
Սեպտեմբեր 30-ին Հայաստանի պետական կամերային նուագախումբը, ղեկավարութեամբ Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Պետրոս Քհն. Շիթիլեանի (Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, Ինտիըն Օրչըրտ – Մասաչուսէց), ելոյթ ունեցաւ Երեւանի Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան մէջ: Համերգը կազմակերպուած էր «Հայահաւաք» նախագիծի շրջանակին մէջ:
Նուագախումբը ներկայացուց Դանիէլ երաժիշտի հայկական ժողովրդական եւ հոգեւոր մեղեդիները՝ «Արուեստ եւ ժողովրդական պար», «Ուստի՞ կու գաս» եւ «Պետրոս Ղափանցի» մշակումները, Մոցարթի համանուագ թիւ 29-էն եւ Շոսթաքովիչի սենեկային համանուագէն հատուածներ ու Ս. Ասլամազեանի կտորներ՝ հայկական ժողովրդական երգերու թեմաներով (ըստ Կոմիտասի գրառումներուն):
Կամերային երաժշտութեան ազգային կեդրոնի (ԿԵԱԿ) «Հայահաւաք» նախագիծի ընթացքին Հայաստանի մէջ ելոյթ կ’ունենան հայազգի հանրայայտ արուեստագէտներ, որոնք անցեալին որոշ պատճառներով դեռ ելոյթ չեն ունեցած կամ աշխոյժ ստեղծագործական գործունէութիւն չեն ծաւալած հայրենիքէն ներս։
«Հայազգի խմբավարներ ու մենակատարներին ներկայացնելով ու նրանց ձայնն աւելի լսելի դարձնելով՝ ԿԵԱԿ-ը նպատակ ունի նոր թափ հաղորդել Հայաստանում մշակութային կեանքի զարգացմանն ու Հայաստան-սփիւռք մշակութային կապերի ամրապնդմանը», նշած է նախագծի համակարգող, ԿԵԱԿ-ի փոխ տնօրէն՝ Արմէն Սուքիասեանը։
Ծննդավայր Հալէպի մէջ նախնական ուսումը ստանալէ ետք, Շիթիլեան իր երաժշտական ուսումը շարունակած է Երեւանի Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանին մէջ՝ խմբավարի մասնագիտութեամբ. ապա, ան անցած է Սէնթ Փեթերզպուրկի երաժշտանոց ու յաւելեալ մասնագիտութիւն ստացած է։ Իր խմբավարութեան բնագաւառի ունեցած ձեռքբերումներու համար պարգեւատրուած է Ռուսաստանի մշակութային հիմնադրամի մետալով եւ պատուագրով։ Ան մասնակցած է շարք մը երաժշտական փառատօներու, ինչպէս Մոսկուայի Զատկի եւ Շուէտի Պորքհոլմսի միջազգային երաժշտական փառատօները:
Վերջերս Տ. Պետրոս Շիթիլեան մասնակցած է Սէնթ Փեթերզպուրկի «Փալաս» միջազգային երաժշտական փառատօնին, ուր ղեկավարած է Մոցարթի «Ռեքուիեմ»-ը եւ արժանացած քննադատներու բարձր գնահատականներուն։ Անցեալ Նոյեմբերին, ան ելոյթ ունեցաւ Լոնտոնի մէջ, ղեկավարելով տեղւոյն «Մոցարթ փլեյըրզ» նուագախումբը, տեղւոյն «Սեյնթ Ճան Սմիթ» սրահին մէջ. նուագախումբը ներկայացուց Մոցարթի, Մենտելսոնի եւ Պէթհովէնի գործերը։
Ռ.Ճ.