էր Համայնքի երիտասարդներուն։ Ունկնդիրները խորապէս յուզուած նաեւ հրճուած էին Հայ Քոյրերու Վարժարանի աշակերտներու երգեցողութեամբ։ Առաջնորդութեամբ Քոյր Էմմա Մուսայեանի՝ տնօրէնուհի վարժարանի, Հայ լեզուի ուսուչուհի Տիկ. Թամար Փանոսեանի. ղեկավարութեամբ՝ դպրոցի երաժշտութեան ուսուցչուհի Կարինէ Անտոնեանի։ Աշակերտները երջանկացուցին ներկաները «Ծիծեռնակը Բոյն կը Շինէր» երգով, Ղեւոնդ Աղայեանի, Բարսեղ Կանաչեանի եւ «Սուրբերու Աչքեր», Մարթին Ահարոնեանի։ Աշակերտներու հմայիչ երգեցողութիւնը անգամ մը եւս յիշեցուց թէ Ֆիլատելֆիոյ Համայնքը բախտաւոր է նման հաստատութիւն մը ունենալով իր մէջ։ Այս աշակերտները զգացուցին մեզի թէ Հայոց Պատմութիւնը, Մշակոյթն ու Լեզուն հիմն է մեր կենցաղին, մեր կեանքին ու մեզ միաւորողը։0

Հայ Քոյրերու Վարժարանը մտքի զարգացման կատարին է։ Ան հոգի ու մարմին կը կազմէ. հայ երիտասարդներու յաջորդականութիւնը կը պահէ։ Ֆիլատելֆիոյ Միջ-Համայնքային Յանձնախումբը կը գոյանայ հինգ Եկեղեցիներու մասնակցութեամբ՝ Կղերներով եւ Հայ Քոյրերու Կաճառով։ Տարուայ ընթացքին այս Յանձնախումբը երեք միջոցառում կը ծրագրէ Ֆիլատելֆիոյ շրջանին համար։ Միատեղ կը տօնակատարեն Վարդանանք, Ապրիլ 24, Մշակութային Ամիս։ Համայնքը երբ միաւորուած է սքանչելիքներ կը կատարէ։
Երաժիշտ Շահան Արծրունիի ելոյթը գնահատելով Յանձնախումբը նուիրատուութիւն մը պիտի ընէ Վանաձորի Ծերանոցին Հայաստանի մէջ։ Այս Տունը հովանաւորուած է Արծրունի Ընտանիքի կողմէ՝ 40-է աւելի ալեհերներու համար։
«Միասնաբար Հայաստանի Համար» Շահան Արծրունին օրինակներէն մէկն է։ Միջ-Համայնքային Յանձնախումբը կը պատուէ այս փառահեղ միջոցառումը, Շահան Արծրունիի բարձրաճաշակ տաղանդը։ Անոր նուագներն ու երգերը զգլխեցին ունկնդիրները որ վայելեցին հիասքանչ յայտագիր, հանճարեղ տաղանդ։ Համայնքը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Պրն. Արծրունիին որ երաժշտութեան հսկաներէն մին է. . .։
Իսկապէս Ապրիլ 24-ի նուագը ունկնդրի հոգին փայփայեց գրեթէ սրբացուց։
Շնորհ քեզի Շահան Արծրունի, Դո՛ւ մեր ազգին ընտիր զաւակն ես։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles