ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ` ՆԻՒ ԵՈՐՔ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԼՈՒՍԱՒՈՐ ՊԱՀԵՐ

0 0
Read Time:3 Minute, 6 Second

BALIAN HOVNANIAN school2

Յ. Պալեան
Քուինզ, Նիւ Եորք

Աշխարհի եւ Ամերիկայի չորս կողմերէն հայ մարդիկ Նիւ Եորք կու գան, կը տպաւորուին երկնաքերերով, քաղաքանման վաճառականական կեդրոններով, Մէթրոփոլիթըն եւ Կուկընհայմ թանգարաններով, ըստ հետաքրքրութիւններու կ’առաջնորդուին իրենց քայլերը:
Նիւ Եորքաբնակներ եւ այցելուներ կը պատահի՞, որ մինչեւ կողքի քաղաքը՝ Նիւ Ճըրզի՝ երթան, տեսնելու համար որ հոն կայ արդիական հայկական վարժարան մը, հարիւր յիսուն եօթը աշակերտներով: Դասարաններ, սրահ, մարզադաշտ, գրադարան, համակարգչային աշխատասենեակ, գրախանութ: Հայախօս ուսուցիչներ, հայախօս խանդավառ եւ պատրաստուած տնօրէնուհի մը:
Ոչինչով պակաս ամերիկեան յարմարութիւններով օժտուած վարժարանէ մը: Վահագն Յովնանեանի նախաձեռնութեամբ եւ նեցուկով ստեղծուած այս վարժարանը յոյսի եւ լոյսի աղբիւր մըն է, նոյնիսկ եթէ շրջանի տեսական պահանջին բաղդատած խիստ անբաւարար: Հարիւր հազարներու տեսական թիւեր կը տրուին շրջանի հայութեան համար:
Հայ դպրոցով եւ հայեցի կրթութեամբ շահագրգռուած անձը, ինքզինք կը գտնէ հարցականներու առջեւ: Ինչպէս Ամերիկայի բոլոր մասնաւոր վարժարանները, այս մէկն ալ ծախսալից է, եւ պետական չըլլալով, դպրոցի հոգաբարձութեան եւ ծնողներու բեռը ծանր է: Ես ինծի հարց կու տամ, թէ ինչո՞ւ այդ բեռը պիտի չվերցնեն նաեւ հայ մարդիկ, որոնք նոյնիսկ երբ զաւակ չունին դպրոցին մէջ, հայկական բոլոր կազմակերպութիւնները, հոգալով մէկ, երկու եւ աւելի աշակերտներու ծախսերը, քանի որ սերունդներու հայեցի կրթութիւնը անհատներէն անդին պատասխանատուութիւնն է հայ համայնքին եւ ազգին:
Նկատի ունենալով, որ շրջանի հայերը ցրուած են, լաւ պիտի ըլլար, որ տարբեր վայրերու մէջ մանկապարտէզներ ստեղծուէին, եւ անոնց շրջանաւարտները փոխադրուէին Յովնանեան վարժարան, որպէսզի աճի նախակրթարանի եւ երկրորդականի աշակերտներու թիւը: Դիւրին է թաքնուիլ դժուարութիւններու պատի ետին: Բայց դժուարութիւնները երբեք անկարելիութիւն չեն եղած:
Եթէ…
Եթէ Յովնանեան վարժարանը ամէն տարի հայեցի կրթութիւն ստացած քառասուն շրջանաւարտներ տայ ազգին, տասը տարուան ընթացքին չորս հարիւր, Նիւ Եորքի հայ համայնքին դիմագիծը կը փոխուի, երէցներու սարսափ պատճառած «ճերմակ ջարդը», այսինքն մշակութային նահանջին առաջքը կ’առնուի, հայերէն թերթը եւ հայերէն գիրքը կը վերադառնան մեր տուները, նոյնիսկ համացանցը հայկական անցագիր կը ստանայ՝ հայատառ դառնալով:
Այս հարցերուն մասին մտածելու եւ ըստ այնմ գործելու համար, մեր բազմանուն եւ բազմագոյն միութիւններու վարչութիւնները եթէ երբեմն Յովնանեան վարժարանի գրադարանին մէջ գումարեն իրենց ժողովը, ժողով գումարեն նաեւ դպրոցի հոգաբարձութեան հետ, կը ստեղծուին պայմանները համագործակցութիւններու, հայ դպրոցի նեցուկի պատուանդանը կ’ընդլայնի:
Պզտիկ քայլերը երբեմն աւելի ապագայակերտ են քան թատե-րական ճառերը: Ազգին յաղթանակի օրը կ’ըլլայ, երբ 157 աշակերտները կը բազմապատկուին տասով, եւ կ’ըլլան 1570: Ի վերջոյ, ամէն իրականութիւն նախապէս երազ եղած է:
Այս վարժարանը յոյսի աղբիւր է եւ անոր լոյսը մենք պիտի տանք, անհատաբար եւ հաւաքական ու հեռանկարային պատասխանատութեան գիտակցութեամբ:
Նիւ Եորքը միայն երկնաքերերու եւ Ուոլ Սթրիթի քաղաքը չէ, տոլարի կայսրութիւն: Ան նաեւ մշակոյթի կեդրոն է, իր թատրոններով, նկարիչներով, երաժիշտներով: Ասկէ առաջ տեսած էի ամերիկեան թատրոնի բեմ բաձրացած հայ երիտասարդը՝ հայերու բացակայութեան:
Այս անգամ հռչակաւոր երաժշտական մեծ կեդրոնի մը փոքրիկ սրահին մէջ, Նիւ Եորքի սրտին վրայ, Հայաստան երաժշտական դպրոցներ աւարտած, Նիւ Եորքի մեծ երաժշտանոցներէն ուսումնական բարձրագոյն աստիճաններ ստացած հայ դաշնակահարուհի Կարինէ Պօղոսեան նուագեց եւ հմայեց: Չեմ գիտեր, թէ Նիւ Եորքի շրջանի հայերը տեղեա՞կ էին, բայց բացակայ էին: Չեմ գիտեր, թէ թերթերը անդրադարձա՞ն, բայց թղթակիցներ չկային:
Նիւ Եորքի մէջ բազմաթիւ են հայկական մշակութային միութիւնները, երգչախումբեր եւ պարախումբեր կան, երբեմն ալ թատերական ներկայացումներ: Ճիշդ է, որ այս մեծ ոստանի բնակիչները միշտ զբաղած կ’ըլլան: Հայ արուեստագիտուհիի նուագահանդէսին հազարաւորներու ներկայութիւնը ոչ ոք կ’ակնկալէ, բայց արժէքի անգիտացումը մտածելու կը մղէ այլ երեւոյթի մը մասին. միթէ՞ որակաւոր մշակոյթէն կը հեռանանք, բաւարարուելու համար խրախճանքային մշակոյթով:BALIAN POGHOSYAN

Կարինէ Պօղոսեան տաղանդաւոր դաշնակահարուհի: Շատ կը սիրենք տիտղոսներ յիշեցնել: Ստացած է բազմաթիւ մդցանակներ եւ «դոկտորական»: Եթէ գիտնանք ներկայ ըլլալ, զօրակցիլ, ան կրնայ միջազգային հրապարակ գալ: Եթէ նուագանդէսին սրահը յորդէր ար-ուեստասէրներով, անոնք մնացած ըլլային մուտքին, լրատուամիջոցները այլապէս պիտի գնահատէին երեւոյթը: Այդպէս է ժամանակակից ընկերութիւնը, գնահատումը, մասամբ նաեւ արուեստի քննադատներու չափանիշը:
Բարեբախտաբար Նիւ Եորք կային բեմադրիչ, թատերագիր եւ թարգմանիչ անխոնջ Հրանդ Մարգարեանը, իր տիկինը՝ Ժանէթը, եւ Համազգայինի վարչութեան ատեnապետուհի ծառայասէր Աստղիկ Սեւակը, որոնք մեզի առիթ տուին բաժնելու իրենց խանդավառութիւնները:
Նիւ Եորքի երկնաքերերու ետին եւ մէջ կայ բաբախող մշակոյթ:
Նաեւ՝ հայու երազ եւ մշակոյթ, դպրոցը եւ դաշնակահարուհին, որոնց քովէն պէտք չէ անցնիլ խուփ աչքերով եւ խցուած ականջով:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles