Րաֆֆի Յովհաննէսեան՝ Երեւանի Քաղաքապետի Թեկնածու

0 0
Read Time:29 Second

ԵՐԵՒԱՆ․- Օգոստոս 20-ի նիստին «Ժառանգութիւն» կուսակցութիւնը որոշած է Երեւանի աւագանիի` Սեպտեմբեր 23-ին նշանակուած արտահերթ ընտրութիւններուն քաղաքապետի թեկնածու առաջադրել կուսակցութեան հիմնադիր Րաֆֆի Յովհաննիսեանը: Ցուցակին մէջ պիտի ընդգրկուին կուսակցութեան ներկայ նախագահ եւ Ազգային Ժողովի նախկին պատգամաւոր Արմէն Մարտիրոսեանը, որ պիտի ղեկավարէ քարոզարշաւը, քաղաքացիական իրաւունքի պաշտպան Յովսէփ Խուրշուտեանը, ինչպէս նաեւ աւագանիի աւելի քան 50 թեկնածուներ` մասնագիտական, մտաւորական, կանանց եւ երիտասարդական շրջանակներու ու քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ:
Յուլիսի վերջը «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնի համար առաջադրած էր դերասան Հայկ Մարութեանի թեկնածութիւնը:

Իսկ արդարադատութեան նախարար Արտակ Զէյնալեան յայտատարեց, որ ինք պիտի գլխաւորէ «Լուսաւոր Հայաստան» եւ «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւններու դաշինքին ցուցակը։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles