ՏՕՆԵՐՈՒՆ ՏՕՆԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 57 Second

ff

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Այդ օր, Մա­յիս 28, 1918-ին հա­յու­թեան առ­ջեւ ստեղծուած էր ծանրակշիռ կացութիւն: Լուրջ էր հարցը: Այնքան մը լուրջ եւ ծանրակշիռ, որ ՀԱՅԱՍՏԱՆը կրնար բոլորովին ջնջուիլ քարտէսէն: Պարզումեկին, “լի­նել չլի­նե­լու“ կամ “մահ կամ ազա­տու­թեան“ …գո­յութեան մարտը` գոյա­մար­տն էր որ պիտի մղուէր:

Կը տօ­նենք մեր պատ­մու­թեան մե­ծա­գոյն դար­ձա­կէ­տին, “Խենթերու գտած հնար“ին, վե­րապ­րու­մի անժխ­տե­լի ու անձեռնմխելի խորհր­դա­նի­շ` Սար­դա­րա­պա­տի, Բաշ Ապա­րա­նի եւ Ղա­րա­քի­լի­սա­յի ռազ­մա­ճա­կատ­նե­րուն 95-ամեակը:

Սակայն տեղին է հարց տալ: Քաջատեղեակ ըլլալով հայորդիի անզուգական մաքառումին, հաւաքական նուիրումին եւ ան­յող­դողդ վճռա­կա­մու­թեան, արդե՞օք կարելի է դեռ համարել կապոյտ ու շողշողուն երկինքէն ինկած Մայիսեան հրաշք:

Պատմութեան էջերը ցոյց կու տան թէ կարճ էր այս ան­կա­խու­թեան տեւողութիւնը… հա­զիւ երեք տա­րի, սա­կայն եթէ պատ­մա­կան այս սխրան­քը իրա­գործ­ուած չըլ­լար, այ­սօր դա­տա­պարտ­ուած պի­տի ըլ­լա­յինք պատ­մու­թեան ան­ցած այլ եր­կիր­նե­րու ճա­կա­տա­գիր­նե­րուն նման եւ զրկուած պի­տի ըլ­լա­յինք մեր հայ­րե­նի­քէն:

Աւելին, այդ օրե­րուն Հա­յաս­տա­նի նո­րաս­տեղծ հան­րա­պե­տու­թիւնը ան­կախ պե­տու­թեան գո­յու­թեան կար­ճա­տեւ տա­րի­նե­րուն, շա­րու­նակ մնաց  պա­տե­րազ­մա­կան մթնո­լոր­տի մէջ, թէ՛ ներ­քին եւ թէ ար­տա­քին ու­ժե­րու դի­մաց եւ են­թարկ­ուե­ցաւ սահ­ման­նե­րու ըն­դար­ձակ­ման եւ ապա փոք­րաց­ման:

Իսկ ամէ­նա­կա­րե­ւո­րը` պահ­պա­նե­լու հա­մար հո­ղա­մա­սը եւ անոր գո­յու­թեան իմաս­տը, որ­պէս իր ժո­ղո­վուր­դին հայ­րե­նի­քը, օրին նո­րաս­տեղծ  հան­րա­պե­տու­թեան ղե­կա­վա­րու­թիւնը նոյ­նիսկ

չզլա­ցաւ տե­ղի տա­լու անոր ան­կա­խու­թիւնը… յետագային  քա­ղե­լու հա­մար ներ­կայ օրե­րու պտուղները` Արցախի ազատագրում եւ անշուշտ Սեպտեմբեր 21, 1991-ի վերանկախացում:

Պարզ է Մա­յիս 28-ի կտակն ու խոր­հուր­դը: Եռագոյն դրօ­շը դարձ­եալ պիտի բարձ­րա­նայ, ծածանի եւ հովին դիմաց, ինքն իր մէջ փաթթուելով ու ծածկուելով պիտի

վերանորոգէ ապագայ սերունդին յանձնառութիւնը, ուխտն ու հաւատքը:

Բազմիցս շեշտուած է եւ անգամ մը եւս տեղին է շեշտել թէ Մա­յիս 28ի հիմ­նա­կան ար­ժէ­քը կը կա­յա­նայ այն իրո­ղու­թեան վրայ որ ան­կա­խու­թիւն նուա­ճած, ապա զայն կորսն­ցու­ցած ու դարձ­եալ անոր վե­րա­տի­րա­ցած ժո­ղո­վուրդ մը իրա­ւունք չու­նի բա­ւա­կա­նա­ցած զգալ այն­քան ատեն, որ տա­կա­ւին իր ձգտում­նե­րուն գե­րա­գոյն ձգտու­մը եղող, իր գո­յու­թեան իմաս­տը հան­դի­սա­ցող Ազատ, Ան­կախ ու Մի­աց­եալ Հա­յաս­տա­նը տա­կա­ւին չէ իրա­կա­նա­ցած: Հետեւաբար միայն անհ­րա­ժեշտ չէ ազա­տու­թեան եւ ան­կա­խու­թեան նուա­ճու­մը, այլ նաեւ նոյն­քան կա­րե­ւոր է մնա­յուն ազա­տու­թեան եւ ան­կա­խու­թեան պահ­պա­նու­մը, զար­գա­ցու­մը, հզօ­րա­ցումը, ամ­րապն­դումը եւ յա­ւի­տե­նա­կա­նա­ցու­մը:

Տօ­նե­րուն տօնն է 95-ամեայ հրաշքին` Մա­յիս 28-ին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles