ՐՈՏ ԱՅԼԸՆՏԻ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԸ 10,000 ՏՈԼԱՐ ԿԸ ՏՐԱՄԱԴՐԷ Հ․Օ․Մ․-Ի ՎԻՐԱՒՈՐ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒ ՀԻՄՆԱՐԿԻՆ

0 0
Read Time:42 Second
Ձախէն աջ՝ Օժիկ Գրիգորեան, Յակոբ Տօնոյեան, Վերժինի Թուլումեան (վարիչ տնօրէն) եւ Նելլի Նարկիզեան

Րոտ Այլընտի Հայ Մշակութային Կեդրոնը, Մայիս 28-ի անկախութեան հարիւրամեակին առթիւ յատուկ ձեռնարկներու ընթացքին, կրցած է տաս հազար տոլար հաւաքել եւ տրամադրել Հ․Օ․Մ․-ի վիրաւոր զինուորներու հիմնարկին։
Մայիս 28-ին, հովանաւորութեամբ Փրովիտընսի Հ.Յ.Դ. «Քրիստափոր» Կոմիտէութեան եւ Ա.Մ.Ն. Րոտ Այլընտ նահանգի Հայ Մշակութային Հաստատութեան կազմակերպութեամբ, Սուրբ Պօղոս Պետրոս Կաթողիկէ Տաճարէն ներս, տեղի ունեցած էր աննախադէպ հանրային համերգ՝ նուիրուած Հայաստանի Ա․ Հանրապետութեան հարիւրամեակին։ Նախապէս, Մայիս 6-ին, Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Փրովիտենսի «Քրիստափոր» կոմիտէութիւնը նշած էր Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակը:
Շաբաթ, Օգոստոս 25-ին, Րոտ Այլընտի Հայ Մշակութային Կեդրոնի նախագահ՝ Յակոբ Տօնոյեան եւ Մայիս 28-ի անկախութեան հարիւրամեակի կազմակերչպող մարմնի ներկայացուցիչ՝ Լեւոն Աթթարեան այցելեցին Հ․Օ․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութեան գրասենեակ եւ յանձնեցին գումարը։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles