Տ. ԱՐ­ՏԱ­ՒԱԶԴ Ս. ԱՐՔ. ԹՐԹՌԵԱ­ՆԻ ՎԱԽ­ՃԱՆ­ՄԱՆ ՏԽՈՒՐ ԱՌԻ­ԹՈՎ.- ԴԺՈՒԱՐ ՕՐԵ­ՐՈՒ ՎԵՐ­ՋԻՆ ՄՈ­ՀԵ­ԿԱ­ՆԸ

0 0
Read Time:7 Minute, 51 Second

p14 new1  Ռո­տէ­նի գլուխ գոր­ծո­ցը մուր­ճի նրբա­գոյն մէկ հար­ուած եւս եթէ ստա­նար, հա­ւա­նա­բար դառ­նար մեր ժա­մա­նակ­նե­րու մտա­ծող ու չա­փա­ւոր կեան­քով ապ­րած Ար­տա­ւազդ սրբա­զա­նին քան­դա­կը: Մէ­կը, որ կա­րո­ղա­ցաւ իր մահ­կա­նա­ցու կեան­քը անօ­րի­նակ սրբու­թեամբ ու ժուժ­կա­լու­թեամբ, իսկ ան­տե­սա­նե­լին ու ան­դե­նա­կա­նը` շօ­շա­փե­լի զգա­ցո­ղու­թեամբ ապ­րիլ, աւար­տե­լով իրեն հա­մար սահ­ման­ուած տա­րի­նե­րու համ­րի­չին 82 հա­տիկ­նե­րու համ­րան­քը:

Այն ու­րիշ աշ­խար­հը, որուն մէջ ապ­րե­ցաւ Մտա­ծող Սրբա­զա­նը իր երկ­րա­ւոր օրե­րը, իմաս­տա­սի­րա­կան հա­յե­ցո­ղու­թեամբ գտնուած կեանքն էր, զոր ան ոչ միայն տե­սաւ հա­յելիի մէ­ջէն հե­ռա­ւոր կեան­քին իս­կու­թիւնը տես­նե­լու նման, այլ հա­յելի­էն տե­սած այդ կեան­քին յա­տուկ օրէնք­նե­րո՛վ ապ­րե­ցաւ, խո­րա­պէս հա­մոզ­ուած իր եօթ­նե­րորդ զգա­յա­րան­քին փո­խան­ցած ճշմար­տու­թեանց ստու­գու­թեան: Իտ­է­ալ կեանք, որուն կը ձգտի հաս­նիլ աստ­ուա­ծա­վախ ամէն մարդ, մա­նա­ւանդ իր վրայ հրա­ւի­րե­լու հա­մար Աս­տու­ծոյ ամե­նա­սուրբ հա­ճու­թիւնը:

Հա­կա­ռակ մեղմ ձայ­նին ու ման­րա­կազմ ար­տա­քի­նին, նկա­րագ­րով ու մարմ­նով ջղուտ մարդ էր Ար­տա­ւազդ սրբա­զա­նը, ժա­մա­ցու­ցա­յին ան­յետս­կո­չե­լի յա­ռա­ջըն­թա­ցով, շի­կա­ցած եր­կա­թին վրայ խի­զախ դար­բի­նի սե­ւեռ­ուած հայ­եաց­քով ու մուր­ճի նպա­տա­կաս­լաց ան­շեղ հար­ուա­ծով, եւ մա­նա­ւանդ փի­լի­սո­փա­յի չափ­ուած տրա­մա­բա­նու­թեամբ: Շնորհք­ներ` կեան­քին ու ան­կէ ծնող բո­լոր երե­ւոյթ­նե­րուն ուղ­ղամ­տու­թեամբ նա­յե­լու փոր­ձա­ռու­թե­նէն կա­թիլ առ կա­թիլ շահ­ուած:p14 new2

“Սա­րի զա­ւակ, քա­րի որ­դի“ սրբա­զա­նին նկա­րագ­րա­յին բնո­րո­շիչ սոյն յատ­կու­թիւն­նե­րը նա­եւ ծի­նա­յին փո­խանց­մամբ եկած էին իրեն, պատ­մա­կան Կի­լիկ­իոյ մէկ մաս­նի­կը նկա­տուող իր հայ­րե­նի գիւ­ղէն` Քե­սա­պէն, ուր ծնած ըլ­լա­լու եր­ջա­նիկ հպար­տու­թիւնը տար­բեր առիթ­նե­րով յա­ճախ կը յի­շեց­նէր: Գիւ­ղա­ցիու­թիւնը, որ իր մէջ կ՛ար­տա­յայտ­ուէր հաս­տա­տա­կա­մու­թեամբ, պատ­ճառ պի­տի դառ­նար, որ հայ եկե­ղեց­ւոյ ու մեր ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին բախ­տո­րոշ մէկ ժա­մա­նա­կա­հատ­ուա­ծին, ան կա­րե­նար իբ­րեւ պատ­նէշ կանգ­նիլ, պահ­պա­նե­լու հա­մար այն` ինչ որ դա­րե­րու ըն­թաց­քին շահ­ուած էր նախ­նի­նե­րու քրտին­քով, ար­ցուն­քով ու արիւ­նով:

Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ժա­մա­նա­կա­կից պատ­մու­թեան հե­րոս­նե­րէն մէկն էր Ար­տա­ւազդ սրբա­զա­նը, իր քա­ջու­թեամբ, հա­ւա­տար­մու­թեամբ, ծա­ռա­յա­սի­րու­թեամբ, Մի­ա­բա­նա­կան կեան­քի հնա­զան­դու­թեամբ, ան­զի­ջող ուղ­ղամ­տու­թեամբ եւ կռան­ուած կամ­քով: Ու ահա կը մեկ­նի այս աշ­խար­հէն Ան­թիլ­ի­ա­սի դժուար օրե­րու վեր­ջին մո­հի­կա­նը, իր սեն­եա­կի կա­մա­րա­կապ նեղ­լիկ պա­տու­հա­նէն հան­գիստ մտքով ու խղճով դի­տե­լով մի­ջերկ­րա­կա­նի խա­ղաղ ալիք­նե­րը եւ պայ­ծառ եր­կին­քին մա­քուր ա­պոյ­տը:

Ուս­ման ու բարձ­րա­գոյն կրթու­թեան կարճ տա­րի­նե­րէ, ու վար­չա­կան դարձ­եալ շատ հա­կիրճ բա­ցա­կա­յու­թե­նէ ետք, Ար­տա­ւազդ սրբա­զան մի՛շտ Մայ­րա­վան­քին մէջ եղաւ, տես­չա­կան, ու­սուց­չա­կան, ժո­ղո­վա­կան, մտա­ւո­րա­կան, վար­չա­կան ու Կա­թո­ղի­կո­սա­կան ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դի տար­բեր պաշ­տօն­նե­րով: Սա­կայն, “միշտ վան­քին մէջ“ եղած ըլ­լա­լը, իր պա­րա­գա­յին ստանձ­նած պաշ­տօն­նե­րուն չէր վե­րա­բե­րեր այն­քան, ինչ­քան բա­ռացի­օ­րէն մայ­րա­վան­քի պա­տե­րէն նե՛րս մնա­լուն, եւ աւե­լին` իր վա­նա­կան սեն­եա­կին մէ՛ջ ըլ­լա­լուն, գլու­խը հա­կած աշ­խա­տա­սե­ղա­նին վրայ բաց­ուած գիր­քին: Իսկ վեր­ջին շրջա­նին երբ տկա­րա­ցած էր իր տե­սո­ղու­թիւնը, լսո­ղու­թեամբ Աստ­ուա­ծա­շուն­չի “ըն­թեր­ցում“ կը կա­տա­րէր հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն, ձայ­նաս­կա­ւա­ռակ­նե­րու վրա­յէն ունկնդ­րե­լով Սուրբ Գիր­քե­րը: Տա­րի­նե­րու վրայ տա­րած­ուած նե­րամ­փոփ այս կեան­քը, զինք պի­տի վե­րա­ծէր իս­կա­կան վա­նա­կա­նի, եւ հա­կա­ռակ վար­չա­կան աշ­խա­տան­քի ու ըն­կե­րա­յին հա­ւա­քա­կա­նու­թեան մէջ ըլ­լա­լուն, ան պի­տի կա­րե­նար հե­տե­ւիլ ներ­հա­յե­ցո­ղա­կան ինք­նազս­պու­մի սրբաց­նող կեն­ցա­ղա­կեր­պին: Մի­եւ­նոյն ժա­մա­նակ, ան եր­բեք իր կա­պը չկտրեց բնու­թե­նէն: Հո­ղը, ծա­ռը, այ­գին ու անոր բեր­քը ան դար­ձուց իր կեան­քին մէկ ան­բա­ժան մա­սը, իբ­րեւ յու­շա­րա­րը իր ծննդա­վայ­րին:

Գի­տու­թիւն եւ կրօն հա­մադ­րու­թիւնը իր մտա­ծո­ղու­թեան մէջ, ճամ­բայ հար­թած էր զար­գա­ցու­մի անզս­պե­լի ըն­թաց­քի մը, որուն բար­ձուն­քը հա­սած էր մեծ մա­սամբ ըն­թեր­ցու­մով ու ինք­նա­զար­գա­ցու­մով: Գիտ­նա­կան այս եկե­ղե­ցա­կա­նին հիմ­նա­ւոր­ուած պա­տաս­խան­նե­րը եկե­ղեց­ւոյ պատ­մու­թեան, աստ­ուա­ծա­բա­նու­թեան, վար­չա­կան կա­ռոյ­ցին, կա­նո­նադ­րու­թեան, մեր մշա­կոյ­թի պատ­մու­թեան ու մա­տե­նագ­րու­թեան տար­բեր հար­ցե­րու մա­սին, միայն յար­գանք կը պար­տադ­րէ­ին իր խո­հուն ան­ձին ու նոր սե­րուն­դին օժան­դա­կե­լու իր պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան հան­դէպ:

Հայ եկե­ղեց­ւոյ թա­գու­հի լե­զուն` գրա­բա­րը, իր հին թէ նոր դա­րաշր­ջան­նե­րու լեզ­ուամ­տա­ծո­ղու­թեամբ, ան­հասկ­նա­լի բառ ու բան չու­նէր իրեն հա­մար: Ամէն օր Աստ­ուա­ծա­շուն­չը եւ Նա­րեկ աղօ­թա­մատ­եա­նը գրա­բար լե­զուով կը կար­դար: Առօր­եայ լե­զու էր իրեն հա­մար մեր մա­տե­նագ­րու­թեան ոս­կեղ­նի­կը: Ինք­նաշ­խա­տու­թեամբ ան կա­րո­ղա­ցեր էր նա­եւ տի­րա­պե­տել ֆրանս­ե­րէ­նին ու անգ­լե­րէ­նին, կը կար­դար նա­եւ լա­տի­նե­րէն ու գեր­մա­նե­րէն լե­զու­նե­րը եւ կը հասկ­նար Սուրբ Գրա­յին յու­նա­րէ­նը: Միշտ երախ­տա­գէտ յար­գան­քով կը յի­շէր իր ու­սու­ցիչ­նե­րը, որոնց շար­քին` յատ­կա­պէս Շա­հան Ռ. Պէր­պէր­եա­նը, որուն թո­ղած խոր ազ­դե­ցու­թիւնը մին­չեւ վերջ ալ զգա­լի եղաւ իր իւ­րա­քան­չիւր խօս­քին ու ար­տա­յայ­տու­թեան մէջ: Իր ու­սու­ցիչ­նե­րու օրի­նա­կով ու­սու­ցա­նեց ան եր­կար տա­րի­ներ Դպրե­վան­քէն ներս, ներ­կայ մեր Մի­ա­բա­նու­թեան գրե­թէ մե­ծա­մաս­նու­թեան ու­սու­ցի­չը դառ­նա­լով:

Գի­տե­լիք­նե­րու ու մարդ­կա­յին ար­ժա­նիք­նե­րու շտե­մա­րանն է որ կը բաժն­ուի այ­սօր մեր Մի­ա­բա­նու­թե­նէն, աղ­քա­տաց­նե­լով մեր շրջա­պա­տը հա­ւա­տաց­եալ, սրբա­կեն­ցաղ, պար­տա­ճա­նաչ, ծա­ռա­յա­սէր ու իր կեան­քով եւ նուի­րու­մով հե­րո­սա­ցած հո­գե­ւո­րա­կա­նի ներ­կա­յու­թե­նէն:

Ար­տա­ւազդ սրբա­զա­նի շի­րի­մին վրայ, հա­կա­ռակ իր կամ­քին, եթէ պէտք է գրել մի քա­նի տող, ատոնք կրնան ըլ­լալ դոյզն բա­ռերս, դող­դոջ գրի­չովս իր յի­շա­տա­կին ար­ձա­նագր­ուած.

 

Զար­գա­ցաւ, բայց` հե­զու­թեան շնորհ­քով,

Բարձ­րա­ցաւ, բայց` խո­նար­հու­թեան հոգի­ով,

Հե­րո­սա­ցաւ, բայց` աս­պե­տա­կան ոգի­ով:

 

ԳՐԻ­ԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃ­ԵԱՆ

Առաջ­նորդ Ատր­պա­տա­կա­նի

Հա­յոց Թե­մի

Յու­լիս 18, 2013, Թաւ­րիզ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles