«Ցեղասպանութեան Կրթութիւնը 21-րդ Դարաշրջանին․․․»՝  Կազմակերպութեամբ Արեւելեան Մասաչուսէցի Հայ Դատի Յանձնախումբին

0 0
Read Time:1 Minute, 34 Second

Լուսանկարներ՝ Քնար Պետեան

 

Կիրակի, Ապրիլ 10-ին կէսօրէ ետք ժամը՝ 3-ին, Ուաթըրթաունի Հայ Կեդրոնին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակին առթիւ, տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը  Կազմակերպութեամբ Արեւելեան Մասաչուսէցի Հայ Դատի Յանձնախումբին եւ հովանաւորութեամբ Պոսթընի Հ․Յ․Դ․ «Սարդարապատ» կոմիտէութեան։ Օրուան նիւթն էր․- «Ցեղասպանութեան Կրթութիւնը 21-րդ Դարաշրջանին, Առաջնորդելով Ապագայ Սերունդը՝ Պոսթընէն Պուրունտի»։

Ներկաներուն թիւը կը գերազանցէր հարիւրը, որոնց կարգին ծերակուտական Ուիլիըմ Պրաունզպըրկըր եւ ներկայացուցիչ Սթիւ Օուընզ։ Հանդիսավարն էր Անի Զարգարեան, որ հմտօրէն կատարեց իր պարտականութիւնը, ներկայացնելով օրուան բանախօսն ու զեկուցաբերները։

Լուսանկարներ՝ Քնար Պետեան

Օրուան բանախօսն էր «Աւրորա»-ի (2016) եւ Միացեալ Ազգերու «Նանսէն» (2005) մրցանակակիր Մարկըրիթ Պարանքիցէ (Պուրունտի), որ վերապրած է իր երկրի ներքին քաղաքացիական պատերազմը։ Ան սրտբացօրէն արտայայտուեցաւ, նկարագրելով, թէ որքան զարհուրելի է ատելութիւնը։ Ան կոչ ուղղեց ամէն գնով դէմ հանդիսանալ որեւէ պատերազմի, որպէսզի կտրուկ կերպով վերջ մը դրուի ծայրայեղութիւններուն, ատելութիւններուն եւ ցեղասպանութեանց։

Նախքան տիկին Պարանքիցէի բեմահարթակ բարձրանալը, ցուցադրուեցաւ 10 վայրկեան տեւողութիւն ունեցող տեսերիզ մը, որուն մէջ ներկայացուեցաւ իր անձնական եւ հետեւողական ջանքերով հիմնած «Maison Shalom» բարեգործական հիմնարկը։ Այս կեդրոնին պարտականութիւնն է խնամել եւ դաստիարակել փոքր տարիքէն չարաչար օգտագործուած եւ ստիպողաբար ռազմաճակատ գործուղղուած պատանիներ։

Տիկին Պարանքիցէի խօսքէն ետք, հանդիսավար Զարգարեան ներկայացուց զրուցաբերները՝ դոկտ․ Լեռնա Էքմեքչիօղլու (Պոլիս ծնած, պատմութեան դասախօս՝ Պոսթընի MIT համալսարանէն ներս), Էրիք Քոհէն (Ցեղասպանութեանց դէմ պայքարող անձ մը, որ յատկապէս հարաւային Սուտանի մէջ պատահած ջարդերուն գծով աշխատանք տարած է), Հերման Բրուտեան («Արմինիըն Ասեմպլի»-ի գործօն անձերէն, որ շարունակ գործած է յաչս ցեղասպանութեան ճանաչման) եւ դոկտ․ Տիգրան Խալիկեան (Արեւելեան Մասաչուսէցի Հայ Դատի Յանձնախումբի ղեկավար եւ ցեղասպանութեան մասին մասնագէտ դասախօս)։

Զեկուցաբերները անդրադարձան, թէ ինչպէս կարելի եղած է տարիներ շարունակ աշխատիլ եւ քաղաքական բեմի վրայ համոզել ղեկավարներ, որպէսզի կարելի ըլլայ յատուկ ցեղասպանութեանց մասին դասընթացք ներկայացնել, առաջին հերթին Մասաչուսէցի եւ ապա Ա․Մ․Ն․-ի այլ նահանգներու կրթօճախներէն ներս։

Առիթ տրուած հարց-պատասխաններուն աւելի մանրամասնութիւններ կարելի եղաւ փոխանցել։ Աւարտին, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles