Տոքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի (1938-2020) Յիշատակին՝ Մահուան Առաջին Տարելիցին Առիթով

0 0
Read Time:3 Minute, 58 Second

 

«Երբեք չմոռնանք, որ մենք հայ ենք։ Մեզ իրար կը կապէ այն, որ նոյն ազգին կը պատկանին։ Մեր երակներուն մէջ հոսող արիւնը զատորոշող եւ իւրայատուկ է։ Շատ սուղ արժող սխալ կ՛ըլլայ զայն ներարկել նախանձով, թշնամութեամբ եւ հակառակութեամբ»։
Տոքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեան

Իրական բժիշկ մը չի բնորոշուիր իր մասնագիտութեան ընտրութեամբ, որովհետեւ զայն իսկապէս բնորոշողը յաւերժական խթանն է՝ օգնելու ուրիշները, յանձնառութիւնը՝ մարդոց հետ կարեկցանքով, սիրով եւ յարգանքով վերաբերելու։
Մայիս 27, 2021-ին տարելիցն էր տոքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեանին, որուն յիշատակը ոգեկոչուեցաւ ընտանեկան անմիջական պարագաներուն մասնակցութեամբ, Նիւ Եորքի Ս. Վարդանանց հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած յատուկ եկեղեցական արարողութեամբ՝ նախագահութեամբ Դանիէլ եպս. Ֆնտըգեանի եւ Անուշաւան արք. Դանիէլեանի։
Անոր մահուան առաջին տարելիցին առիթով տոքթ. Յովհաննէսեանի ընտանիքը ստանձնեց յանձնառութիւնը երկու ֆոնտերու, զորս իր կեանքին ընթացքին հիմնադրած էր բժիշկը, եւ որոնք նուիրուած են կարեւոր առաքելութիւններու։ Առաջինը 1986 թուականին հաստատուած, «Կղերականներու հոգեւոր բարձրագոյն կրթութեան հիմնադրամ»-ն է, Անթիլիասի Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հոգեւոր եղբայրներուն յատուկ։ Երկրորդը, 2020-ին՝ յետմահու, «Բժշկական կրթութիւն՝ Արցախի բժիշկներու եւ առողջական բնագաւառի մասնագէտներու» ֆոնտն է։
Տոքթ. Յովհաննէսեանի մահուան առաջին տարելիցին առիթով, անոր կողմէ 1986-ին հիմնադրուած առաջին առաքելութեան համար ընտանիքը յատկացուց 100,000 ամերիկեան տոլար՝ «Տոքթ. Ռաֆֆի Ա. եւ Վիքի Շողակ Յովհաննէսեան հիմնադրամ»-ի ֆոնտէն, որպէսզի անիկա տրամադրուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հոգեւորականներու բարձրագոյն կրթութեան։
Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Ա.Մ.Ն. արեւելեան թեմի բարեջան առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան ըսաւ. «Իր ամբողջ կեանքին, տոքթ. Յովհաննէսեան տեսլականը ունեցաւ իր ճիգերը կեդրոնացնելու հոգեւորականներու բարձրագոյն կրթութեան խթանման վրայ, որովհետեւ ան խորապէս կը հաւատար, թէ իր այս ջանքերը պիտի ամրապնդեն քարոզելու կարողականութիւնը եւ հոգեւորականներու պատրաստուածութիւնը՝ հաւատքը տարածելու ժողովուրդին մէջ եւ երիտասարդները ներգրաւելու եկեղեցական կեանքին մէջ»։
Մայիս 27, 2020-ին՝ անոր մահուան թուականէն ի վեր, «Տոքթ. Ռաֆֆի Ա. եւ Վիքի Շողակ Յովհաննէսեան հիմնադրամ»-ի ֆոնտին կողմէ կղերականներու բարձրագոյն կրթութեան համար, այս վերջին յատկացումով, այս նպատակով տրամադրուած ընդհանուր գումարը բարձրացաւ 220,000 ամերիկեան տոլարի՝ 2020-2021 թուականներուն։
Ասոր կողքին, 2011 թուականին տոքթ. Յովհաննէսեան նախաձեռնեց Երեւանի մէջ, իսկ աւելի ուշ Արցախի մէջ բժշկական կրթութեան ջամբումին՝ բժիշկներու եւ առողջապահական մարզին մէջ գործողներու։ Այս մէկը իրականացաւ, երբ ան Ամերիկահայ առողջապահական մասնագէտներու կազմակերպութեան անդամ էր՝ իր մտերիմ բարեկամ Նազար Նազարեանի հետ՝ Հայ օգնութեան ֆոնտէն Գառնիկ Նանկուլեանի ղեկավարութեամբ։ Սկիզբէն ի վեր Հայաստանի մէջ Հայ օգնութեան ֆոնտի բժշկական բոլոր ծրագիրները իրականացան տոքթ. Համբարձում Սիմոնեանի նուիրեալ ծառայութեամբ։
Յետ մահու, անոր ընտանիքը հիմնադրեց Հայ օգնութեան ֆոնտի «Տոքթ. Ռաֆֆի Ա. Յովհաննէսեան կրթական հիմնադրամ»-ը, որպէսզի անոր միջոցով շարունակուի բժիշկին տեսլականը Արցախի մէջ եւ իբրեւ անոր կողմէ ժառանգութիւն՝ Երեւանի եւ Արցախի մէջ բժշկական մասնագէտներու պատրաստութեան ընթացքը երաշխաւորուի։
Անոր մահուան առաջին տարելիցին առիթով, բժիշկին ընտանիքը 25,000 ամերիկեան տոլարի յատկացում կատարեց Հայ օգնութեան ֆոնտի «Տոքթ. Ռաֆֆի Ա. Յովհաննէսեան կրթական հիմնադրամ»-ին։ Ընտանիքին փափաքն է վառ պահել անոր առաքելութիւնն ու ներդրումը՝ Երեւանի եւ Արցախի մէջ շարունակելով այդ հոգեւոր եւ բժշկական վեհ առաքելութիւնը, զոր ան կ՛ուզէր երաշխաւորել ամէն պարագայի ալ, նոյնիսկ նախքան Սեպտեմբեր 2020-ի պատերազմը։
Աներկբայօրէն, տոքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեանին անունը պիտի յիշուի պատիւով՝ իր կենդանութեան օրով թէ մահէն ետք։ Իր կենդանութեան ան արժանացաւ բազմաթիւ մրցանակներու՝ աշխարհի տարբեր կառոյցներու կողմէ։ Ան երախտապարտ էր նման գնահատանքներու, յատկապէս շոյուած զգաց, երբ ինք ու իր կինը՝ Շողակը, արժանացան Ա․Մ․Ն․ պատուաւոր «էլիս Այլընտ» շքանշաններուն, զորս ստանձնեցին ամենայն խոնարհութեամբ։ Ռաֆֆին աշխատանքի մղելու աղբիւրը երբեք անուան տիրանալը չեղաւ, այլ ան ի մտի ունեցաւ իր կեանքը լեցնել ուրախութեամբ եւ գոհունակութեամբ, ինքնին աշխատանքով՝ նպատակադրելով դրական փոփոխութիւն մը տեսնել ուրիշներուն մօտ, յատկապէս՝ իր ժողովուրդին։
Զարմանալի չէ, որ՝ իբրեւ բժիշկ, տոքթ. Յովհաննէսեան միշտ հետամուտ եղաւ իր հայրենակիցներուն առողջութեան եւ բարեկեցութեան ապահովման։ Արդարեւ, Քրիս Զաքեանին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ան ըսաւ. «Երբեք չմոռնանք, որ մենք հայ ենք։ Մեզ իրար կը կապէ այն, որ նոյն ազգին կը պատկանին։ Մեր երակներուն մէջ հոսող արիւնը զատորոշող եւ իւրայատուկ է։ Շատ սուղ արժող սխալ կ՛ըլլայ զայն ներարկել նախանձով, թշնամութեամբ եւ հակառակութեամբ»։
Անոր մահէն տարի մը ետք տոքթ. Ռաֆֆիին խօսքերը եւ կեանքին օրինակը աւելի քան երբեք այժմէական դարձան, որովհետեւ ամբողջ հայութիւնը կը փնտռէ իմաստուն խորհուրդներու ձայնը՝ միաւորուելու, ոգիով բարձրանալու եւ իր ձգտումները ուղղելու դէպի իսկապէս արդիւնաւէտ նպատակներ. նպատակներ, որոնք ամբողջ ժողովուրդը կը բարձրացնեն ու կ՛ազնուացնեն, եւ որոնք կարեւոր են մեր ընդհանուր ժառանգութեան։
Տոքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի յիշատակին կատարուած հոգեհանգստեան արարողութեան ընթացքին Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ՝ Դանիէլ եպիսկոպոս Ֆնտըգեան՝ խօսքը ուղղելով ընտանեկան պարագաներուն, ըսաւ. «Խոր ցաւ է, որ նման ժամանակներու Ռաֆֆին անձամբ այլեւս մեզի հետ չէ, որպէսզի անկեղծօրէն խօսէր (ինչպէս միշտ ըրաւ) մեր ներկային մասին, եւ օգնէր, դիմագրաւելու մեր դիմաց ցցուած մարտահրաւէրները՝ իբրեւ աշխարհական անձ մը»։ Սրբազանը դիտել տուաւ, որ Ռաֆֆիին հեղինակութիւնը՝ այս նիւթերուն մասին խօսելու, կը բխի անոր խոհեմութենէն, խոնարհութենէն եւ եկեղեցւոյ հանդէպ ունեցած սէրէն։
Այնուամենայնիւ, անոր ձգած ժառանգը ինքնին առաջնորդող ձայն է, անոր կեանքը օրինակ է հայրենասիրութեան, կարեկցանքի եւ քրիստոնէական սկզբունքներուն կառչածութեան։ Բժիշկին մտածուած դեղագիրը՝ բուժելու այն տառապանքները, որոնց դէմ մենք կը պայքարինք այսօր։
Թող անոր ժառանգութիւնը առաջնորդող լոյս ըլլայ երիտասարդ սերունդներուն համար։
Թող հանգչի խաղաղութեամբ։

Սեպտեմբեր 2019-ին Արցախի առողջապահութեան նախարարը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց տոքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեանին՝ Արցախի բժշկական մարզի բարելաւման ի խնդիր անոր ունեցած հեռանկարային յանձնառութեան համար։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles