Յ. ՊԱԼԵԱՆ
ՏԵՍԱՆԿԻՒՆ ՓՈԽԵԼՈՒ ՓՈՐՁ
1915-ով յատկանշուող ցեղասպանութիւն-հայրենահանումը եւ խորհրդային-ստալինեան հարթող գլանի հետեւանքները ազգի հոգեբարոյական աւերի տեսանկիւնէ չենք քննած: Այդ անկարելի եղած է եւ այդպէս ալ կը շարունակուի` ներազգային ինքնագոհութեան թոհուբոհին մէջ ենթաքաղաքական կարծրացած տարակարծութիւն-մրցակցութիւններու որպէս հետեւանք, ծնունդ տալով առանձին ապրող նոյն ազգէն սերած տարբեր հատուածներու:
Այս քննութիւնը տարբեր որակ է Ցեղասպանութիւնը փաստելու համար եղած վաւերագրերու մէկտեղումէ, հրապարակումէ, վերլուծումէ:
Մտածում, վերլուծական աշխատանք, ազգային հեռանկարի մշակում` շնչասպառ եղած են, երէկ եւ այսօր, “հայրենասիրական“ համարուած կարգախօսերու եւ անհատապաշտական վերաբերումներու մէջ: Զանոնք հիմնաւորող քաղաքական միտքը կծկուած է քարոզչականի մէջ, որ կը շարունակէ ջուր բերել ջոջականութիւններու դիրքերու տեւականացման ջաղացքին: Կարգախօս կրկնելով` ապաստանած ենք մենք մեզմէ դուրս, որովհետեւ ինքզինք խոշորացոյցի տակ բռնել ե՛ւ դժուար է, ե՛ւ ցաւցնող:
Ազգ էինք, երբ հողին վրայ էինք, մեր աւանդութիւններով, երգերով, ուխտագնացութիւններով, ընտանեկան-տոհմական սովորութիւններով եւ արժէքներով, մեր արմատներէն եկող բարբառներով, հողը մշակող եւ անոր վրայ բնակող տիրոջ բնական զգացումով, լայն առումով ընտանիքի մը պատկանելու բնազդական գիտակցութեամբ: Մեծ քաղաքներու մէջ միատեսակութեան անդիմագիծ դառնալու դատապարտուածներ չէինք:
Այս յատկանշական տուեալները դիմագիծ եւ ինքնութիւն կը ստեղծէին:
Իմաստուն եւ մանուածապատ վերլուծումներ ընելու կարիք չկար կեղծ լուսապսակներ ունենալու համար:
Բաղդատենք ԱԶԳԻ ՀԱՅՐԵՆԱՀԱՆՈՒԱԾ ՀԱՏՈՒԱԾէն գոյացած բազմաթիւ եւ բազմագոյն համայնքները նշուած ազդակներուն:
Եթէ Հարցումներու
Պատասխանենք
Ի՞նչ մնացած է, ի՞նչ պահած ենք: Նո՞յնն ենք, թէ՞ տարբեր, իրապէս շարունակութի՞ւն ենք:
Հայրենահանուած հատուածը, ի հարկէ, հոգեպէս խորշակահար էր, քանի որ ընտանիքներ ի սպառ բնաջնջուած էին, կամ անոնց անդամներուն մէկը զոհ գացած էր` մնացողները յաւերժացած սուգի մատնելով, սուգ զաւակի, հօր, մօր, եղբօր: Այսօր անգամ, երբ “անշիրիմ“ մեռեալներու մասին կը խօսուի, ցաւ կայ այդ բառին ետեւ, նոյնիսկ երբ չենք կրնար անուններ տալ այդ անշիրիմներուն, որովհետեւ աղօթքով եւ խունկով սգալու իրաւունքէ զրկուած են մարդիկ:
Ուշագրաւ է, որ երեք սերունդ ետք անգամ բանաստեղծ մը կը պատմէ թրքական հարեմէ եկած իր մեծ մօր մասին: Նոյնիսկ երբ մարդիկ կը պատշաճին, առօրեան կը կլանէ զիրենք, ապրուած կամ ժառանգուած անցեալը նստած կը մնայ ենթագիտակիցին մէջ: Հեռաւոր աշխարհներէ մարդիկ երբ մինչեւ Տէր Զօր կու գան, հայրենահանուածի ուխտագնացութիւն է այդ ճամբորդութիւնը, անոնք զբօսաշրջիկ չեն: Հոգեբարոյական քանդումին կարծէք անմիջական դարմանը կը փնտռեն: Անոնք ճառ չեն կրնար խօսիլ, բանաստեղծութիւն չեն գրեր, կը վկայեն իրենց բջիջներուն մէջ տեղ գտած ցաւի մասին: Այս վկայութիւնը թատրոն չէ:
Եթէ մէկ կողմէ կայ ցաւի տեսակ մը “պաշտամունք“, միւս կողմէ` կայ ինքզինքին եւ յետնորդներու անվտանգ ապագայ մը ապահովելու ընդհանրացած եւ բազմաթիւ ձեւերով արտայայտուող միտումը, որպէսզի յաւերժացած ցաւի անցեալը յանկարծ չկրկնուի: Փոխանակ իրաւունքի պաշտպանութիւնը անհատական եւ հաւաքական վերաբերումի, այսինքն` յանձնառութեան, առանցք դարձնելու, զանգուածային կերպով “գլուխ փրկելու“ ընթացք որդեգրուած է, եւ մեծամասնութիւնը կ՛որդեգրէ խուճապային փախուստ մը ծիներու մէջ պառկած սարսափէն:
Եւ ազգային վերապրումը կը ստորադասուի անհատական վերապրումի պարզագոյն ձեւին, ընտանիքի, հօր, մօր, զաւակի: Ազգային իրաւ վերապրումի գաղափարախօսութիւն կարելի չէ եղած ներշնչել:
Պատմական ծանրակշիռ հետեւանքներով ձախողութիւն մը:
Այս ձախողութեան արտայայտութիւնները բազմազան են, եթէ ինքնարդարացումներու մշուշ չստեղծենք: Անոնք հաւասարապէս աւերիչ հանգամանք ունին:
Վիճակագրութիւն մը չունինք գիտնալու համար, որ Բ. Աշխարհամարտի աւարտէն անմիջապէս ետք Հայաստան ՆԵՐԳԱՂԹՈՂՆԵՐՈՒ ո՞ր տոկոսը դուրս եկաւ երկրէն, ո՞ր տոկոսը հոն մնաց: Ազգային գիտակցութեան տեսանկիւնէ չենք մեկնաբանած երեւոյթը:
Միջին արեւելեան երկիրներու ապակայունացման պատճառով ներսփիւռքեան գաղթերը ինչո՞ւ դէպի երկիր վերադարձ չեղան, այլ եղան խուճապային փախուստ` ովկիանոսներէն անդին: Կրկին` ազգային գիտակցութեան տեսանկիւնէ չենք մեկնաբանած երեւոյթը:
Հայաստանի վերանկախացումէն ետք տեղի ունեցած եւ կանգ չառնող խուճապային արտագաղթը ինչպէ՞ս բացատրել` գերանցում կատարելով բարօրութեան ազդակներէն: Կրկին` ազգային գիտակցութեան տեսանկիւնէ չենք մեկնաբանած երեւոյթը:
Սփիւռք(ներ)ի դպրոցական տարիքի հայածնունդներու ո՞ր տոկոսը կը գտնուի հայկական վարժարաններու մէջ եւ ինչո՞ւ անոնք ափ կ՛առնեն հոն, ուր ազգ եւ մշակոյթ պիտի չժառանգեն, ո՞ր տրամաբանութեան եւ գաղափարախօսութեան կը հպատակին անոնց ծնողները, եւ ինչպէ՞ս զանոնք հոն հասցուցած ենք:
Մեր ժողովուրդին կրած ցեղասպանութեան եւ հայրենահանման ծանր հարուածը ներազգային իրապէս հաւաքական իտէալի ծնունդ չէ տուած: Փոքրամասնութիւններ կան, որոնք կը գործեն այն միամիտ հաւատքով, որ ազգի հաւաքական կամքը եւ երազները կ՛արտայայտեն: Տասը կամ քսան միլիոնի ո՞ր տոկոսը ինքզինք կը տեսնէ այդ հաւաքական կամքին եւ երազին մէջ: Այս հարցումը չենք ուղղած եւ չենք ուղղեր:
Ընդհանրացնելով, ո՞ր տոկոսը ՄԵ՛Ր ՀԱՄՐԱՆՔին իսկապէս կը գտնուի ազգային աւազանի մէջ, ի՞նչ կ՛ընենք հեռացած-հեռացող տոկոսին համար: Այս “ի՞նչ կ՛ընենք“ հարցումը կը վերաբերի ազգային գաղափարախօսութեան զանգուածային թափանցումին եւ իւրացման, որ տարբեր որակ է շաբաթավերջի աղմուկ-իրարանցումներէն:
ՇՂԹԱՅԻ ՕՂԱԿՆԵՐԸ
ԻՆՉՊԷ՞Ս ՉԱՆՋԱՏԵԼ
Կա՞յ այլընտրանքային ընթացք:
Կա՛յ:
Շարունակութիւն ըլլալու եւ մէկութիւն ստեղծելու հասարակ յայտարարը եւ ուժականութիւնը ո՞ւր կը գտնուին: Անոնք կը գտնուին ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԵԱՆ մէջ: Իսկ այս գիտակցութիւնը կարգախօսային թութակաբանութիւններէն եւ բարձրախօսային աղմկարարութենէն տարբեր որակ է: Այդ որակը պահել եւ աճեցնել վերականգնումի այլընտրանքային ընթացքն է:
Այդ որակը եթէ պահուած ըլլար, Հայաստան եւ այլուր, արտագաղթ տեղի չէր ունենար եւ տեղի կ՛ունենար զանգուածային հայրենադարձութիւն, ազատագրուած հայաշխարհի վերաբնակեցումը թափով կ՛ընթանար եւ կը յաջողէր:
Ժողովուրդներու պատմութիւնը միատեսակ չէ, ան չի կրկնուիր:
Ֆրանսական օրաթերթ “Լիպերասիոն“ իր 4 Ապրիլ 2013-ի համարով յատկանշական եւ ուսանելի վերլուծում մը կատարած էր գերմանաֆրանսական յարաբերութիւններու մասին: Գերմանաֆրանսական միացեալ հեռատեսիլի ընկերութեան, “Էյ. Ար. Թի. Ի.“-ի, իրականացուցած ճիգի մասին կը կարդանք. “Էյ. Ար. Թի. Ի.“ն ստեղծեց հասարակաց յիշողութիւն մը Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ միջեւ: Հարցը կը վերաբերի մեր հաւաքական ճակատագրին հնարման եւ մշակման: Յօդուածը միասնաբար ստորագրած են Էյ. Ար. Թի. նախագահը` Վերոնիք Քայլա եւ փոխ-նախագահը` Կոթֆրէյտ Լանկշթայն: Իրենք կը մէջբերեն մեծ իմաստասէր Էտմոնտ Հուսերլի լուսաւոր մէկ արտայայտութիւնը, որուն մասին կ՛արժէ, որ մենք մտածենք մեր հայկական կացութենէն մեկնելով: Կը կարդանք. “Եւրոպայի համար մեծագոյն վտանգը յոգնածութիւնն է “որպէս լաւ եւրոպացիներ…“: Եւրոպայի համար այսօր եւս ճիշդ է մտածումը: Բայց ի՞նչ կը թելադրէ ան մեզի, երբ փորձենք “եւրոպացիներ“ բառը փոխարինել “հայեր“ բառով:
Հայրենադարձութեան ձախողութիւնը եւ աղէտ-արտագաղթը ՅՈԳՆԱԾՈՒԹԵԱՄԲ չե՞ն բացատրուիր միթէ, որ աստիճանաբար կը գունաթափէ եւ կ՛անհետացնէ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԵԱՆ եւ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ մարդկային տարածքները` զանգուածները առաջնորդելով դէպի բան չնշանակող “ծագումով հայեր“ վիճակ, զոր ոմանք կը շեփորեն բարբանջելով:
Այլընտրանքը ղեկավարման յանդգնութեան ընտրանքի մակարդակին կը գտնուի:
Հրամայական պէտք է համարել, Հայաստան-սփիւռք(ներ), իրապէս միասնական եւ հաւաքական յիշողութիւն յառաջացնել իրաւ համագործակցութեամբ, ջնջելով պատուարները, օրինակ` լուծում մը գտնելով ԶՈՅԳ ՈՒՂՂԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ունենալու անհեթեթութեան: Այդ քայլ մը կ՛ըլլայ հաւաքական ճակատագրի նոր որակով դիմաւորման եւ հաւանօրէն կը նպաստէ հայրենադարձութեան:
Հայերէնի ուսուցման եւ գործածութեան իսկական ներդրումներով նոր որակ տալով` ազգային նկարագիրը եւ շաղախը կը զօրանան, քանի որ հասարակ յայտարար լեզուն աւելի կը միացնէ ազգի հատուածները: Այս նաեւ կը դառնայ ազգային մշակոյթի զարգացման ուժականութիւն, օրինակ` աճեցնելով գրականութիւնը եւ անոր անշրջանցելի նեցուկ հայախօս եւ ընթերցող զանգուածը: Մեր ներդրումները հասցէ պէտք է որ փոխեն, փոխած ըլլային: Կրկին յիշենք Օշականը, որ կը պատգամէր, թէ մագաղաթը աւելի կ՛ապրի քան մարմարը: Մանր փառասիրութիւնները պիտի չերաշխաւորեն մեր տոկալու եւ տեւելու հնարը, այլ` մշակոյթը: Այդպէս է պատմութեան պատգամը Վռամշապուհ արքայէն, Սահակ կաթողիկոսէն եւ Մեսրոպ Մաշտոցէն ի վեր: Քարերը յիշատակի կոթողներ կ՛ըլլան “ծագումով հայեր“-ուն համար, ինչպէս` գեղեցիկ դամբարանները, երբ ինքնութիւն եւ կեանք տուող աւիշը կը չորնայ: Այդ աւիշը հարազատ մշակոյթն է, սրահներ լեցնող խայտաբղէտ թեթեւսոլիկութիւններէ տարբեր որակ, որ ինքնութեան երաշխիք է:
Այդ մշակոյթը իսկական հարազատութեամբ քաղաքականութիւն է, որ կ՛իմաստաւորէ մեր բոլոր նախաձեռնութիւնները: Առանց անոր, ինչ որ քաղաքականութիւն կը կոչենք, կը վերածուի աթոռատենչութեան, շահախնդրութեան, աթոռամարտի եւ աքլորակռիւի, այդ ձեւով երկու կաթիլ ջուրի պէս կը նմանինք մեր շրջապատին` կարծելով, որ կը յաղթահարենք ցեղասպանութիւն-հայրենահանում զոյգին գործած աւերը:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՎԱՂՈՒԱՆ ՄԱՍԻՆ
Ապագան սեւեռելու եւ մեր լինելիութիւնը ճիշդ հունի վերադարձնելու համար նախաձեռնութիւններու եւ ներդրումներու հասցէները վերատեսութեան պէտք է ենթարկել, որպէսզի մաշում եւ տեղատուութիւն յաղթահարուին, որակի շուրջ խմբուի ազգի մեծամասնութիւնը:
Ֆրանսացիները կ՛ըսեն, որ` “Ցուլը պէտք է բռնել իր կոտոշներէն“ զայն զգետնելու համար:
Իրաւ եւ համազգային որակով միանալու եւ հզօրութիւն ունենալու համար նահանջի ցուլը կոտոշներէն բռնող ղեկավարութիւն կը փնտռուի, ինչպէս պիտի ըսէր պատարագիչը` “Ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի“:
Կը պատահի՞, որ մտածենք այն մասին, որ եթէ ներկայի ընթացիկը շարունակուի, ինչպէս պիտի հասնինք մեր դարու աւարտը Հարցում էր: