
ՆԻՒ ՃԸՐԶԻ.- «Թիւֆէնքեան» հիմնարկը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, Մայիս 10-ին կը տեղեկացնէ, թէ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ նոյն հիմնարկի գործունէութիւնը առաջ տանելու նպատակով, գործադիր վարիչ նշանակած է Րաֆֆի Տուտագլեանը, որ պիտի ստանձնէ նաեւ հիմնարկի հանրային յարաբերութեանց պատասխանատուութիւնը։
Լիբանան ծնած Տուտագլեան հայութեան առնչուող զանազան հաստատութիւններու մէջ աշխատած է Լիբանանի, Լոս Անճելըսի, Թորոնթոյի եւ Երեւանի մէջ, ուր դանիական բարեսիրական կազմակերպութեան մը Հայաստանի վարիչն էր։
Ան ներկայիս իբրեւ մասնաժամ պաշտօնեայ կ՛աշխատակցի «Թիւֆէնքեան» հիմնարկին, իսկ նոր պաշտօնը պիտի ստանձնէ Յուլիսին՝ փոխարինելով Անդրանիկ Գասպարեանը։