

Նիւ Եորքի Հայ Օգնութեան Միութեան Մայր մասնաճիւղը ամէն տարի այս Տօնական օրերու նախօրեակին կը կազմակերպէ ՏՕՆԱԿԱՆ Վաճառք: Այդ օր կը վաճառուին գեղեցիկ նուէրներ մատչելի գիներով եւ Հ.Օ.Մ.ուհիներու կողմէ պատրաստուած զանազան ճաշեր, խմորեղէններ, անուշեղէններ…եւայլն:
Այս տարի վերոյիշեալ վաճառքը, Հ.Օ.Մ.ի Մայր եւ Էրեբունի մասնաճիւղերը միասնաբար կատարեցին Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ սրահին մէջ: Կիրակի, Դեկտ. 13-ին եկեղեցին արձակուելէ շատ առաջ արդէն երկու մասնաճիւղերու ընկերուհիները սրահ կը գտնուէին, սեղաններուն վրայ նուէրներն ու զարդեղէնները կը դասաւորէին եւ ուտեստեղէններն ալ տուփիկներու մէջ կը տեղադրէին վաճառելու դիւրութեան համար: Այսպիսի ձեռնարկներ պարզապէս կþարտացոլան Հ.Օ.Մ.-մուհիի անսպառ զոհողութեան ոգին, անհատնում եռանդն ու նուիրումը, անսակարկ ու ինքնեկ աշխատանքը: Յատկութիւն մը որ կարծես այնքան բնական է եւ միայն ՀՕՄուհիին յատուկ:

Պատարագէն ետք, երբ ժողովուրդը եկեղեցիէն սրահ մտաւ, լաւ վաճառք ունեցանք, կոկիկ նիւթական հասոյթ մը ապահովելով Հ.Օ.Մ.ին: Չէ՞ որ միշտ այսպէս եղած է® Հ.Օ.Մ.ի մասնաճիւղեր, տարբեր տեսակի մեծ ու փոքր հասութաբեր ձեռնարկներ կը կազմակերպեն, կաթիլ կաթիլ կը հաւաքեն, բայց եւ հարկ եղած պարագային լիաբուռն կը յատկացնեն հոն՝ ուր որ կարիք ու պահանջ կայ: Դպրոց, եկեղեցի, ուսանողի կրթաթոշակ, Հայաստան ու Արցախ…եւայլն: Հ.Օ.Մ.ի ծրագիրները բազմաթիւ ու բազմատեսակ են:
Հ.Օ.Մ.ուհին հանգիստ ու դադար չունի, ան մարմնացած նուիրում ու զոհաբերում եղած է անցնող 100 տարուայ ընթացքին եւ կը շարունակէ այդպէս ալ մնալ:

Եւ… համեստաբար խոնարհելով ձեր անխոնջ աշխատանքին առջեւ, սիրելի° ընկերուհիներ, տօնական օրերու բարեմաղթանքներուս հետ ձեզ կ’ուղղեմ մեր ժողովուրդի այնքան պարզ ու հարազատ սրտի խօսքը:
“Վարձքերնիդ կատար”
Հ.Օ.Մ.-ուհի